ԱՒԵԼԻ ՇԻՏԱԿ ՔԱՆ ԿԱՏԱԿ

ԱՒԵԼԻ ՇԻՏԱԿ ՔԱՆ ԿԱՏԱԿ

ԼԻԲԱՆԱՆ ԴՐԱԽՏ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԵՂԵՐ ԵԹԷ…

– Ա՜խ այդ «եթէ»ները…։

– Ի՞նչ կայ նորէն։

– Թերթ կարդացող ես, բայց ուշադրութենէդ վրիպած կրնայ ըլլալ։ Պատմեմ։ «Լիբանան պէտք ունի թափանցիկութեան եւ բոլորին հաւասար հնարաւորութիւններու։ Պէտք է պայքարի կաշառակերութեան դէմ»։ Ըսողը ես չեմ, այլ Հոլանտայի դեսպանը, Իան Ուալթմանս, Լիբանանի կարեւորագոյն օրաթերթերէն մէկուն շնորհած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Աւելին։ «Լիբանան դրախտ մը կրնայ դառնալ եթէ անհրաժեշտ բարեփոխութիւնները կատարէ եւ եթէ որդեգրէ հակակաշառակերութեան քաղաքականութիւն մը» կ’ըսէ ան։ Հոլանտացի դիւանագէտին համաձայն, զանազան խորհրդաժողովներու շնորհիւ որոնք կայացան Հռոմի, Պրիւքսէլի եւ Փարիզի մէջ, միջազգային ընտանիքը ցոյց տուաւ որ իրապէ՛ս պատրաստ է օգնելու Լիբանանին։ Սակայն, այդ օգնութիւնը «սպիտակ չէք»ի մը ձեւով չի կրնար ըլլալ , որովհետեւ անհրաժեշտ բարեփոխութիւններուն լաւագոյն ապագայի մը պայմանները չեն կրնար ստեղծուիլ լիբանանցիներուն համար։

– Գիտե՞ս թէ ամենէն աւելի ինչ կ’անհանգստացնէ եղեր եւրոպացի դիւանագէտը…։ Հարուստներուն եւ աղքատներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հսկայ տարբերութիւնը…։ Ի՞նչ կ’ըսես։

– Ի՞նչ պիտի ըսեմ։ Ըսածները գաղտնիք մը չեն։ Ամէն մարդ ալ գիտէ այդ բոլորը։

– Լաւ։ Քանի որ ամէն մարդ գիտէ, ինչո՞ւ մարդիկ բան մը չեն ըներ դեսպանին ցոյց տուած թերութիւնները սրբագրելու համար…։

– Ատիկա գաղտնիք է…։ Հասկցա՞ր…։ Դեսպանը այդ գաղտնիքն ալ գիտէ, բայց չի կրնար ըսել, որովհետեւ այդ պարագային անհաճոյ մարդ կը դառնայ երկրի վերնախաւին համար։

 

ԻՍԿ ՍՓԻՒՌՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ…

– Լրագրող ես։ Անշուշտ իմացար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու ժողովին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին խօսքը։

– Լսեցի։ Ի՞նչ կայ որ։

– Զարմանք յայտնեց որ ամբողջ սփիւռքը միայն 15 միլիոն տոլար կու տայ Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքին։ Նախ մտածեցի որ իրաւունք ունի։ Բայց յետոյ մտածեցի ալ որ եթէ սփիւռքը իր ամբողջ ունեցած-չունեցածը տայ, ինք ինչպէ՞ս պիտի ապրի…։

– Հայաստանին չտուողները կամ այնքան քիչ տուողները, սփիւռքի կարիքները հոգալու համար ալ տուողներ չեն կամ շատ քիչ տուողներ են։ Վարչապետին ակնարկութիւնը հաւանաբար այդպիսիներուն էր։

ՀԱՅՈՐԴԻ