Մարոնի համայնքի Պշարա Ռաի Պատրիարքին նախագահութեամբ մարոնի համայնքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը Յունիսի 15-ին աւարտեց իր աշխատանքները:
Սիւնհոդոսի ընթացքին Ռաի պատրիարքը իր ուղղած պատգամին մէջ նշեց, որ շրջանին մէջ պատերազմի փողեր հնչեցնելու տրամադրութիւնը պէտք է լիբանանեան պետութիւնը մղէ ամրապնդելու ինքզինք: «Մենք կ’աղօթենք, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները հասնին իրենց ներքին եւ քաղաքական խաղաղութեան», շեշտեց ան` մաղթելով, որ պետութիւնը չշրջանցէ օրէնքներն ու սահմանադրութիւնը, այլ անոնց հունին մէջ գործէ, ինչպէս որ կ’ընէ եկեղեցին:
Մարոնի եպիսկոպոսները բարձր գնահատեցին կառավարութեան ջանքերն ու տարբեր մակարդակներու վրայ արձանագրուած նուաճումները` հաստատելով սակայն ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը կոչ ուղղեց միջազգային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը աւելի եւս քննարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց ծանր բեռը Լիբանանի ուսերէն վերցնել:
Եւ վերջապէս, ըստ Մարոնի եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի հաղորդագրութեան, Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս ընտրուած է մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ` փոխարինելու համար Պուլոս Մաթարը, իսկ հայր Անթուան Աուքար ընտրուած է պատրիարքական փոխանորդ: