ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով Զարեհ Սինանեանը նշանակուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար:
Զարեհ Սինանեանը ծնած է Երեւան, կրթութիւնը ստացած է նախ Երեւանի մէջ, ապա Միացեալ Նահանգներու Պըրբանք քաղաքին մէջ: 1997-ին ան քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան բակալավրի աստիճան ստացած է UCLA-էն, այնուհետեւ աւարտած է USC-ի իրաւագիտութեան դպրոցը: 2001-էն սկսեալ զբաղուած է փաստաբանական գործունէութեամբ: 2014-2015 թուականներուն վարած է Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը։ Նախքան ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար նշանակումը դադրեցուցած է լիազօրությունները Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդին մէջ:
Զարեհ Սինանեան ամուսնացած է, ունի չորս զաւակներ: