ՎԱՐԴԱՆ ԶՕՐԵՆՑ
………………………….
Տարուան ամենէն գեղեցկագոյն ամիսն է ու կը մնայ՝ Մայիսը,
Որովհետեւ ամիսն է երփներանգ ու բուրումնաւէտ ծաղիկներու։
Նաեւ առիթը կ’ընծայէ սիրոյ եւ մեծարանքի նորանոր հաւաստիքներ ընծայելու ԳԵՐԱՀՐԱՇ ԾԱՂԿԻՆ, որ եդեմէն կը բուրէ հոտ անմահութեան։
Յուզիչ է եւ նոյնքան մխիթարական տեսարանը մեր եկեղեցիներու, որոնք ամիս մը ամբողջ, ամէն օր, առաւօտ կամ երեկոյ, դռները կը բանան ու կը հրաւիրեն դպրոց գացող կամ դպրոցէն դարձող մանուկներ, աշխատանքի դիմող կամ աշխատանքէ եկող խոնջ չափահասներ, որպէսզի ծաղիկներու Թագուհիին՝ ծաղիկ մըն ալ իրենք նուիրեն։ Ու ծաղիկ՝ մաքուր սրտի, առաքինի գործերու, մարդասէր արարքներու։
Վարակիչ է Մայիս ամսուան այս բարեպաշտութիւնը, ինչպէս վարակիչ է ամբողջ պաշտամունքը, սէրը, մեծարանքը կոյսերու Կոյսին։
Անոր ազդեցութենէն չեն կրցած խուսափիլ նոյնիսկ անաստուածներ, անհաւատներ, եւ Մայիսի երեկոյ մը, Անարատին արձանին առջեւ, զգացած են հաւատքի լոյսը, աստուածային սիրոյ մխիթարութիւնը։
Տիեզերքի մէջ ամբողջ չկայ մեծ երաժիշտ մը, մեծ նկարիչ մը, մեծ արձանագործ մը, մեծ բանաստեղծ մը, որ իր արուեստին հմայքը, ճարտարութիւնը, տաղանդը, թռիչքը նուիրած չըլլայ այս անթառամ ծաղիկներու Ծաղկին։
Ու մեր բանաստեղծներէն ամենէն հանճարեղը, քսանմէկ ամեայ Դուրեան ի՞նչ կը խնդրէր, երբ կ’երգէր Մայիսին՝ ծաղիկներու թագուհիէն։ Կը խնդրէր որ իր հոգին ալ ծաղիկ մը դառնար ու խառնուէր Կոյսը փառաբանող անուշաբոյր ծաղիկներուն։
Արեւելեան բարեպաշտութեան էական մասերէն է այս սէրն ու մեծարանքը Կոյսին՝ Աստուածամօր հանդէպ։
Անոր համար ալ զամանալի չէ որ հայ բարեպաշտութիւնը Արեւելքի մէջ ծագում առած ու Արեւելքի մէջ սնած, այնքան լայն տեղ կու տայ առողջ ու քնքուշ, որդիական ու աստուածաբանօրէն ուղիղ սիրոյ մը հանդէպ մայրերու Մօր։
Ինչ որ ինծի ուրախութիւն կը պատճառէ, եւ նոյնքան հպարտութիւն, սա պարագան է.- Հայ բարեպաշտութիւնը հանդէպ Աստուածամօր՝ ենթակայական կամ երազային բան մը չէ, այլ ծէս ու վարդապետութիւն, առարկայական ու գոյացական։
Մեր երանաշնորհ հայրերը, որոնք հսկած են մեր հրապարակային աղօթքներու վրայ, քրիստոնէական կրօնի ճշմարտութիւններու բուն սրտէն քաղած են սէրը նկատմամբ Աստուածածնի, ու յօրինած՝ աղօթք եւ շարական, երգ եւ ներբող։
Եթէ մեր նախնիներուն հետ չհաւատանք, որ ամենաբարին Աստուած թշուառ մարդկութիւնը փրկեց իր Միածին Որդիին ձեռքով, իսկ Միածին Որդին մարդկայն բնութիւն առաւ Կոյսէն։ Եթէ մեր նախնիքներու եւ Տիեզերական Եկեղեցիին հետ այս հաւատքը չունինք, չենք կարող ոչ գնահատել եւ ոչ ալ տածել սէր մեր երկնաւոր Մօր։
Բայց անմիջապէս որ մեր միտքը ողողենք հաւատքի լուսով, անմիջապէս որ մեր նախնիքներու հետ ու նման Քրիստոսի մէջ երկրպագենք մեր Աստուածն ու Փրկիչը, անմիջապէս որ ճշդենք մեր դիրքը Անոր հանդէպ, որ աստուածային անզուգական եւ հրաշալի կարգադրութեամբ եղաւ կուսական Մայր Քրիստոսի, այն ատեն միայն կ’ըմբռնենք մեր նախնիքներու սէրն ու մեծարանքը հանդէպ Կուսին։
Հայ ծէսին մէջ, Պատարագէն վերջ, ինչ աւելի հարուստ՝ քան ժամերգութիւնը։ Առաւօտ, կէսօր, երեկոյ, գիշեր եկեղեցի կը դիմէին մեր նախնիքները սաղմոսներով Աստուած փառաբանելու, գոհանալու, պաղատելու։ Ամէն անգամ ներկայ է նաեւ Աստուածամայրը։
Բայց մեր նախնիքներուն ամբողջ սէրն ու սիրտը նկատմամբ Կոյսին՝ դրուած է այն գողտրիկ շարականներուն մէջ, որոնք «Մեծացուսցէ» կը կոչուին։ Իսկապէս բազմերանգ եւ բուրումնաւէտ ծաղիկներու փունջ ի պատիւ Կուսին։ Չկայ վսեմ պատկեր մը, որուն մէջ չներկայանայ այդ չքնաղ Կոյսը։ Ահա քանի մը պատկեր.- Պայծառ երկինք, ամպ լուսեղէն, արեգակն արդարութեան, բարունակ ծաղկեալ, աղբիւր կենաց եզերեալ յեդեմայ, այգի վայելուչ, պարտէզ կենաց, ծառ անուշահոտ, ցօղ քաղցրածաւալ ցանկալի զուարթնոցն…։
Միթէ չափազանցած են մեր Շնորհալիները, Լամբրոնացիները։ Միթէ զինքը շփոթած են հեթանոս դիցուհիներու հետ։ Միթէ կը մոռնան որ Կոյսն ալ սոսկ արարած է, ոչնչէ ստեղծուած, որ ամէն ինչ Աստուծոյ կը պարտի։
Ոչ, երբեք չեն մոռցած, քանի գիտեն ինչ է իրենց խնդրանքը _ Մի՛ դադրիր մեզի համար բարեխօսելէ։ Այս է ուղն ու ծուծը Մարիամի պաշտամունքին։ Կը խնդրենք որ բարեխօսէ.- Ուրեմն ինքը չէ գերագոյն էակը, այլ Միածին Որդին, որուն թէ՛ մայրն է, թէ՛ արարածը։
Նախ՝ դիմենք իրեն հրեշտակին խօսքով .- Ողջոյն Քեզ Մարիամ։
Եղիսաբեթի շուրթներով.- Օրհնեալ ես Դու ի կանայս։
Մեր նախնիքներու պաղատանքով.- Մի՛ դադրիր վասն մեր բարեխօսել Քրիստոսի, Մայր Աստուծոյ մերոյ։
Ապա՝ դիմենք իրեն որդիական վստահութեամբ։ Պէտք ունինք անոր միջնորդութեան որովհետեւ անոր խօսքը հզօր է ու պատկառելի իր Որդիին առջեւ։ Չէ՞ որ մայրական խօսք է…։
Խաւարի եւ փոթորիկի մէջ՝ Մարիամ աստղ է առաւօտեան։
Տխրութեան եւ յուսահատութեան մէջ՝ Մարիամ է մխիթարիչ վշտացեալներու։
Մեղքերու ու մոլութիւններու մէջ՝ Մարիամ է ապաստան մեղաւորներու։
Պատերազմի մէջ՝ ԹԱԳՈՒՀԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ։
Մայիս 1983