Ամերիկեան մամուլին, մասնաւորապէս, The New York Times-ի էջերուն մէջ հրապարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուածներէ կազմուած ժողովածուներուն մէջ զետեղուած են նիւթեր, որոնք կ’անդրադառնան Համիտեան, Ատանայի ջարդերուն, անոնց հետեւանքներուն: Ընդգրկուած են նաեւ թուրք դեսպաններու, հիւպատոսներու յօդուածները եւ անոնց տրուած պատասխանները:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` հատորները լոյս տեսած են վերջերս` Մխիթարեան հրատարակչատան կողմէ եւ կը կոչուին «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times» («Հայոց Ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն: Հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ` «Նիւ Եորք Թայմս»): Գիրքերը կազմած եւ խմբագրած են Մխիթարեան միաբանութեան միաբան հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանը եւ աւստրալահայ հետազօտող Արա Քեթիբեանը:
Լրագրողները հեղինակներուն հանդիպելու եւ անոնց հետ զրուցելու հնարաւորութիւն ունեցան Մարտ 20-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:
«Գիրքին մէջ տեղեկութիւններ կան նաեւ այն օտար եւ հայ մարդոց մասին, որոնք դրամական կամ այլ աջակցութիւն ցոյց տուած են հայ որբերուն, դպրոցներուն` հոգալով անոնց կարիքները, իսկ թուրք դեսպաններու, հիւպատոսներու գրառումները որոնք տեղ գտած են տարբեր յօդուածներու մէջ շատ կը հակասեն նախճիրը վերապրածներու գրառումներուն: Նոյն քաղաքականութիւնն է. ոչինչ փոխուած է: Անոնք այն ժամանակ ալ փորձած են արդարացնել իրենք-զիրենք` պնդելով, որ մեղաւորը հայերն են: Հոլոքոստէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ամենաշատը ուսումնասիրուած է աշխարհի մէջ: Հազարաւոր մենագրութիւններ կան այդ մասին: Ես յաւակնութիւն չունիմ ըսելու, թէ այս կամ այն յօդուածը, տեղեկութիւնը որքանով նոր է. ատիկա պէտք է որոշեն պատմաբաններն ու մասնագէտները: Կարեւորն այն է, որ ներկայացուած են հարիւրաւոր յօդուածներ, որոնց վերնագիրները, խորագիրները միայն կը բացատրեն, որ իսկապէս մտադրուած ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»,- ընդգծած է Արա Քեթիբեան:
Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեան ըսած է, որ իր գործընկերոջ հետ վաղուց ծանօթ է։ Ան մօտ 9 տարի միաբանութեան մէջ աշակերտ եղած է: «Արան խրախուսեց զիս այս աշխատանքը սկսելու համար: Իմանալով անոր կարողութիւններն ու լրջութիւնը, անցեալի ուսումնասիրութեան վերաբերեալ ունեցած պատրաստակամութիւնը` վստահութիւն ապրեցայ: Ընթացքին հանդիպեցայ Վիգէն Բաբկէնեանին, որ ինծի տրամադրեց յօդուածներու ամբողջ հաւաքածոյ մը: Իր ունեցածը սիրայօժար նուիրեց մեզի, ես ալ որոշ բաներ ունէի ու սկսայ կուտակուած նիւթին հիման վրայ աշխատելու: Յօդուածները հաւաքելը շատ դժուար աշխատանք էր։ Մենք սկսանք մէկ-մէկ պրպտել: Ունեցանք շատ դժուարութիւններ. որոշ յօդուածներ ստիպուած եղանք նաեւ գնելու: Բանալի բառերով գտանք հայերու մասին գրուած բոլոր հրապարակումները»,- պատմած է ան: