ՄՈՎՍԷՍ ԱԲԷԼԵԱՆ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալ

ՄՈՎՍԷՍ ԱԲԷԼԵԱՆ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ խորհրդաժողովներու կառավարման հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Աբէլեան այդ պաշտօնին պիտի փոխարինէ Քաթրին Փոլարտը, որ նշանակուած է կառավարման ռազմավարութեան, քաղաքականութեան հարցերով ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնին:

Մովսէս Աբէլեան 2016-ին նշանակուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ խորհրդաժողովներու կառավարման վարչութեան հարցերով ընդհանուր քարտուղարի փոխտեղակալ: Մինչ այդ, ան կը վարէր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հարցերով բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը:

Աբէլեան ունի խաղաղութեան, անվտանգութեան, տագնապներու լուծման բնագաւառներուն մէջ գործունէութեան 25-ամեայ փորձառութիւն, ղեկավարած է Ընդհանուր ժողովի, Ապահովութեան խորհուրդի եւ ծրագիրներու ու հիմնադրամներու գործադիր խորհուրդներու ծիրին մէջ շարք մը հոլովոյթներ:

Մովսէս Աբէլեան նաեւ ունի կառավարման ոլորտին մէջ մեծ փորձառութիւն, ներառեալ` ծրագիրներու եւ պիւտճէի ծրագրաւորման: Նախապէս զբաղած է Ընդհանուր ժողովի վարչական ու պիւտճէական հարցերով կոմիտէի (5-րդ կոմիտէ) եւ Ծրագիրներու եւ համակարգման հարցերով կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնները:

1998-2003 տարիներուն եղած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչը, իսկ մինչ այդ` մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալը: Մինչ դիւանագիտական ծառայութեան անցնիլը, Աբէլեան դասախօսած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:

Մովսէս Աբէլեան կրթութիւնը ստացած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ամուսնացած է եւ ունի երկու երեխայ: