ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
………………………………….
Լիբանանահայ Վարժարաններու Մանկապարտէզի եւ վկայականաց բաշխման ամավերջի հանդէսները որոնք տեղի ունեցան տօնականօրէն զարդարուած սրահներու մէջ հաւանաբար հաճելի, ուրախալի եւ երբեմն ալ զուարճալի պահեր ու ժպիտ պարգեւեցին հանդերձ ընտանեօք ներկայ ծնողաց։ Մանուկներուն կատարումները դիմաւորուեցան խանդավառ ծափահարութիւններով, որոնք ուղղուած էին նոյնքան բեմի լուսանցքներէն տիկնիկներու նման փոքրիկներուն շարժումները ուղղող եւ յուշարարի դեր կատարող մանկապարտիզպանուհիներուն։
Նախ աշխարհն ու մարդկութիւնը շրջապատող աստուածատուր բնութիւնն ու կենսոլորտը անաղարտ ու անապական պահել – պահպանելու կարեւորութիւնը ցոյց տուող եւ երգով ու պարով համեմուած բեմադրութիւններով, իրենց ամբողջ սրտով, մանկական խանդով ու ապրումով կատարած հայերէն, արաբերէն ու ֆրանսերէն արտասանութիւններով, ապա նաեւ մանկապարտէզի առաջին իսկ տարիներու ընթացքին իրենց ամբարած գիտելիքներով, բայց մանաւանդ իրենց հայու ինքնութիւնը հիմնաւորող քրիստոնէական եւ հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը արտայայտող ելոյթներով՝ որոնք տեղի ունեցան Սբ. Խաչի եւ հայկական Եռագոյնի առաջնորդութեամբ, մանկապարտէզի կոկոններն ու ծաղիկները հանդիսացան ազգային ծաղկանոցին գունագեղ եւ անթարամ ծաղիկներու հայաբոյր փունջերը, որոնք պիտի գան զարդարելու մեր ներկայ ու ապագայ ազգային կեանքը։ Անոնք վերահաստատեցին կարեւորութիւնը Հայ Դպրոցին վերապահուած այն առաքելութեան, որ բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ իբրեւ ուղեցոյց ունեցած է նորահաս սերունդներու ուսումնառութեան եւ բազմակողմանի դաստիարակութեան զուգահեռ եւ ասոնց ճամբով՝ անոնց հաւատարմութիւնն ու ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, Ազգին, Մայր ու ծննդավայր հայրենիքներուն։
Թերեւս քիչեր անդրադարձան այս երեւութապէս պարզունակ ու մանկական հանդէսներու ազգային յատուկ նշանակութեան, ապագայ սերունդներու հայկական ինքնութեան յատկանիշերով կազմաւորումին համար Հայ Մանկապարտէզի կարեւորութեան։ Անոնք վկայութիւններն են հայեցի դաստիարակութեամբ օժտուած սերունդներ հասցնելով մեր ազգային հաւաքական կեանքը աշխուժացնող նախանձախնդրութեան, զոր կը ցուցաբերեն ոչ միայն կրթական մարզի պատասխանատուները, ուսուցչական նուիրեալ անձնակազմերը, այլ նաե՛ւ ծնողներ, այո՛, մի՛ զարմանաք նաեւ ծնողներ, հա՛յ ընտանիքներ, ի հակադրութիւն անոնց որոնք այլեւայլ անհիմն պատրուակներով, բայց առաւելաբար եւ կարելի է ըսել միայն քաղքենիական նկատումներով կը նախընտրեն օտար միջավայրերը, ուր իրենց զաւակները անդիմագիծ թիւ մըն են միայն։ Ըսինք միա՛յն քաղքենիական, որովհետեւ Հայ դպրոցը ոչինչով կը զիջի ոչ_հայկական հաստատութիւններուն։ Վկա՛յ անոնց ձեռք բերած արդիւնքները պետական քննութիւններուն եւ անոնցմէ շրջանաւարտ եւ բոլոր մարզերէն ներս տեղ հասածներու թիւը
Մանկապարտէզի ծաղիկներուն այնքան ոգեւորող ելոյթներուն մէջ՝ ծնողաց, մանաւանդ երիտասարդ հայրերուն ու մայրերուն ուղղուած պատգամ մը կար։ Պատգամը չդաւաճանելու մէկուկէս միլիոն եւ Հայոց բոլոր ժամանակներու նահատակներու Կտակին եւ միայն ու միա՛յն Հա՛յ Դպրոցին վստահելու իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը։
Մանկապարտէզներու հանդէսները սովորամոլ եւ ժամանցային պահեր չեն, այլ յուսադրիչ ապագայի մը գրաւականներ։ Մանուկներու կատարումներու աւարտին հնչած ծափահարութիւնները միայն քաջալերական չեն, այլ այս գիտակցութեան արտայայտութիւնը։ Գիտակցութիւն մը՝ զոր պարտին ցուցաբերել բոլո՛ր հայ ծնողները։
19-06-2019