ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

2018 Հոկտեմբերի 28-ին, Սբ. Պետրոսի Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սբ. Պատարագ` ձեռամբ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, «Երիտասարդներ, Հաւատք եւ Կոչման ընկալում» թեմայով Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի 15-րդ Ընդհանուր Վեհաժողովի փակման առթիւ:

Ս. Պատարագի աւարտին բարձրաձայն ընթերցուեցաւ Սիւնհոդոսի հայրերու հետեւեալ նամակը` ուղղուած երիտասարդներուն:

 «Մենք՝ Սիւնհոդոսի հայրերս, կը դիմենք ձեզի՝ աշխարհի երիտասարդներ, յոյսի, վստահութեան եւ մխիթարութեան խօսքով: Այս օրերուն բոլորս համախմբուած էինք լսելու Տէր Յիսուսի՝ «յաւերժ երիտասարդ Քրիստոսի» ձայնը եւ Անոր ձայնին մէջ ճանչնալու ձեր բազմաթիւ ձայները, ցնծութեան բացաքանչութիւնները, աղաղակը եւ լռութեան պահերը:

Մենք ծանօթ ենք ձեր ներքին որոնումներուն, ուրախութիւններուն ու յոյսերուն, ցաւին ու անհանգստութեան, որոնք միասին կը կազմեն ձեր բոլոր ցանկութիւնները: Այժմ, կ’ուզենք, ձեզի լսելի դարձնել մեր խօսքը, կը ցանկանք ձեզի հետ կիսել ձեր ուրախութիւնը այնպէս, որ կեանքի կոչուին ձեր բոլոր ակնկալիքները: Վստահ ենք, որ կեանքի հանդէպ ձեր խանդավառութեամբ դուք պատրաստ կ’ըլլաք ներգրաւուելու այնպէս, որ ձեր բոլոր երազանքները կարենան իրականանալ եւ ձեւաւորուիլ ձեր պատմութեան մէջ:

Մեր թուլութիւնները պէտք չէ ետ պահեն ձեզ, մեր անկայունութիւնն ու մեղքերը պէտք չէ խոչընդոտ ըլլան ձեր վստահութեան համար: Եկեղեցին ձեր մայրն է, ան չի լքեր ձեզ, ան պատրաստ է ուղեկից ըլլալու ձեզի՝ նոր ճանապարհներուն եւ աւելի բարձր ուղիներուն վրայ, ուր Հոգիի քամիները աւելի ուժգին կը փչեն՝ քշել-տանելով անտարբերութեան, մակերեսայնութեան եւ յուսահատութեան մշուշը:

Երբ աշխարհը, զոր Աստուած այդքան սիրեց եւ որուն համար տուաւ իր միածին Որդին՝ Յիսուսը, կեդրոնացած է նիւթական արժէքներու, կարճաժամկէտ յաջողութիւններու ու հաճոյքներու վրայ, եւ երբ աշխարհը կ’ոչնչացնէ ամենաթոյլը, ապա՝ դուք պէտք է օգնութեան ձեռք մեկնէք՝ կրկին ոտքի կանգնելու եւ եւս մէկ անգամ հայեացքները ուղղելու դէպի սէրը, գեղեցկութիւնը, ճշմարտութիւնը ու արդարութիւնը:

Այս ողջ ամսուայ ընթացքին ձեզմէ մի քանիներու եւ շատ ուրիշներու հետ միասին, որոնք մեզի էին միացած աղօթքներու ու սիրոյ միջոցով, մենք անցանք այս ճանապարհը: Այժմ, մեր ցանկութիւնն է շարունակել զայն երկրագունդի բոլոր կողմերը, ուր Տէր Յիսուսը կ’ուղարկէ մեզ՝ որպէս առաքեալներ:

Եկեղեցիին եւ աշխարհին անյապաղ անհրաժեշտ է ձեր խանդավառութիւնը: Ամենախոցելի, աղքատ եւ կեանքի պատճառած վէրքերէն վիրաւոր մարդիկը անպայման դարձուցէք ձեզի ուղեկից:

Դուք ներկան էք, դարձէ՛ք փայլուն ապագայ:

Vatican News պարբերականէն թարգմանեց

ՀՐԱՆՈՒՇ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Classic Paragraph