ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
………………………………….
«Ձեր երկրի պատմութիւնը համաքայլ կ’ընթանայ դարերու հոլովոյթի ընթացքին պահպանուած իր քրիստոնէական ինքնութեան հետ: Այդ ինքնութիւնը հեռու է պետութեան առողջ աշխարհիկութիւնը խոչընդոտելէ, աւելին, կը պահանջէ եւ կը սնուցանէ զայն՝ խրախուսելով հասարակութեան բոլոր քաղաքացիներու մասնակցութիւնը անոր, կրօնի ազատութիւնը եւ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ յարգանքը»:
ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ
Երեւան, 24 Յունիս 2016
Հաւանաբար ինծի պէս շատեր, եթէ ոչ մեր ազգային, բարոյական եւ հոգեմտաւոր արժեչափերուն նախանձախնդիր ամէն հայ, իրենց հեռատեսիլներու հայաստանեան կայաններուն դիմաց ապշած մնացին ի լուր հայրենական հասարակութենէն ներս թափանցած այնպիսի – քիչ է ըսել – յոռի երեւոյթի մը որ խոտոր կը համեմատի հայկական նկարագրին ու աւանդութեան, ազգային վարքուբարքին եւ ինքնութեան։ Ապշանքս վերածուեցաւ ընդվզումի իմանալով որ Ազգային Ժողովին նման պետական մարմնի մը օրակարգի նիւթ դարձած է այդպիսի լպիրշ երեւոյթ մը։
Աղանդաւորներուն սանձարձակ գործունէութեան յառաջացուցած ընդվզումի ալիքէն ետք, որ չկրցաւ պատկան իշխանութիւններուն պարտաւորեցնել արգելակելու այդ սրբապիղծ եւ օտարոտի տարրերը, հիմա ալ խօսքը կը վերաբերի միասեռականներու, հայաստանցիներու լեզուով «տրանսգենդեր»ներու, իսկ ռամկաբարոյ բացատրութեամբ՝ որձեւէգներու, որոնց մէկ ներկայացուցիչը, չեմ գիտեր՝ առու թէ էգ, չեմ գիտեր նաեւ ինչպէ՞ս, արժանացած է Ազգային Ժողովի ամպիոնէն ինքնարդարացում կատարելու առիթին՝ պահանջելով իշխանութիւններուն պաշտպանութիւնը իր եւ իրեն նմաններուն դէմ ժողովրդային ցասումի եւ սպառնալից ցոյցերու ու ելոյթներու հետեւանքներէն։ Վստահ եմ որ ապրի՛ս ժողովուրդ ջան ըսաւ հայրենաբնակ թէ սփիւռքաբնակ ամէն նախանձախնդիր հայ։ Յուսամ որ ժողովուրդին ձայնը լսեցին ազգին պատգամաւորները եւ չեն կրկնէր այն սխալը որ առիթ տուաւ աղանդաւորներու թափանցումին մինչեւ դպրոցներէն ներս։ Յայտնապէս ժողովրդավարութեան պիտակին տակ հաստատուած խօսքի եւ խղճի ազատութիւնը ծնունդ տուին նաեւ բացասական երեւոյթներու, որոնք կ’աղճատեն հոգեւոր անվտանգութիւնը։
Ո՛չ մէկ պատճառ ու պատրուակ կրնան արդարացնել ուղղակի կամ անուղղակի թոյլտուութիւնը թափանցումին հայկական հասարակութիւնը իր ազգային յատկանիշերէն հեռացնող վատաբարոյ շարժումներու ու բարքերու, որոնք կ’աղճատեն Ընտանիք, Հաւատք եւ Ազգ հասկացութիւնները։ Կան ազգին բնորոշ նուիրական արժէքներ, որոնք անգիր, սակայն անխախտելի եւ պարտաւորեցնող օրէնքի ուժ ունին եւ որոնց հաւատարիմ մնալու պարտաւորուած ենք ազգովին՝ որպէս ընդոծին նկարագրի յատկանիշ եւ մկրտութեամբ դարձած քրիստոնեայ առաջին ազգի զաւակ ։
Այդ հաւատարմութիւնը ամենաարդիւնաւէտ ճանապարհն է հասարակութիւնը այլասերող յոռի բարքերուն դէմ զինելու, անոնց դէմ պայքարելու եւ անոնց ընկերային վատաբարոյ հետեւանքները կանխելու։ Այդ հաւատարմութիւնը պատահականութեան կամ սովորամոլութեան արդիւնք չի կրնար ըլլալ, պէտք չէ՛ ըլլայ, այլ գիտակից, արդիւնքը պէտք է ըլլայ դաստիարակութեան, քրիստոնէակա՛ն դաստիարակութեան, որ պէտք չէ շփոթել կրօնի պատմութեան ուսուցման հետ։ Այս վերջինը ընդհանուր գիտելիք է, կրնայ դասաւանդուիլ, մինչ առաջինը՝ ապրո՛ւմ է, վաղ մանկութենէն ստացուած անջնջելի դրոշմ, վարքագիծ ու կենսակերպ, որ ազգին բոլոր զաւակները իրարու հանդէպ եղբայրական զգացումներով կը տոգորէ։
