ԼԱՏԻՆ ՏՈՄԻՆԻՔԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՀԱՅՐ ԵԱՍԵՆԹ ՍԻՄՈՆ՝ ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ԼԱՏԻՆ ՏՈՄԻՆԻՔԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՀԱՅՐ ԵԱՍԵՆԹ ՍԻՄՈՆ՝ ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

………………………………….

Ընդհանրապէս Հայաստանի եւ մասնաւորապէս Մարտինի հայոց տարագրութեան եւ ցեղասպանութեան ականատես վկայ լատին տոմինիքեան վարդապետ՝ Հայր Եասենթ Սիմոն (Hyacinth Simon) հետեւեալ յուշագիրքին «Մարտին – Հերոս Քաղաք, Իգնատիոս Մալոյեան – Նահատակ Եպիսկոպոս» (ֆրանսերէնէ թարգմանեց Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, «Նաաման Մշակութային Տուն»ի հրատարակութիւն, Ճիւնի-Լիբանան, 1991, միջակ չափի 210 էջ) հեղինակն է: Գիրքին յառաջաբանին մէջ ան կ’ըսէ, թէ Հայաստանի քրիստոնեայ ժողովուրդին երիտասարդները մորթեցին, անոնց տուները կողոպտեցին, մայրերն ու քոյրերը առեւանգեցին եւ զանոնք տարտղնեցին: Ա. համաշխարհային պատերազմին յանկարծական ծագումը Հայաստան կոչուած երկրին մէջ շատ հոգիներ հնձեց, որովհետեւ թուրքերը հոն «հրէշային եւ անորակելի գործ մը կատարեցին» կ’աւելցնէ ան:

Հեղինակը՝ Հայր Եասենթ Սիմոն իր ընդվզումը կը յայտնէ ի տես հայոց դէմ թուրքերու ի գործ դրած բարբարոսութիւններուն, ինչպէս կ’ըսէ ան. «Որպէս վաւերագրութիւն, պիտի արձանագրեմ Օսմանեան Պետութեան մէկ անկիւնին մէջ գործուած սարսափազդու դէպքերը: Պիտի ըսեմ թէ ի՞նչպիսի ծայրայեղութիւններու կրնայ հասնիլ երկիր մը, որ չէ՛ կրցած ձերբազատուիլ իր վայրագ բնազդներէն, թէ ի՞նչպէս, 20-րդ դարու մէջ, բարբարոսավայել նրբութեամբ այդ երկիրը յաջողեցաւ իր գործադրած խժդուժութիւններուն տալ պարկեշտ մարդու դիմակ, կամ աւելի ճիշդ՝ ծամածռութիւն: Շնականութի՛ւն եւ կեղծաւորութի՛ւն. ահա՛այս երկու բառերով կը բնորոշեմ 1915-ին թրքահպատակ քրիստոնեաներուն դէմ գործածուած վարուելակերպը: Թրքական կայսրութիւնը ոճիրը՝ օրէնք եւ խոշտանգումը՝ կանո՛ն դարձուց իր ներաշխարհին մէջ, մինչ արտաքին աշխարհի դիմաց կ’եղբայրանար քրիստոնեայ կայսերական կամ արքայական վսեմութիւններու հետ…»:

Օսմանեան հեռագրական գործակալութիւնը 1915-ի Յունուարին, իբրեւ թէ կանխազգուշացնող հաղորդագրութիւն մը կը սփռէ՝ երկրին իշխանութիւնները պատիժ պիտի սահմանեն հայրենիքի դաւաճաններուն (էջ 35): Ո՛չ դաւաճաններու անուն կը յայտնէ գործակալութիւնը, ո՛չ ալ անոնց գործած արարքին մասին որեւէ բան կ’ըսէ: Հայ ժողովուրդը անմիջապէս կ’ըմբռնէ կացութեան վտանգաւորութիւնը եւ դիւրութեամբ կը կռահէ գալիք օրերու սպառնացող վտանգը:

«Մա՛հ կեաւուրներուն…»

