Հայաստան այցելութեան 3րդ տարեդարձին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նուէր ստացած է «Լռութեան Րոպէ» քանդակը, որ գործն է Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործներէն Ֆերտինանտ Առաքելեանի։
Արդարեւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2016-ին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ, Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործ հանգուցեալ Ֆերտինանտ Առաքելեան փափաքած է Քահանայապետին նուիրել իր քանդակներէն մին որ սակայն արուեստագէտի վաղահաս մահուան բերումով Վատիկան փոխադրուած է միայն վերջերս եւ Հինգշաբթի 30 Մայիս 2019-ի առաւօտեան, քանդակագործ Առաքելեանի ընտանեկան պարագաները առիթը ունեցած են զայն յանձնելու Վատիկանի իշխանութիւններուն։
«Լռութեան Րոպէ» քանդակը կը ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որուն շուրջ համախմբուած են տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներու պետեր, որոնք միասին կը քալեն իրականացնելու համար Քրիստոսին պատգամը՝ “որպէսզի ամէնքը մի ըլլան”։