ՄԱՅԻՍ ՄԷԿ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

ՄԱՅԻՍ ՄԷԿ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

………………………………..

Մեր դարաշրջանը կը յատկանշուի գերարդիական արհեստագիտութեան եւ տնտեսական հնարաւորութիւներու օր ըստ օրէ աւելի արագ զարգացումներով համարեա բոլոր մարզերէն ներս, ինչ որ ենթադրել կու տայ որ արձանագրուած զարգացումները կը ծառայեն (պէ՛տք է ծառայեն) նաեւ ընկերութեան բարիքին. կը նպաստեն ընդհանրապէս մարդոց եւ մասնաւորաբար համե՛ստ մարդոց կեանքի պայմաններու բարելաւումին. կը նպաստեն ստեղծումին ներդաշնակ, անաչառ եւ արդարակշիռ ընկերութիւն մը՝ ուր գոյութիւն չունենան աղքատութիւն եւ լուսանցքայնացւած դասակարգեր, ուր մարդիկ եւ հասարակութիւններ ապրին արժանավայել կեանքով մը։

Դժբախտաբար, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Փոխուած են միայն ընկերութեան դասակարգային չափանիշները՝ եւ յաճախ արհեստագիտութեան եւ տնտեսութեան զարգացումներուն հակադարձ համեմատութեամբ։

Արդարեւ,՝ հակառակ արձանագրուած զարգացումներուն եւ նուաճումներուն՝ յատկապէս արհեստագիտական եւ տնտեսական եւ ասոնց առընչակից ոլորտներէն ներս, եւ ասոնց շնորհիւ ձեռք բերուած հսկայական հասոյթներուն, աննշան կամ խաբուսիկ են չքաւոր դասակարգերուն վիճակի բարեփոխութիւնները։ Դասակարգային տարբերութիւնները եթէ ոչ ջնջելու գէթ նուազագոյնի իջեցնելու, ընկերային բարենպաստ միջավայրերու ստեղծումը խոչընդոտող անգործութեան համաճարակին նման խնդիրները, տագնապները, զրկանքները վերացնելու, մէկ խօսքով՝ ընկերային պայմաններու վատթարացումին առաջքը առնելու, բարեփոխութիւններ իրագործելու մեծ ու փոքր պատասխանատւներու յանձնառութիւնները խոստումներու սահմանը չեն անցած։ Այս կեցուածքը աւանդաբար փոխանցուած է, շատ քիչ բացառութեամբ, իրարայաջորդ իշխանութիւններուն եւ յայտնապէս նորը նախորդէն տարբեր չէ եղած։

Այս իրողութեան դիմաց, չէին կրնար տարբեր ըլլալ նաեւ Մայիս Մէկով առաջադրուած նպատակները։ Այն Մայիս Մէկով՝որ մեկնակէտը եղած է համայն աշխարհի աշխատաւոր դասակարգի պահանջատիրութեան։ Այն Մայիս Մէկով որ ծնունդ առած է 1 Մայիս 1886-ին, շաբաթ օր մը, Շիքակոյի մէջ, երբ ամերիկեան աշխատաւորական սենտիքաներու օրական 8 ժամ աշխատանքի պահանջին ի խնդիր 400.000 աշխատաւորներու գործադուլը անդամալուծած է բազմաթիւ գործարաններ։ Թուականին ընտրութիւնը պատահական չէ եղած, այլ որովհետեւ Մայիս Մէկը «moving day» կոչուած այն օրն էր որ ամերիկեան հաստատութիւնները սովորաբար իրենց տարեկան հաշուեքննութիւնը կը կատարէին։ Շարժումը շարունակուած է եւ Մայիսի 4-ին տեղի ունեցած ցոյցի մը ընթացքին ձեռնառումբ մը նետուած շարժումին արգելք ըլլալ փորձող ոստիկաններուն վրայ, խլելով տասը զոհեր, եօթը՝ ոստիկաններ։ Միջադէպին հետեւանքով, 5 հոգիներ մահուան դատապարտուած են։

Երեք տարի ետք, Բ. ընկերվարական Միջազգայնականի համագումարը, որ կը գումարուի Փարիզի մէջ, ֆրանսական Յեղափոխութեան 100 ամեակին առթիւ, կ’որոշէ Մայիսի Մէկը հռչակել «աշխատաւորներու միջազգային օր», պարտադրելու համար օրական 8 ժամ աշխատանքը։ Էապէս աշխատաւորական շարժումը աստիճանաբար միջազգաին ծաւալ կը ստանայ եւ 1890-էն սկսեալ Մայիս Մէկի ցոյցերու ընթացքին ցուցարարները կը պարզեն կարմիր եռանկիւն մը որ կը խորհրդանշէ իրենց երեք պահանջները՝ 8 ժամ աշխատանք, 8 ժամ քուն եւ 8 ժամ զբօսանք։ Այնուհետեւ, տարիէ տարի Մայիս Մէկը եւ անով ծնունդ առած ընկերային պահանջները ինքզինքնին կը պարտադրեն աշխարհի բոլոր կողմերը։ Աստիճանաբար միայն աշխատաւորական սենտիքաները չէ որ կը նշեն Մայիս Մէկը, այլ ընկերութեան տարբեր խաւերը, մասնաւորաբար ուսանողները, գործազուրկները, աշխատաւորական սենտիքաները կը միանան շարժումին։ Այդ օրը, որուն 130 ամեակն է, կը յատկանշուի ընկերային բարեփոխումներու պահանջատիրութեամբ։ Թէեւ այդ պահանջներուն բնոյթը եւ ծաւալը կը փոխուի տարիէ տարի, սակայն հիմնական նպատակը կը մնայ անփոփոխ եւ աստիճանաբար կը համախմբէ ամէն մարդ որ կ’աշխատի։ Որովհետեւ, իրականութեան մէջ, աշխատանքի աշխարհէն ներս բազմաթիւ երկիրներու մէջ դեռ եւս ի զօրու են սովետական շրջանի «ստախանովեան աշխատանքի» պայմանները՝ սթրեսային վիճակ, աշխատանքի յաւելեալ ժամեր առանց համապատասխան գնահատականով, գերմարդկային ճիգեր միշտ գերազանցելու համար արդիւնքը։ Այս պատճառով ալ թէեւ նոր պիտակ կը տրուի «Աշխատաւորութեան Օր»ուան եւ ան կը դառնայ «Աշխատանքի Օր», որ կը յատկանշուի միօրեայ արձակուրդով մը, եւ հաւասար հարթակի վրայ կը դնէ գործատէրն ու աշխատաւորը, պիտակին փոփոխութիւնը չի փոխեր Մայիս Մէկով խորհրդանշուող շարժումին հիմնական նպատակը, որու իրականացումը կը յամենայ։

Այսօր, շատ հեռու ենք անշուշտ այն Մայիս Մէկերէն՝ որոնք կը յատկանշուէին բանուորական զանգուածային ցոյցերով ի խնդիր աշխատաւոր մարդուն արժանավայել ապրուստի պայմաններու ապահովումին, եւ որոնք սովորաբար պատճառ կ’ըլլային բուռն եւ յաճախ արիւնալի միջադէպերու։ Այս իրաւունքներու ի խնդիր փողոց իջած ցուցարարները կը հալածուէին՝ իբրեւ խռովարարներ։ Այսպէս էր նաեւ վիճակը Լիբանանի մէջ։

Բարեբախտաբար փակուած են Մայիս Մէկեան այդ ողբերգական էջերը գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ։ Փակուած՝ ոչ թէ որովհետեւ աշխատաւորը տիրացած է իր ամբողջական իրաւունքներուն եւ կը ստանայ իր աշխատանքին համապատասխան վարձատրութիւն, այլ որովհետեւ Արդարութեան եւ Հաւասարութեան, աշխատաւոր մարդու արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջին դիրքերուն վրայ կանգնած է Ֆրանչիսկոս Պապին նման միջազգային պատկառելի հեղինակութիւն մը, որ ամենաթունդ պաշտպանն է զրկեալներուն, տառապեալներուն ու արհամարհեալներուն եւ քաջաբար կը պախարակէ աւետարանական յորդորներուն եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն հակառակ տմարդի երեւոյթները։ «Չենք կրնար անտարբեր մնալ ի տես տառապանքին միլիոնաւոր մարդոց որոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է։ Չենք կրնար շարունակել առաջ երթալ՝ ձեւացնելով որ աղքատութիւնը եւ անարդարութիւնը պատճառ չունին։ Իւրաքանչիւր մարդու արժանավայել կեանքով կարենալ ապրելու համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծումը բոլորին պատասխանատուութիւնն է» կը գրէր Պապը 2018-ի Յունուարին Տաւոսի մէջ կայացած Համաշխարհային Տնտեսական Ֆորումի գործադիր տնօրէնին։ Ընդգծելով իմաստուն ընտրութիւն մը կատարելու ծանր պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ տրուած որոշումները վճռական պիտի ըլլան կառուցանելու համար վաղուան եւ ապագայ սերունդներու աշխարհը, Ֆրանչիսկոս կը հրաւիրէր գործարար աշխարհը մերժելու «անտարբերութեան մտայնութիւնը», շօշափելի փոփոխութիւն մը կատարելու համար աւելցնելով արտադրողականութեան որակը, ստեղծելով նոր աշխատատեղիներ, յարգելով աշխատանքի օրէնքները, պայքարելով ամէն տեսակի կաշառակերութեան դէմ, զարգացնելով ընկերային արդարութիւնը, կատարելով շահերու արդար եւ հաւասար բաժանումը։ Պապը ֆորումի մասնակիցներուն կը մաղթէր ցուցաբերել «հասարակաց բարիքը առաջ տանելու ցանկութիւն»։

Մաղթանք մը որ ուղղուած է բոլոր ժամանակներու տաւոսներու բոլոր մասնակիցներուն։ Մայիս Մէկը յուշարարն է այդ մաղթանքին՝ ինչպիսի պիտակ ալ փորձուի տալ անոր։ Ան Աշխատաւորութե՛ան Օրն է։

1 Մայիս 2019