ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՀԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ՀԱՄԱՅՆ ԼԻԲԱՆԱՆԸ

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՀԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ՀԱՄԱՅՆ ԼԻԲԱՆԱՆԸ

Ս. Ն.

………….

12 Մայիս, Կիրակի առաւօտեան շիջեցաւ Կարդինալ Նասրալլա Պութրոս Սֆէյր, իր 99 ամեակի սեմին։ Ան 1986-ին ընտրուած էր մարոնիթներու Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի մարոնի Եկեղեցւոյ 67-րդ Պատրիարք, յաջորդելով Մար Անթոնիոս Պութրոս Խրէյշ Պատրիարքին։

Ծերունազարդ Պատրիարքի մեծաշուք յուղարկաւորութեան ընթացքին (16 Մայիս 2019, Պքերքէ) արտասանած իր դամբանական քարոզին մէջ՝ Պատրիարք Ռաի զինք նկատեց «Լիբանանի Բ. անկախութեան եւ հաշտութեան անկրկնելի պատրիարքը»։

Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ եւ Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի ըսաւ որ «Սֆէյր ազատ եւ քաջ մարդ էր եւ մնաց նախանձախնդիր Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան։ Ան պիտի մնայ Լիբանանի պատմութեան փայլուն դէմքը»։ Պատրիարք Սֆէյրի Վատիկանին հետ յարաբերութիւնները շատ ջերմ էին։ Ան կարդինալութեան աստիճան ստացաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. սուրբ Պապին կողմէ եւ իր հրաւէրով է որ տեղի ունեցաւ Պապին պատմական այցելութիւնը Լիբանան, որուն ընթացքին հրապարակուեցաւ «Յոյս մը Լիբանանին համար» Առաքելական Յորդորակը, որ կը հաստատէ թէ «Լիբանանին պատմական արմատները կրօնական բնոյթ ունին»։ Անոր պատրիարքութեան օրով է որ Մար Մարունի արձանը զետեղուեցաւ Վատիկանի մէջ։

Ի լուր Պատրիարք Սֆէյրի վախճանումին, Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն ըսաւ որ «Սֆէյր Լիբանանի կարեւորագոյն պատրիարքներէն մէկն էր եւ լուսաւոր հետք մը ձգեց երկրին վրայ։ Կարդինալ Սֆէյրին վախճանումով Լիբանան կը կորսնցնէ մարդ մը որ միշտ պաշտպանեց Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը եւ անոր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը»։

Երկրին անխտիր բոլոր պետական, քաղաքական, համայնքային, կրօնական իսլամ եւ քրիստոնեայ բոլոր ղեկավարները իրենց ցաւակցական խօսքերուն մէջ կարդինալ Սֆէյրի մասին կատարեցին հետեւեալ վկայութիւնները՝

«Կարդինալ Սֆէյրին նման անձնաւորութիւնները չեն մեռնիր»։

«Անկախութեան, հաշտութեան, մարդասիրութեան եւ խաղաղութեան պատրիարքը»։

«Լիբանանի հոգեւոր բոլոր համայնքները կորսնցուցին յանձնառու մարդ մը, որ կը սիրէր իր երկիրը։ Ան նպաստեց համակեցութեան զօրացումին եւ Լիբանանի պաշտպանութեան»։

«Հոգեւորական եւ ազգային մեծ խորհրդանիշ մը։ Ան արդարութեան, բացուածութեան, երկխօսութեան, մարդասիրութեան եւ իսլամներուն ու քրիստոնեաներուն միջեւ համակեցութեան օրինակ մըն էր։ Կը պաշտպանէր բոլոր լիբանանցիներուն դատերը առանց բացառութեան»։

«Ան ազգային սիւն մըն էր որ ուղեցոյցը դարձաւ համակեցութեան՝ դժուար ժամանակներուն, կը հաւատար Լիբանանի անկախութեան եւ բացաւ ազգային հաշտութեան էջը»։

«Կը հաւատար երկխօսութեան, բոլոր լիբանանցիներու համակեցութեան։ Կը պաշտպանէր Լիբանանի ինքնութիւնը եւ պատմութիւնը»։

«Լիբանան կորսնցուց երկխօսութեան եւ ներողամտութեան մեծ խորհրդանիշ մը»։

«Խոր արմատներով տպաւորիչ մայրի մըն էր»։

Յայտնապէս անուանի պատրիարքին վերջին հրաժեշտը՝ անոր դագաղին շուրջ համախմբեց ամբողջ Լիբանանը, այնպէս ինչպէս ինք ուզած էր տեսնել. Մէ՛կ ու միասնակա՛ն Լիբանան մը, որուն ի խնդիր գործեց իր հոգեւոր առաքելութեան զուգահեռ։

Արդարեւ, համայն Լիբանանը ողբաց կարդինալ Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրին կորուստը, ինչպէս կը գրէր ՖԻՏԵՍ վատիկանեան գործակալութիւնը։ Ոչ միայն համայն Լիբանանը, այլ Լիբանանին բարեկամ երկիրները։ Այս ճշմարտութեան վկայութիւնը հանդիսացաւ ծերունազարդ կարդինալի յուղարկաւորութեան մասնակցող բազմահազար հաւատացեալներու առաջին շարքերուն վրայ ներկայութիւնը՝ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի, այլ համայնքներու հոգեւոր պետերու, հանրապետութեան նախկին նախագահներու, նախկին վարչապետներու, մեծ թիւով նախարարներու եւ երեսփոխաններու, քաղաքական ուժերու ղեկավարներու, դիւանագիտական ներկայացուցիչներու, զինուորականներու, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական պաշտօնատարներու:

Լիբանանցի բարձրաստիճան ներկաներուն կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Լիբանան հասած պատուիրակ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ՝ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի ներկայացուցիչ՝ դեսպանատան գործավար Ուաֆա Այթամ, Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտել Ազիզի եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատի ներկայացուցիչ՝ նախարար Ապտել Ազիզ Քաուարի, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ներկայացուցիչ՝ դեսպան Աշրաֆ Տապպուր եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի ներկայացուցիչ Քրիսթինա Ռաֆթի:

Նասրալլա Պութրս Սֆէյր ապրեցաւ ու գործեց ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան ամրապնդումին եւ լիբանանցիները հաշտ, համերաշխ ու միասնական տեսնելու երազի իրականացումին։ Այս պատճառով է որ ան պահանջեց սուրիական ուժերու Լիբանան ներկայութեան աւարտը եւ քաղաքացիական պատերազմին վերջ դնելու յոյսով զօրակցեցաւ Թաէֆի համաձայնագրի կնքումին 1989-ին, խորհրդարանի նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիին հետ մասնակցելէ ետք անոր մշակումին ։

Եղբայրասպան կռիւներուն վերջ դնելու իր ճիգերու արդիւնաւորումին եւ սուրիական ուժերու Լիբանանէն մեկնումին ի տես Սֆէյր ըսած է որ այլեւս ապացոյցը ունի որ Նախախնամութիւն մը կայ ազգերուն համար ինչպէս որ կայ անձերուն համար։

1989-ին կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն յղած մէկ նամակին մէջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Լիբանանի մասին ըսած էր որ «երկիր մը ըլլալէ աւելի ազատութեան պատգամ մըն է եւ բազմակեցութեան օրինակ մը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի համար»։ Այս հաւատքով գործեց կարդինալ Սֆէյր՝ պատրիարքական աթոռին նստած օրէն։

14 / 05 / 2019