ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ. ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ «ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԴԻՆԱԼԸ»

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ. ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ «ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԴԻՆԱԼԸ»

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

……………………………….

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւողիչ Ճեմարանի աշակերտ էի։ Հազիւ ութը տարեկան։ Օր. Նուէրին մէկ կարճ բացատրութիւնը ուշադիր բայց առանց շատ բան հասկնալու լսելէ ետք արարողութեան մը մասին որուն մասնակից պիտի ըլլայինք, անոր առաջնորդութեամբ եւ ամենայն կարգապահութեամբ ելանք դպրոցին յարակից մայր ճամբան, ուր մեզ կանխած էին ուրիշ մեծ ու փոքր դպրոցականներ ալ։ Շարուեցանք ճամբուն մէկ կողմը, ձեռքերնիս մէկական փոքր դրօշակներ, մէկը լիբանանեան եւ միւսը՝ շատ աւելի ուշ գիտցայ որ Վատիկանի դրօշակն էր։ Դեղինով սպիտակ։ Օր. Նուէրը պատուիրեց որ իր նշանին վրայ պիտի ճօճենք զանոնք այնպէս ինչպէս ինքը ցոյց կուտար։ Օր. Նուէրին խօսքը պատգամ էր։

Փոխոցին մէջ, մթնոլորտը տօնական էր, շրջանի խանութներուն տէրերը եւ բնակիչներն ալ միացած էին աշակերտութեան։ Շատ չանցած նշմարեցինք ճամբուն միւս ծայրէն մօտեցող ինքնաշարժներու երկար շքերթ մը, որ մօտենալով անցաւ մեր առջեւէն, մինչ մենք դրօշակները կը ճօճէինք այնպէս ինչպէս ապսպրած էր ուսուցչուհին՝ ծափերու տարափի մը ներքեւ։ Ինքնաշարժներէն մէկուն մէջ նշմարեցինք ակնոցաւոր «կարմիր զգեստով» ժպտադէմ մէկը որ կ’օրհնէր։ «Կարդինալն» էր որուն մասին խօսած էր մեր օրիորդը։ Այդ արարողութենէն աւելի բան չեմ յիշեր այսօր։ Կը յիշեմ միայն որ երբ կէսօրին տուն վերադարձանք եւ եղելութիւնը պատմեցի մօրս, «այդ մարդը սուրբ է, կարդինալ է։ Կարդինալները կարմիր կը հագնին» ըսաւ մայրս, յանձնարարելով որ երկիւղածութեամբ մօտենամ անոր, համբուրեմ ձեռքը ամէն անգամ որ պատրիարքարան կանչուիմ անոր պատարագին մոմակիր ըլլալու համար եւ չփորձեմ մանաւանդ պատարագէն փախուստ տալ շրջաբակին մէջ խաղալու համար։

Չէի կրնար չհնազանդիլ մօրս պատուէրին։ Սակաւախօս հայրս ալ ըսաւ որ երբ որ մեծնաս կը հասկնաս։ Այդ օրէն սկսեալ մօրս բերնէն յաճախ կը լսէի «այդ մարդը սուրբ է։ Քէմբի աղքատներուն կ’օգնէ եւ շատ կը սիրէ մանուկները» յանկերգը, առանց շատ բան հասկնալու «սուրբ մարդ», «կարդինալ» եւ «Պատրիարք» որակումներէն։ Մեզի բացատրած էին թէ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետն է։ Կը զգայի միայն թէ «մեծ մարդ» մըն է։ Բայց չէի հասկնար որ ինչպէ՛ս այնքան մեծ «պետ» մը եւ «մեծ մարդ մը» ցեխոտ քէմբի գաղթական ժողովուրդին տեսութեան երթալու չափ համեստ ու խոնարհ կրնար ըլլալ։ Շատ աւելի ուշ եւ հօրս «դասախօսութեան» համազօր բացատրութիւններուն շնորհիւ հասկցայ մօրս խօսքերուն իմաստը։

Այսօր, եօթը տասնեակ տարիներ ետք աւելի կը զգամ այդ ժպտադէմ «մեծ մարդուն» աջը համբուրելու եւ պատարագին սպասարկելու բախտաւորութեան ուրախութիւնը։ Այն ժամանակ չէի գիտեր թէ ինչպէս սուրբ կ’ըլլան մարդիկ։ Սրբութեան բացատրութիւնը գտայ այն սիրոյն, ողորմածութեան եւ ծառայութեան մէջ զորս Կարդինալը կը ցուցաբերէր տառապահար մարդոց, Աստուծոյ ժողովուրդին։ Սէր, Ողորմածութիւն եւ Ծառայութիւն՝ որոնց վկան պէտք է եղած ըլլալ, որովհետեւ անոնք տարեթիւերու մէջ սահմանափակուած չըլլալով՝ կենսագրութեան մէջ չեն յիշատակուիր, բայց անոր էութիւնը կը կազմեն։        

