ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷՆ ՏՈԼԱՐԻ ”ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄ”ԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷՆ ՏՈԼԱՐԻ ”ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄ”ԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

ԶԱՒԷՆ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ

Լիբանանեան դրամատուները հետզհետէ կը նուազեցնեն իրենց յաճախորդներուն տոլար փոխանցելու գումարները, որուն հետեւանքով տոլարին գինն ալ կը բարձրանայ եւ 2500 լիբ. ոսկիի սահմաններուն կը վաճառուի։ Այս երեւոյթը փոփոխութեան կ’ենթարկէ լիբանանցի քաղաքացիին ապրելաձեւը, եւ արդէն իսկ նոր կարգավիճակին հետ վարժուելու փորձեր կը կատարուին։ Լիբանանցի քաղաքացիին առաջնահերթութիւնները նախկինէն կը տարբերին։ Ներկայ վիճակին մէջ բոլոր լիբանանցիներուն գնողական կարողութիւնը առնուազն 40% նուազած է եւ տոլարի այժմու գիներով իր թոշակին արժէքը նուազած է կէսի։ Այս պայմաններուն տակ, լիբանանցին կը գնէ ինչ որ իրեն կը բաւարարէ, պայմանով որ ամէնէն աժանը ըլլայ, առանց փնտռելու որակի յատկանիշները։ Այսուհետեւ, Լիբանանի շուկային վրայ ա՛լ աւելի սպառողական պիտի դառնան արտադրութիւններ, որոնք նախապէս անորակ կը նկատուէին։

Հակառակ որակի քայքայումին, այս ապրանքներուն գիները եւս կը բարձրանան, որովհետեւ բաղդատած նախկին որակաւոր արտադրութիւններու արժէքի բարձրացման, կը մնան մատչելի։ Միջին որակ ունեցող զոյգ մը կօշիկը, ներկայիս կ’արժէ 200 հազար լիբանանեան ոսկի, մինչ անորակը կը վաճառուի 75 հազարի եւ ասիկա է որ պարտադրաբար կը փնտռէ քաղաքացին, որովհետեւ իր նիւթական պայմանները աւելին չեն ներեր։ Աւելի դժուարը, ուտեստեղէնի եւ ամէնօրեայ պէտքերու արտադրութիւններուն գիներն են. ընտանիքի տէրերը supermarket-ներու մէջ կը շուարին ինչ գնել։

Դժբախտաբար, գիները օրէ-օր կը բարձրանան եւ լիբանանցի սպառողին կը հրամցուին ապրանքներ, որոնց գործածութեան սպառման ժամկէտերը արդէն մօտ են աւարտելու։ Վաճառականները կ’առարկեն թէ այս արտադրութիւնները միայն կը տրամադրուին իրենց, իսկ գիներու բարձրացումը կ’արդարացնեն տոլարի գինի բարձրացումով։ Այս ընթացքով, մտահոգիչ է որ կացութիւնը աւելի պիտի վատթարանայ թէ՛ սղութեան եւ թէ՛ որակի ու առողջապահութեան նուազագոյն պարտաւորութիւններու տեսակէտէն։ Տոլարի վերացումէն ետք, Լիբանանի մէջ ապրելակերպը եւ քաղաքացիին մտայնութիւնները չեն կրնար նախկին սովորութիւնները պահել։ Անցնող 35 տարիներուն, լիբանանցիները վարժուեցան տոլար ծախսել։ 1985-ին, երբ լիբանանեան դրամը իր արժէքը կորսնցուց տոլարին դիմաց, լիբանանցին նախընտրեց իր եկամուտը, սպառումը եւ խնայողութիւնը կապել կա՛մ կանխիկ տոլարին, կա՛մ տոլարի 1500 լիբանանեան ոսկիի կայուն արժէքին։ Իսկ այսօր, այլեւս տոլարը հազուագիւտ է լիբանանեան շուկային վրայ եւ լիբանանցիները այսուհետեւ ստիպուած են միայն լիբանանեան դրամին ապաւինիլ։ Այս կացութիւնը նախատեսելի էր, մէկդի դրած փտածութեան, գողութիւններուն կամ կաշառակերութիւն- ներու հարցերը։ Արդարեւ, օտար դրամի մուտքը եւ ելքը ամբողջովին անհաւասարակշիռ էր ներածումներու եւ արտածումներու հսկայ տարբերութեան եւ տոլարի չափազանց օգտագործումին պատճառով։

Ցաւոք սրտի, պատասխանատուներ անտարբեր վարուեցան այս կացութեան դիմաց, եւ կամ դիտումնաւոր քօղարկեցին իրականութիւնները հանրութեան դիմաց։ Հետեւանքը սուղ վճարեց քաղաքացին, վնաս կրելով իր ապրուստին եւ ապագային հաշուոյն։ Այսուհետեւ, որովհետեւ բաւարար տոլար չկայ հրապարակին վրայ, վաճառականը սուղ պիտի գնէ տոլարը, որպէսզի ապրանք ներմուծէ, իսկ տոլարով խնայողը եւս պիտի տուժէ եւ վնասէ իր տարիներու խնայողութեան, նոյնիսկ եթէ համոզուած էր որ տոլարով գումար պահելը կ’ապահովէ իր դրամին արժէքը, սակայն այժմու կացութեան հետեւանքով իր ենթադրութիւնը սխալ դուրս եկաւ, որովհետեւ դրամատուները իր խնայողութեան արժէքը 1500-ով կը հաշուեն, մինչ գետնի վրայ իսկական արժէքը 2500 լիբ. ոսկի է, սակայն այս մէկը չի կրնար ձեռք ձգել դրամատունէն։ Այսինքն եթէ 1000 տոլարի փոխարժէքը դրամատունէն 1,5 միլիոն լիբանանեան ոսկի է, որ օրուան դրութեամբ կ’արժէ 600 տոլար։ Արդէն իր ունեցած գումարի արժէքէն կորսնցուց 400 տոլար կամ 40%:

Շուկայի վրայ, տոլարին գինը կը ճշդուի պահանջքին համաձայն, եւ օրուան պայմանները ցոյց կու տան, որ վաճառականները կարիքը պիտի ունենան տոլարի՝ իրենց ներածումները վճարելու համար, հետեւաբար՝ տոլարը պիտի վաճառուի բարձր սակով։ Կացութիւնը փրկելու համար անհրաժեշտ է տեղական արտադրութիւնը զօրացնել, արտածումները աւելցնել, զբօսաշրջութենէն յաւելեալ եկամուտ ապահովել եւ այլն…։ Ի վերջոյ, լիբանանցիին «գողգոթա»ն ծանր է եւ լուրջ աշխատանքի կարիքը կայ, դուրս գալու համար այս անելէն։