Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի, 10 Մայիս 2019 թուակիր կոնդակով, Պաղտատի կաթողիկէ հայոց Առաքելական Կառավարիչ՝ Գերյ. Հ. Ներսէս թ.ծ.վ. Զապպարեանը նշանակուեցաւ Պատրիարքական Էքզարք Երուսաղէմի եւ Ամմանի էքզարքութեան:
Հ. Ներսէս նոր պաշտօնը պիտի վարէ Պաղտատի Առաքելական Կառավարիչի պաշտօնին հետ համատեղ: Ան կը յաջորդէ Արհի. Տ. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի:
Երկուշաբթի Յունիս 17-ին, Երուսաղէմի մէջ, յընթացս սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ Գերյ. Հ. Ներսէս թ. ծ. վ. Զապպարեանի գահակալութեան արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ հայոց Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանի, որ տարիներ առաջ ինք եւս որպէս Էքզարք ծառայած էր Երուսաղէմի մէջ։
Գահակալութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան՝ Երուսաղէմի լատին Պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու՝ գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա, Իսրայէլի մօտ Պապական Նուիրակ գերապայծառ Լէոփոլտօ Ճիրելլի, Երուսաղէմի մէջ գործող զանազան միաբանութիւններու ներկայացուցիչներ ու հայ կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալ զաւակներ:
Արհի. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան՝ յանուն Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ, հաւատացեալներուն ու կղերական դասին ներկայացուց նոր առաջնորդը, այս վերջիններէն խնդրելով որ թիկունք կանգնին անոր եւ օգնեն որպէսզի լաւապէս կատարէ իր առաքելական ծառայութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի փրկութիւն ազգիս հայոց։