Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 28 Հոկտեմբեր 2019 թուակիր հրամանագրով, Վատիկանի հռչակաւոր «Գաղտնի Արխիւները» այսուհետեւ պիտի կոչուին «Առաքելական Արխիւներ»։
Պապական հրամանագրին մէջ ըսուած է, որ ԺԷ. դարուն ստեղծուած եւ ծանօթ որպէս Վատիկանի գաղտնի Արխիւները անուամբ, «իրենց ինքնութեան, իրենց կառոյցին եւ իրենց առաքելութեան զարգացման բերումով այսուհետեւ պիտի կոչուին Վատիկանի Առաքելական Արխիւներ»։
Իր հրամանագրին մէջ, Պապը պատմականը կ’ընէ այս արխիւներուն, որոնք «գաղտնի» կոչուեցան լատիներէնով ԺԷ. դարու կէսերուն։ Անոնք ծնունդ առին այսպէս կոչուած «գաղտնի Մատենադարան»էն, ինչ որ կը նշանակէր որ հոն գտնուող գիրքերն ու փաստաթուղթերը Պապի ուղղակի հսկողութեան տակ կը գտնուին։ Անոնք նախ անուանուեցան Archivum novum, ապա Archivum Apostolicum եւ վերջապէս 1646-ին՝ Archivum Secretum.
Ֆրանչիսկոս Պապը կը նշէ որ անոնք «գաղտնի» որակուեցան, որովհետեւ Պօղոս Ե. Պապը զանոնք կը նկատէր իր «անձնական» արխիւները եւ այդ տարիներուն «գաղտնի» բառը տարբեր բացատրութիւն ունէր, մինչ հիմա «գաղտնի» բառը տարբեր նշանակութիւն ունի, կը նշանակէ պահուած բան մը կամ միայն մէկուն վերապահուած բան մը, ինչ որ բացասական իմաստ կը ստանայ։ Մինչդեռ, կ’ըսէ Պապը, մինչեւ օրս ունեցած իր նշանակութեան բոլորովին հակառակն է, որովհետեւ, ինչպէս կ’ըսէր Պօղոս Բ., Վատիկանի Արխիւները կը պահպանեն պատմութեան մէջ Տիրոջ անցքին արձագանգները եւ հետքերը եւ Եկեղեցին երբեք չի վախնար պատմութենէն, ընդհակառակը կը սիրէ զայն։
Վատիկանի Արխիւներուն մէջ պահպանուած առաջին ձեռագիրները Գրիգոր Զ. (1073_1085) շրջանէն են։ Այսօր այս հաստատութիւնը նոր նիւթեր կը ստանայ աշխարհի բոլոր կողմերէն։ Իսկ 2020-ի Մարտէն սկսեալ մինչեւ Պիոս ԺԲ.ի շրջանի արխիւները տրամադրելի պիտի ըլլան։