«TIME» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ Կ’ՈՐԱԿԷ «ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ՎԱԳՐ»

«TIME» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ Կ’ՈՐԱԿԷ «ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ՎԱԳՐ»

Ամերիկեան «The Time Magazine»-ը ներկայացուցած է Հայաստանի 2019 թուականի տնտեսական կատարողականը: 2019-ի իր վերջին համարով, « Time» հրապարակած է երկարաշունչ յօդուած մը Հայաստանի մասին ՝ երկիրը անուանելով «Կովկասեան Վագր»՝ նկատի առնելով թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները և տնտեսական աճի թափը:

 

Միայն 18 ամիս առաջ էր, երբ հակա-կառավարական ցոյցեր շարժման մղեցին Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը։ Ատենին, միջազգային շատ քիչ դիտորդներ կը համարձակէին հաւատալու որ Կովկասեան լեռնաշղթայի մէջ գտնուող այս պաշարուած երկիրը այսքան պիտի կրնար յառաջդիմել, կամ իր ապագան այսքան խոստմնալից պիտի թուէր։

Աւելին, անցեալ Օգոստոսին, Moody’s բարձրացուց Հայաստանի վարկանիշը B1-էն Ba3, այն հիմնաւորումով որ անոր «տնտեսական աճի շարժիչները» դարձած են աւելի ու աւելի այլազան, եւ ցնցիչ աստիճանի ամրապնդած են տնտեսութեան ճկունութիւնը։ Իր կանխատեսման լոյսին տակ, որ ՀՆԱ-ն (Համախառն ներքին արդիւնքը (անգլ.՝ Gross Domestic Product (GDP)) կ’աճի 4.6%-ով ընթացիկ տարուան ընթացքին, Միջազգային Արժութային հիմնադրամը (IMF – International Monetary Fund) Հայաստանին տրամադրած է 248 միլիոն տոլարի վարկային դիւրութիւններու միջոցառում։

Մեծապէս խօսուն է ինքնավստահութեան այն մակարդակը, զոր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ունի իր հայրենիքին նկատմամբ, երբ ողջունելով հանդերձ IMF-ի ժեստը, ան վստահութիւն յայտնեց որ չի նախատեսեր որեւէ վարկի պահանջարկ մօտիկ ապագային։ Եւ ասիկա՝ ան կատարեց իսկապէս արդարանալի դրդապատճառներով, նկատի առած որ Հայաստանի տնտեսութիւնը աճ կ’արձանագրէ տարեկան դրութեամբ 7%, որ հաւասարազօր է IMF-ի գնահատականի գրեթէ կրկնակի չափանիշին։ Արդիւնաբերութիւնը, շինարարութիւնը եւ ծառայութիւնները մեծապէս յառաջ կը մղեն տնտեսական այս ընդարձակումը։ Սակայն Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան ոլորտը, որ անցեալ երկու տասնամեակներուն կ’աճէր Համախառն տարեկան աճի թափի (CAGR- Compound Annual Growth Rate) 20% չափանիշով, նոյնպէս կը նպաստէ տնտեսութեան առողջութեան։ Աճին նպաստող գործօն մըն է նաեւ զբօսաշրջութիւնը, որ կ’աճի տարեկան 12%-ով, կը նշէ Արամ Գայֆաճեան, Armenbroke ներդրումային ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը։

Հայաստանի տնտեսութեան այլազանութիւնը շատ լաւ է եւ իսկապէս ճիշդ ուղիի վրայ։ Շնորհիւ այս շարժունակութեան, Հայաստան վաստկեցաւ «Կովկասեան վագր» անուանումը։ Արտերկրային ուղղակի ներդրումներու տարեկան մակարդակը այժմ կ’ընթանայ 250 միլիոն տոլարի հասնող գումարով, որուն մեծամասնութիւնը կու գայ Ռուսաստանէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն եւ Գերմանիայէն։ Այս դրամագլուխի ներհոսքէն օգտուող գլխաւոր ոլորտներն են ուժանիւթայինը, հեռահաղորդակցութիւնը, մետաղագործութիւնը, բարձր արհեստագիտութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը։

