ԱՌԱՆՑ ՍԻՐՈՅ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՉԿԱ՛Յ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

ԱՌԱՆՑ ՍԻՐՈՅ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՉԿԱ՛Յ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Ս.Ն.

………..

Իբրեւ իր տարածութեամբ աշխարհի յարաբերաբար փոքր երկիրներէն մէկը՝ Լիբանան այսօր կը գտնուի զինք բաղկացնող 18 համայնքներուն միջեւ եղբայրական համակեցութեան եւ համագործակցութեան օրինակը ըլլալու իր համբաւը վերահաստատելու եւ արդարացնելու մարտահրաւէրին դիմաց։ «Լիբանան՝ երկիր մը ըլլալէ աւելի՝ Արեւելքին եւ Արեւմուտքին համար ազատութեան պատգամ մը եւ բազմամասնութեան օրինակ մըն է» ըսած էր սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը 1984-ի Մայիս մէկին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն յղած առաքելական նամակի մը մէջ։ Իսկ Լիբանանի կացութեան մասին՝ 7 Սեպտեմբեր 1999-ին դարձեալ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն ուղղուած առաքելական նամակի մը մէջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Լիբանանը կը ներկայացնէր իբրեւ «եզակի արժէք մը», որուն վրայ անգամ մը եւս աշխարհի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէր՝ հետեւելով Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Ա. Քահանայապետերու օրինակին։

Դժբախտաբար, Լիբանանի մասին քահանայապետական այս վկայութիւնները մոռցած ըլլալ կը թուին լիբանանցիները ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար անոնց քաղաքական վերնախաւը՝ որ կոչուած է տնօրինելու երկրի ապագան։ Այս մոռացութիւնը ակներեւ է երկրին դառնալի եւ ընկճող մթնոլորտին, քաղաքացիներու անտրամադրութեան, կեանքի անհրապոյր եւ անհեռանկար ընթացքին, տագնապալի իրավիճակներու եւ ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր երկրի բաղկացուցիչ հոսանքներու առաջնորդներուն միջեւ անմիաբանութեան եւ յաճախ լարուածութեան ընդմէջէն։ Լիբանանի քաղաքացիին կեանքը դարձած է այնքան մռայլ որ մարդ ակամայ կը տարուի ինքնիրեն հարց տալու թէ արդեօք Աստուած երե՞ս դարձուցաած է զինք այնքան փառաբանող Մայրիներու երկրին. արդեօք Հարտինիներու, Մալոյեաններու, Ռըֆքաներու եւ Շարպելներու նման երանելիներն ու սուրբերը մոռցա՞ծ են իրենց ծննդավայրը, անոր ջերմեռանդ ժողովուրդը։

Բացարձակապէս ո՛չ։ Ընդհակառակը, լիբանանցիներն են որ զիրենք մոռցած են։ Եթէ ոչ ժողովուրդը, բայց ասոր ճակատագրին տիրութիւն ընելու կոչուած ղեկավարները։

Ո՛չ Աստուած եւ ո՛չ ալ անոր առաքեալները կրնան մտահան ըրած ըլլալ այս չքնաղ երկիրը եւ անոր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Այսուհանդերձ, քաղաքացիները յուզող հարցերուն շուրջ տարբեր հոսանքներուն միջեւ յամեցող տարակարծութիւններուն, լարուածութեան, հակադրութիւններուն եւ անհանդուրժողութեան հետեւանքով երկրին մէջ ստեղծուած տառապալի եւ անհանդուրժելի պայմաններու պատճառով սկսած է թուլնալ ժողովուրդին հաւատքը, ի՛նք՝ ժողովուրդն է որ ակամայ եւ անզգալաբար սկսած է հեռանալ անոնցմէ եւ իր վերեւէն հեռացնել իրեն յաւերժագիր պարգեւած հոգեմտաւոր արժէքներու ու արժանիքներու երկնառաք շնորհքը։

Այս արժէքներուն ու արժանիքներուն գերագոյնը ՍԷՐն է, աղբիւրը կեանքին եւ զայն իմաստաւորելու, արժեւորելու ու արդիւնաւորելու հնարաւորութիւն պարգեւող ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ։

Արդարեւ, Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան վրայ հիմնուած Սէրը եւ Խաղաղութիւնը միա՛յն իրական են եւ ոչ՝ ձեւական, իսկ բնազբօսիկ սէրը եւ բռնութեամբ պարտադրուած խաղաղութիւնը՝ արուեստական եւ ուրեմն՝ գնայուն։

Աւելի քան կէս դար առաջ, սերունդներու հոգեւոր կրթութիւն ջանբելու կոչուած՝ Յիսուսեան սրբակենցաղ վարդապետներէն Հայր Վիլլար կը սիրէր դասարանի գրատախտակին անկիւնը արձանագրել շաբթուան նշանաբանը։ Գրատախտակին վրայ յաճախ յայտնուող նշանաբաններէն մէկը հետեւեալ (Equations) հաւասարումն էր.- «Զիջում առաւել զիջում հաւասար է  երջանկութեան, իսկ հանդուրժողութիւն առաւել հանդուրժողութիւն հաւասար է  խաղաղութեան»։  Պատանիներուս հոգեւոր վարիչը այդ օրերուն հաւանաբար ի մտի ունէր ընկերներու շրջանակը, անոնց միջեւ բարեկամութիւնը, ընտանիքը, ամուսնական կեանքը։  Նկատի ունենալով պատանիներուն խելահասութեան մակարդակը, ան չէր ըսեր որ այդ էքուասիոնները ի զօրու են նաեւ տարբեր ազգերու, կրօններու, մշակոյթներու, համայնքներու ու դաւանանքներու պատկանող հաւաքականութիւններու եղբայրական համակեցութեան համար։

Իրաւամբ, կեանքի փորձը ցոյց տուաւ որ առանց Սիրոյ, Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան վրայ հիմնուած փոխադարձ զիջումի, հանդուրժողութեան եւ ներողամտութեան չկայ խաղաղութիւն։