Երկրորդ հրամանագիրը պետութեան կողմէ տրուած՝ կը վերաբերէր քրիստոնեաները եւ մանաւանդ հայերը, քաղաքացի թէ զինուոր, զինաթափ ընելուն: Բանակ գացող հայերը ենթադրեցին, թէ զինաթափ եղող զինուորները երկաթուղիի սպասարկութեան կամ հիւանդանոցներու մէջ պիտի ծառայեն: Հայութիւնը հիասթափեցաւ երբ այս սպասումը ճիշդ դուրս չեկաւ: Թուրքերը զինաթափ եղած հայ զինուորները հեռացուցին իրենց շրջապատէն եւ հեռաւոր տեղեր տարին խրամներ փորել տալու համար: Աւելին՝ թուրքերը պետական կառոյցներու եւ հեռագրական սպասարկութեան քրիստոնեայ պաշտօնեաներն ու հաշուապահները գործէ արձակեցին: Թրքական կառավարական պաշտօնեաներ 1915-ի Փետրուար եւ Մարտ ամիսներուն սկսան շրջիլ ամենուրեք եւ թուրք ու քիւրտ ամբոխը հրահրեցին՝ «Մա՛հ կեաւուրներուն…» գոչել տալով:

Միլիսիաներ կազմելու հրաման կը տրուի իսլամներուն Օսմանեան Պետութեան տարածքին: Զինուորութենէ զերծ մնացած 50-60 տարեկան թուրք եւ քիւրտ այրերուն հրացան, սուր եւ կռնակի պայուսակ կը տրուի 1915-ի Ապրիլ-Մայիսին: Իւրաքանչիւր զինեալի թեւին ալ կարմիր ժապաւէն կը դրուի օսմանցի քաղաքացին թշնամիին յարձակման դիմաց պաշտպանելու պատրուակով, մինչդեռ այդ միջոցառումը քրիստոնեաներ կոտորելու համար էր: Զինուող թուրքերու եւ քիւրտերու հոգեբանութեան մասին հետեւեալ ձեւով կ’արտայայտուի Հայր Եասենթ Սիմոն. «Տարիքը առած այն մարդոց մօտ փութկոտութիւն մը արթնցած էր զինուորական տարազ կրելու, որովհետեւ անոնք բնաւ ռազմաճակատ պիտի չերթային: Անոնց միակ պաշտօնը պիտի ըլլար իրենց բնակած շրջաններուն մէջ կողոպուտի եւ ջարդի մասնակցիլ»: Հայր Եասենթ Սիմոն կ’եզրակացնէ. «Պետական կարգադրութեամբ՝ ջարդ մը կը պատրաստուէր. քրիստոնեայ ժողովուրդը այս առաջին դասը քաղեց, իր չարաղէտ բոլոր հետեւանքներով»:

Կառավարութիւնը «Գաղտնի կոմիտէ» անունով կառոյց մը ստեղծեց 1915-ի յունւարին: Անոր գլուխը ներքին գործոց նախարար Թալաաթն էր, իսկ առաջին տեղակալը՝ Տիգրանակերտի վալին՝ Ռաշիտ պէյը: Այս գաղտնիքը յուշագրող Հայր Եասենթ թուրք բարձրաստիճան սպայէ մը իմացած էր: Գաղտնի կազմակերպութեան անդամները պատրաստ պէտք էր ըլլային որեւէ հրաման գործադրելու: Անսաստողները պիտի պաշտօնազրկուէին կամ մահուամբ պատժուէին: «Հայրենիքի դաւաճանները պէտք է պատժուին» կ’ըսէին թուրքերը: Այս ըսելով, անոնք քրիստոնեաները եւ մասնաւորաբար՝ հայերը նկատի ունէին:

ԳԵՐՄԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Հայոց դէմ գործադրուածը հալածանք եւ բնաջնջում էր եւ ոչ թէ սոսկական պատժամիջոց: Յուշագրող ականատես վկայ վարդապետը կը շեշտէ դառն իրականութիւն մը՝ հայոց դէմ գործադրուող բոլոր արարքները կը կատարուէին գերմանացիներու հաւանութեամբ եւ մեղսակցութեամբ, ու այս մասին ան ապացոյցներ կը ներկայացնէ (էջ 38):

Եասենթ վարդապետին տուած հետեւեալ տեղեկութիւնը ուշագրաւ է. «1914-ի Դեկտեմբերին, այսինքն սպանդէն վեց ամիս առաջ, գերմանացի հրամանատար մը ըսաւ Մարտինի Յակոբիկեան համայնքին պատկանող մեծամեծի մը. «Ռայխսթակը հայերը ջարդելու որոշումը տուած է, որովհետեւ անոնք արդէն դաւաճաններ են կամ մօտ ատենէն՝ պիտի դառնան: Մենք տեղեակ ենք թէ հայերը Եռեակ Ուխտին ծախուած են: Արդ, մեզի՝ գերմանացիներուս համար, ասիկա կեանքի եւ մահու հարց է: Մենք հաւան ենք, որ մեր թշնամիները ջնջուին ո՛ւր որ ալ գտնուին, ի՛նչ անուն ալ կրեն»:

Թուրքերը միջոցներու խտրութիւն չեն դներ հայերը կոտորելու որոշումը գործադրելու համար: Օսմանեան Պետութեան գաղտնի ոստիկանութիւնը, օսմանեան զինեալ ոստիկանութիւնը եւ միլիսիաները միասնաբար գործի կ’անցնին: Կառավարութիւնը այսքանով չբաւարարուելով, նախօրոք քիւրտերը տեղեակ կը պահէ եւ զանոնք սանձարձակութեան կը մղէ: Բոլոր վայրերուն մէջ, «Գաղտնի կոմիտէ»ն նոյն գործելակերպը կ’որդեգրէ: Իր տեսածներն ու լսածները թուղթին յանձնելու մասին հայր Եասենթ Սիմոն հետեւեալը կը գրէ. «Իմ էջերս նպաստ մըն են ապագայ պատմագրութեան: Նպաստ մը՝ հարկադրաբար համեստ ու անկատար, որովհետեւ ամէն ինչ անթերի պատմելու համար պէտք էր երթայի Ռասիւլ-Այնէն մինչեւ Նիսիպին, պեղէի դիակներով լեցուած 65 խորունկ հորերը եւ համրէի հոն դիզուած հազարաւոր մարմինները, համրէի Մարտինի եւ Տիգրանակերտի բոլոր հարեմներուն մէջ պահուած մանչերն ու աղջիկները, չափէի Միջագետքի անապատը եւ անոր անհունութեան դէմ պոռայի, որ ինծի վերադարձներ իր կուլ տուած զոհերը, հետեւէի անապատի հետքերուն, որոնցմէ անցան հայ մանուկներն ու կիները, ձիաւոր քիւրտի մը քամակին»:

Չորս միլիոն հաշուող հայութիւնը Հայաստանը անկախացնելու պահանջ ներկայացուցած էր Օսմանեան Պետութեան ըստ հայր Եասենթի, որ կ’աւելցնէ. «Պետութիւնը պատասխանած էր թէ չորս միլիոն բնակչութիւնը անբաւարար էր անկախութեան համար եւ նուազագոյնը վեց միլիոն պէտք էր»: Ուստի հայերը իրենց թիւին գումարած էին երկու միլիոն հայ կաթողիկէները եւ կրկնած էին իրենց պահանջը Օսմանեան Պետութենէն (այս թիւերը ու թուրքերու փաստարկութիւնները անհիմն են (Յ. Ի.):

Իբրեւ եզրակացութիւն, հայր Եասենթ Սիմոն կը մեկնաբանէ. «Օսմանեան Պետութիւնը իր իսկ ծուղակին մէջ իյնալով, հակադարձած էր՝ հրատարակելով հրամանագիր մը, որ աքսորի կը դատապարտէր ո՛վ որ կայսրութեան ապահովութեան դէմ դաւէր»:

 

ՄԱՐՏԻՆ

Տիգրանակերտէն հարաւ գտնուող լերան մը լանջին բազմած քաղաք մըն է Մարտին: Ան նստավայրն էր ասորի կաթողիկէներու եւ յակոբիկեաններու պատրիարքութիւններուն, քաղդէացիներու եւ հայ կաթողիկէներու եպիսկոպոսութիւններու: Մարտինի բնակչութեան 6000-ը հայ էր, 3000-ը՝ ասորի, 1200-ը՝ քաղդէացի, 7000-ը՝ յակոբիկեան, 500-ը՝ բողոքական, իսկ մնացեալ 25,000-ը՝ իսլամ 1915-ին:

Յուշագիրքի 43-44-րդ էջերուն մէջ, հեղինակը՝ հայր Սիմոն Եասենթ աշխարհագրական եւ պատմական տեղեկութիւններ կու տայ Մարտին քաղաքին մասին: Ապա ան կը վերադառնայ իր յուշերու շղթային: 1914-ի վերջին եւ 1915-ի սկիզբին Մարտինի մէջ շշուկներ կը շրջին. «Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորները, ցնցոտիապատ, սովալլուկ, անկօշիկ եւ անվրան մնացած ըլլալով, ռուսերուն կողմ անցած էին»: Միւս կողմէ հարց կու տայ Հայր Եասենթ Սիմոն ու ինք ալ կը պատասխանէ ուրիշ հարցումով. «Անոնց դասալքութիւնը միթէ հայրենիքի՞ դէմ էր: Ասիկա՞ էր դաւաճանական արարքը»: Ամենուրէք յաճախ կը կրկնուի նոր նշանախօսք մը. «Հայրենիքի նենգ դաւաճանները պիտի պատժուի՛ն»:

