ԽԱՉՔԱՐԸ՝ ԱՌՀԱՒԱՏՉԵԱՅ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ

ԽԱՉՔԱՐԸ՝ ԱՌՀԱՒԱՏՉԵԱՅ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

† «Եկեղեցին Հայկական» †

Հայ քանդակագործութեան արուեստի իւրայատուկ ու համապարփակ մէկ պատկերումն է խաչքարը։

Սակաւաթիւ են անոր պատմութեան ու հոլովոյթին առնչուող մեզ հասած տեղեկութիւնները։

Այսուհանդերձ, կարելի է կռահել, թէ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին, արդէն, ան ծաղկեալ վիճակի մէջ էր, ի տես հայկական լեռնաշխարհին բազմատեսակ շինաքարերուն ընձեռած կարելիութիւններուն. այսպէս՝ սեւակուճը, այսինքն երկաթաքարը (basalte), որձաքարը (granite), մարմարը, ինչպէս նաեւ այլազան գոյներով, տեսակներով այլ քարեր, փայտեր ու մետաղներ, առանց անտեսելու արծաթն ու ոսկին։

Արդարեւ, ահա՛ թէ ի՛նչ ըսած է Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայոց Տրդատ Գ. Թագաւորին. «Ի բա՛ց թողէք, այսուհետեւ, զպղծութեան պաշտամունսդ՝ զքարեղէն, զարծաթեղէն եւ զոսկեղէն պղնձաձոյլ պատկերացդ, զի սուտ են եւ սնոտի» (Ագաթանգեղոս, Պատմութիւն Հայոց)։

Մինչեւ 7-րդ դար ու նախքան խաչքարերու յայտնութիւնը, տիրող քանդակները քառակող կոթողներ էին։

Շահեկան է յիշել Մովսէս Խորենացիի վկայութիւնը, որ ակնարկելով Արտաշէս Ա. Թագաւորի շինարարական ասպարէզին՝ կը մատնանշէ. «Եւ նշանս սահմանացն հաստատեաց այսպէս. հրաման տալով քարինս կոփել չորեքկուսի եւ պնակաձեւ փոսել զմէջսն՝ ծածկելով յերկրի, եւ չորեքկուսիս ի վերայ յարուցանել ամբարտակս, սակաւ ինչ բարձրագոյն յերկրէ» (Մ. Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց)։

Ստուգաբանական գետնի վրայ, խաչքար կը նշանակէ վրան խաչ քանդակուած քար, որ կը զետեղուէր ուխտատեղիներու եւ կամ ականաւոր մարդոց գերեզմաններուն վրայ։

Այս ուղղութեամբ, երեւելի գիտնականներ կատարած են որոշ ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս՝ Գարեգին արք. Յովսէփեան, Թորոս Թորամանեան, Բաբգէն Առաքելեան, Մանուկ Աբեղեան։ Այս վերջինին վարկածն է, թէ խաչքարերն ու խաչերը կը կանգնեցնէին վանքերու մօտ եւ գիւղերու մուտքին, եւ կամ բլուրներու վրայ, որպէսզի բնութեան ուժերն ու երեւոյթները՝ կարկուտը, ձիւնը եւ կամ երաշտը, պատկառէին խաչէն եւ վնաս չհասցնէին արտերու բերքին։

13-րդ ու 14-րդ դարերու ընթացքին, խաչքարերու պատմութիւնը կը նուաճէ ծաղկումի բարձր ոլորտներ, նամանաւանդ զարդարուեստի մարզին մէջ, հակառակ մոնկոլական արշաւանքներուն, որոնք քարուքանդ ըրած էին Հայաստանը։

Սոյն զարմանալի իրողութիւնը կարելի է բացատրել շնորհիւ Սիւնեաց աշխարհի իշխաններուն հանդէպ՝ մոնկոլ հրոսակապետերուն ցուցաբերած առանձնաշնորհեալ վերաբերումին։

Ճիշդ այս ժամանակաշրջանին է որ կը կառուցուին Ամաղուի Նորավանքը, Արենի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Գանձասարի վանքն ու այլ կոթողներ, որոնք հիասքանչ ցոլքերն են հայ քանդակագործութեան արուեստին։

Անյիշատակ օր մը, անանուն հայ ձեռքեր քանդակեցին առաջին խաչքարը։

Դարեր անցած են այդ օրուընէ։

Գերեզմաններու տապանաքարերէն անդին, ան գերազանց իմաստաւորում մը զգեցած է այսօր, հաւաստելով հայ բանաստեղծ Վարդգէս Բաբայեանի սոյն անզուգական տողերը.

«Ես՝ Խոր Վիրապի ժայռերից քարէ,

Հայեացքս նորից Մասիսին եմ գցում,

Մեր մէջ մի գետ է միայն երկարել,

Որ կեանքն ու մահն է սահմանագծում»։

Եւ այդ ժայռերէն փայլատակող «Առաքելահիմն ու Լուսաւորչասնունդ» հաւատքն է, որ դարձաւ օր մը խաչքար հաւատքի. դարձաւ հայ ժողովուրդի նուաճումը մահուան, տենչը՝ յաւերժութեան։