Քանիցս անդրադարձած ենք եւ կրկնելու գնով դարձեալ պիտի անդրադառնանք քրիստոնէական դաստիարակութեան, որ աւելի քան երբեք ինքզինք կը պարտադրէ մանաւանդ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին՝ որ երեք քառորդ դար ամբողջ զրկուեցաւ անկէ, զայն մշակելու հնարաւորութենէն։
Ամբողջական Հայու տիպարը քրիստոնէադրոշմ է, պէ՛տք է ըլլայ։ Մկրտութեամբ ստացուած այդ դրոշմին անաղարտ պահպանումը կը կարօտի մեր ժողովուրդը իր հաւատքին մէջ զօրացնող եկեղեցաւանդ դաստիարակութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան։ Այդ դաստիարակութիւնը չի սահմանափակուիր խաչակնքել գիտնալուն, մոմավառութեան, խաղող կամ մատաղ օրհնել տալու կամ սրբավայր մը ուխտագնացութիւն կատարելու նման սովորութիւններու մէջ, որքան ալ հասարակութեան քրիստոնէական զգացումները արտայայտող ցուցանշաններ ըլլան ասոնք։
Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ օտարացման, ուծացման, այլասերման, խորթ բարքերու, մեր նուիրական աւանդութիւններու քայքայման, վատաբարոյ երեւոյթներու, մէկ խօսքով՝ մեր ազգային ինքնութիւնը վտանգող օտարոտի շարժումներու եւ վարքուբարքերու դէմ պայքարի հզօր զէնքն է։ Ո՛չ մէկ օրէնք՝ որքան ալ խիստ ըլլայ, ո՛չ մէկ արգելիչ միջոցառում՝ որքան ալ ուժեղ ըլլայ, չեն կրնար փոխարինել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը։ Անով օժտուած մարդը, ի՛նչպիսի պայմաններու ու շրջապատի մէջ ալ գտնուի, ինքնաբերաբար եւ ինքնակամ կը հակադրուի զինք մոլորեցնող փորձութիւններուն ու երեւոյթներուն։ Քրիստոնէական դաստիարակութեամբ զինուած հասարակութիւնը մեր հոգեւոր անվտանգութեան գրաւականն է, այնպէս ինչպէս լաւապէս մարզուած ու զինուած բանակը՝ Հայրենիքի սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորը։
Յայտնապէս այս գիտակցութիւնը կը պակսի մեր հասարակութեան ընդհանրապէս բոլոր խաւերուն եւ մասնաւորաբար հասարակութիւնը դէպի ճիշդն ու ճշմարիտը, դէպի պիտանին ու անպէտը կողմնորոշելու կոչուած քարոզչական ցանցերու մօտ, ինչպէս նկատեցի Հայաստան – Սփիւռք վերջին համաժողովի աւարտին ինծմէ խնդրուած ասուլիսի մը առիթով։ Արդարեւ, համաժողովի եւ անոր արդիւնքներու մասին երկար – բարակ հարց ու պատասխաններէ ետք, հարցազրոյցը վարող լրագրողուհիի այն հարցումին թէ «ի՞նչ պիտի ուզէիք որ համաժողովին կողմէ քննարկուէր, սակայն օրակարգին վրայ չկար», շատ յստակ եւ բաւական երկար փաստարկութիւններով պատասխանեցի.- «Քրիստոնէական դաստիարակութեան հարցը՝ հակառակ անոր որ զեկուցողներու շարքին բազմաթիւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ ալ կային»։ Միեւնոյն երեկոյեան իսկ հարցազրոյցի ընթացքին արծարծուած բոլոր նիւթերը սփռուած էին համացանցին վրայ, բացի քրիստոտէական դաստիարակութենէն։ Անտարբերութի՞ւն, անգիտութի՞ւն թէ՞ ապատեղեկատուութիւն՝ կարեւոր չէ, որովհետեւ երեք պարագաներն ալ հաւասարապէս համազօր են չարիքի արմատաւորման կամայ-ակամայ մեղսակցութեան։
Այս եւ նման բազմաթիւ առիթներ մտածել տուին որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը միայն եկեղեցւոյ գործը չէ, այլ նաե՛ւ պետութեան, առաջի՛ն քրիստոնեայ ազգի պետութեան։
07 / 05 / 2019