Թուրքերը Մարտինի քրիստոնեաները հալածելու, տարագրելու եւ սպաննելու համար 1915-ի Փետրուարին Մարտինի մէջ կը հիմնեն յատուկ «Գաղտնի կոմիտէ» մը, որուն անդամներն էին Տիգրանակերտի նահանգի ընդհանուր քարտուղար եւ ժամանակաւոր կուսակալ Պետրէտտին պէյը, Պատժական ատեանի նախագահ Խալիլ Էտիպ էֆենտին, ոստիկանապետ Մեմտուհ պէյը, ժանտարմաներու հրամանատար, գնդապետ, չէրքէզ Հարուն էֆենտին եւ վալիի համհարզ Թոֆիք պէյը: Այս միջոցին, 1895-96ի ջարդարար Արիֆ էֆենտիի որդին՝ Տիգրանակերտի երեսփոխան՝ Հասան էֆենտին կը յանդգնի յայտարարել. «Քսան տարի առաջ հայեր ջարդեցինք, ի՞նչ վնաս տեսանք: Ինչո՞ւ վախնանք նոյնը ընելէ այսօր»:

Թուրքերը Մարտինի հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցին քանիցս կը խուզարկեն զէնք փնտռելու պատրուակով: Հայր Եասենթ Սիմոն կ’ըսէ. «Այդ փնտռտուքին իբր արդիւնք ո՛չ հրացան, ո՛չ վառօդ, ո՛չ ռումբ եւ ո՛չ ալ որեւէ զինամթերք գտնուեցաւ»: Մարտինի կառավարիչ Շաֆիք պէյ եւ անոր յաջորդը՝ Հիլմի պէյ մերժեցին հայերը ջարդելու Կ. Պոլսէն եկած հրամանը գործադրել եւ երկուքն ալ պաշտօնանկ եղան: Յուշագրողը անոնց մասին հետեւեալը կ’ըսէ. «Կ. Պոլսոյ առջեւ անոնք իրենք զիրենք մարտինցիներուն հաւատարմութեան պաշտօնական երաշխաւորները կացուցած էին»: Հակառակ ասոր, օսմանեան կառավարութիւնը Մարտինի քրիստոնեաները մահուան դատապարտեց: Կաթողիկէ վարդապետը կ’աւելցնէ. «Հինգ անասնատիպ մարդիկ (Մարտինի Գաղտնի կոմիտէի վերոյիշեալ անդամները՝ եթէ կարելի է զանոնք մարդ նկատել – Յ. Ի.), բաւարար եղան մահացու հարուած հասցնելու Մարտինի քրիստոնեաներուն, ու կենսայորդ այս ոստանը անյատակ գերեզմանի վերածեցին: Ա՛լ աւելի ահաւոր՝ քաղաքը բաց բոզանոց դարձուցին, ուր Տիգրանակերտի, Երզնկայի եւ ուրիշ տեղերու ազնուական գերդաստաններու երիտասարդ աղջիկները շուայտութեան զոհ ու խաղալիք դարձան»:

Ատամ, Գասբօ, Շալլըմէ, Համմալ, Մաամարպաշի, Թոքմաք, Թերզի, Պապոզա, Շատ, Գոճա Եոնան, Քալոնի, Շուխա, Քենտիրճի, Ճենենճի եւ Մալոյեան Մարտինի՝ թրքական բարբարոսութիւններու զոհ գացած ազնուական գերդաստաններն են: Ասոնք ոչ միայն իրենց Եկեղեցւոյ հաւատարիմ էին, այլ նաեւ՝ Օսմանեան Պետութեան:

Հակառակ Հայասպանութեան փաստը ամրապնդող առարկայական փաստարկներու եւ օտար ականատես վկաներու խոստովանութիւններուն ու մանաւանդ կաթողիկէ կրօնաւորներու, միջազգային վարկ ու համբաւ վայելող պետութիւններ եւ կրօնական հաստատութիւններ միայն վերջերս ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Կրկնելու գնով, յիշենք հոս նաեւ Ա. Մ. Ն., Մեծն Բրիտանիա եւ Իսրայէլ իրենց արբանեակներով մինչեւ օրս կ’ուրանան Հայասպանութեան Ճշմարտացիութեան Փաստը, միշտ շահամոլական զինուորական ու տնտեսական նկատառումներով:

Մենք հայերս վստահ ենք որ ուշ կամ կանուխ ճշմարտութիւնը բոլոր աշխարհին յայտնի պիտի ըլլայ եւ աշխարհ պիտի խոնարհի անոր առջեւ…։