ՄԱԿ-ի մէկ զեկուցումին համաձայն, որուն արձագանգ կ’ըլլայ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութինը, երեսուն տարի ետք, երկրագունդի բնակչութեան թիւը պիտի աւելնայ 2 միլիառով` դառնալով 9,7 միլիառ:
Կը նշուի, թէ Հնդկաստանը բնակչութեան թիւով շատ շուտով յառաջ պիտի անցնի Չինաստանէն: Կը նշուի նաեւ, որ բնակչութիւնը կը ծերանայ կեանքի տեւողութեան յաւելման եւ ծնելիութեան նուազման պատճառով, կը մեծնայ այն երկիրներու թիւը, ուր բնակչութեան թիւը հետզհետէ կը նուազի:
Թէեւ երկրագունդի բնակչութիւնը կ’աճի, սակայն տարբեր երկիրներու մէջ բնակչութեան թիւի աճը խիստ տարբեր է: 9 երկիրներու բնակչութիւնը պիտի կազմէ ամբողջ երկրագունդի բնակչութեան կէսը: Այդ երկիրներն են Հնդկաստանը, Նիկերիան, Փաքիստանը, Քոնկոյի Հանրապետութիւնը, Եթովպիան, Թանզանիան, Ինտոնեզիան, Եգիպտոսն ու Միացեալ Նահանգները:
Ըստ նախատեսութիւններու, 2027-ին Հնդկաստանը յառաջ պիտի անցնի Չինաստանէն` իբրեւ ամէնէն խիտ բնակեցուած երկիրը: