ԶՄՄԱՌՈՒ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

ԶՄՄԱՌՈՒ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Կիրակի, 26 Մայիսը Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր ուխտի օրն էր։

Ինչպէս ամէն տարի, առաւօտեան ժամը 10-ին, Լիբանանի բոլոր Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններէն, հաւատացեալներ խուռներամ փութացած էին Զմմառու մայրավանք, մասնակցելու հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին եւ կատարելու իրենց ուխտը։ Սուրբ Պատարագէն առաջ, հաւատացեալները մասնակցեցան Աստուածամօր նուիրուած թափօրին զորս կ’առաջնորդէին ՀԿՄ.ի շեփորախումբը եւ Արծիւեան երգչախումբը, հետեւելով Ցաւագին Տիրամօր արձանին զոր ուսամբարձ կը տանէին երիտասարդներ։ Թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնը, ուր տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, զորս մատոյց՝ Ամեն. եւ Գերերջ. Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց։ Յընթացս սուրբ Պատարագին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ փառաբանեց ընդհանրապէս Մայրը եւ մասնաւորաբար Տիրամայրը եւ կոչ ըրաւ հաւատացեալներուն արժանի ըլլալու անոնց հոգատարութեան եւ անգերազանցելի սիրոյն ։

Յետմիջօրէի, ժամը 3:30-ին, հաւատացեալներ նաեւ մասնակցեցան վարդարանի ջերմեռանդութեան։