Միաժամանակ, շնորհիւ երկրի դրամատնային կայուն ոլորտին, հարկային և կարգաւորող աւելի բարենպաստ միջավայրին, ինչպէս նաեւ տնտեսական ազատ գօտիներու առաջադրումին, Հայաստան արժանացած է միջազգային ներդրումային ընդարձակ հասարակութեան ուշադրութեան։ Հայաստան նաեւ գրաւած է 41-րդ դիրքը Համաշխարհային դրամատան վերջին «Գործառոյթ Կատարելու» տեղեկագրին մէջ եւ դասակարգուած է որպէս առաջինը՝ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (ԱՊՀ) 9 երկիրներու շարքէն, նկատի առած անոր գրաւչութիւնը օտար ներդրողներուն մօտ։ Հետեւաբար՝ IMF-ի վարկային դիւրութիւնները կրնան հանդիսանալ իսկապէս աւելորդ։

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՄԷՆԷՆ ԱՆՎՏԱՆԳ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Հայաստան յայտնուած է ամենաանվտանգ երկիրներու տասնեակին մէջ` գրաւելով 7-րդ տեղը:

Gallup-ը հրապարակած է «Համաշխարհային օրէնք եւ կարգ» 2019 թուականի զեկոյցը, ուր կը ներկայացուին, թէ տարուան ընթացքին որ երկիրները ինչ յառաջընթաց արձանագրած են` համապատասխանելու ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման նպատակին` ունենալով «արդար, խաղաղ եւ ներառական հասարակութիւններ»:

Զեկոյցին մէջ Հայաստան յայտնուած է ամենաանվտանգ երկիրներու տասնեակին մէջ` գրաւելով 7-րդ տեղը: Այն հարցումին,  թէ Հայաստանի մէջ իրենք իրենց անվտանգ կը զգա՞ն, այո պատասխանած է 89 տոկոսը:

Ամէնէն անվտանգ երկիրներու առաջին երեք երկիրներն են Սինկափուրը, Նորվեգիան ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: 2018-ին աֆղանցիներուն ընդամէնը 13%  ըսած է, որ իրենք իրենց ապահով կը զգան, այդպիսով այդ երկիրը կը գրաւէ ցանկին վերջին տեղը: Աղիւսակի նախավերջին եռեակին մէջ են Աֆղանիստանը, Վենեզուելան ու Հարաւային Ափրիկէն:

 

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՏԱՍՆԵԱԿԸ ԿԸ ԳԼԽԱՒՈՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Ֆրանսական «Evaneos» զբօսաշրջիկային գործակալութիւնը ներկայացուցած է 2020 թուականի զբօսաշրջիկային լաւագոյն ուղղութիւնները, որոնց շարքին Հայաստան առաջին դիրքի վրայ: rtbf.be կայքի փոխանցմամբ, այն ժամանակ, երբ շատեր կը վայելեն 2019 թուականի վերջին հանգիստի հնարաւորութիւնը` կապուած սուրբ ծննդեան տօներու հետ, «Evaneos» զբօսաշրջիկային ընկերութիւնը հրապարակեց 2020 թուականի այն ուղղութիւններու ցանկը, ուր պէտք է այցելել: Ըստ այդ ցանկի, որ առաջարկած է The Daily of Tourism-ը, Հայաստանը լաւագոյն տասնեակի առաջին դիրքին վրայ է։

«Երկիր, ուրկէ կը սերին Շառլ Ազնաւուրի արմատները, ունի բաւարար հնարաւորութիւններ գրաւելու ամենատարբեր զբօսաշրջիկները: Ինչպէս անոնց, որոնք կը նախընտրեն գեղեցիկ եկեղեցիները, այնպէս ալ այն ճամբորդները, որոնք կը փնտռեն բաց հորիզոններ: 2020 թուականը կ’ըլլայ քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկներու բացայայտում»,- նշած է կայքը:

Առաջարկուող ուղղութիւններու ցանկին վրայ են Ուզբեքիստանը, Յորդանանը, Չիլին, Ուկանտան, Մատակասկարը, Եթովպիան, Ֆիլիփինները, Նոր Զելանտան։