                                       

***

***  ***

Կարելի չէ մամուլի քանի մը էջերու մէջ ամփոփել քրիստոնեայ աշխարհի 20-րդ դարու մեծագոյն դէմքերէն Կարդինալ Աղաճանեանին կեանքին ու գործունէութեան թէկուզ գլխաւոր դրուագները, որոնք իրենց դրոշմը ձգեցին մեր տարագիր ժողովուրդի տարեգրութեան վրայ, որովհետեւ անոնք ընդգրկեցին ոչ թէ սեղմ իմաստով միայն կաթողիկէ, քրիստոնեայ կամ ընդհանրապէս կրօնական աշխարհը, այլ աշխարհը իր ամբողջական առումով, իր բոլոր բաղադրիչներով՝ պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, հասարակական, ընկերային, միջազգային ոլորտներով, եւ այս բոլորը՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան խորապատկերին վրայ։ Արդարեւ, ան Հայութեան աստուածակոչ դեսպանը դարձաւ համաշխարհային բեմին վրայ։ Մեծահռչակ հայ հոգեւորականին, պարզապէս Հայ Կարդինալին, անունը, կեանքն ու գործը, վարկն ու համբաւը վաղուց ծանօթ է աշխարհին։ Ծանօթ է ո՛չ միայն իբրեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն մէկ Իշխանը, որ միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ արժանի նկատուեցաւ Սուրբ Պետրոսի արժանաւոր յաջորդներէն մէկը դառնալու, այլ որպէս ՀԱ՛Յ, Հայ Ազգի զաւակ, Հա՛յ Կարդինալ։ Որովհետեւ, իր այցելած ցամաքամասերու՝ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկայի, Աւստրիալիոյ, Ծայրագոյն Արեւելքի իւրաքանչիւր երկրին, իւրաքանչիւր քաղաքին ու ոստանին մէջ, ոչ միայն հոգեւոր իշխանութիւններուն, այլ թագաւորներու, նախագահներու, իշխաններու եւ պետական ղեկավարներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին եւ մեծագոյն պատիւներու արժանացած պահերուն, Կարդինալ Աղաճանեան երբեք շուքի մէջ չպահեց իր ազգային ինքնութիւնը եւ հպարտութեամբ զգացուց իր Հայ Ազգին պատկանելիութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել թերեւս՝ Հայաստանասիրութիւնը, սէրը Ազգին եւ մանաւանդ «Հայրենի լեռներ»ուն։

 

«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ՄԷԿ ԲԵԿՈՐՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»

«Սիրե՛նք մեր Հայրենիքը։ Կրնանք չսիրել վարչաձեւը, բայց վարչաձեւերը կ’անցնին, իսկ Հայրենիքը կա՛յ ու կը մնայ։ Սիրեցէ՛ք զիրար, որովհետեւ ուր որ հանդիպիք Հայու մը, ան մէկ բեկորն է Հայրենիքին» գոչած էր ան 27 Յունիս 1951-ին փարիզահայութեան ուղղած իր յորդորին մէջ։

Երբ Մայիսի 16-ին Հայոց Ծիրանաւոր Հայրապետը իր սրբալոյս հոգին կը յանձնէր Տիրոջ, հաւանաբար անոր ականջին կը հնչէր իր այնքան սիրած «Լեռներ Հայրենի» երգը։

Ափսոս որ այդ Լեռները տեսնելու բախտը զլացուեցաւ մեծահամբաւ Հայուն, որ մեծցաւ եւ ուռճացաւ այնքան որ տիեզերքը դարձուց սահման իր քրիստոնեաճաճանչ ու հայաբոյր արմատներուն, որմէ բխած բարութիւնը, հոգիի ու մտքի լոյսը ողողեցին ամբողջ աշխարհը։ Ան եղաւ իր աստուածատուր շնորհքները յայտնաբերող Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, զինք ծնած ժողովուրդին, զինք որդեգրած ասպնջական Լիբանանին մեծարժէք ներդրումը համաշխարհային արժէքներու Գանձարանին եւ պաշտելիներէն մէկը քրիստոնեայ աշխարհին։ Պաշտելի՛։ Տարբեր չէր կրնար ըլլալ այն որ իր անբիծ քրիստոնէադրոշմ կեանքով Աւետարանի պատգամը տարաւ աշխարհի չորս ծագերուն եւ ժողովուրդներուն ներշնչեց անշեղ հաւատ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Առանց սպասելու Եկեղեցւոյ պատմութեան դատավճիռին, ոչ միայն Հայ, այլ զինք ճանչցած բոլոր ազգերը զինք սուրբերու շարքին դասեցին։ Անոր մէջ տեսան սրբակեաց առաքեալը։

 Ազգերու վճիռը անգերազանցելի է։