Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Երիտասարդութիւնը Մասնակցեցաւ Միջազգային Համամիութենական Եկեղեցական Երիտասարդաց Հանդիպման Օրերուն

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Երիտասարդութիւնը Մասնակցեցաւ Միջազգային Համամիութենական Եկեղեցական Երիտասարդաց Հանդիպման Օրերուն

22-էն 26 Մարտ 2019-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի, Լիբանանի եկեղեցիներուն եւ Թեզէի միաբանութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանան հիւրընկալեց միջազգային համամիութենական եկեղեցական երիտասարդաց օրերը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 45 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 1600 երիտասարդներ:

Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին ալ իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ թեմերէն ժամանած երիտասարդներով, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Միութեամբ, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Ս. Մեսրոպի արիներով, նաեւ Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Հ.Կ.Մ.ի երիտասարդներով, ու Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի Մեծ նորընծայառանի երէց ժառանգաւորներով։

Կէսօրուան աղօթքէն ետք, երիտասարդները մասնակցեցան իրենց ընտրած 20 աշխատանոցներէն երկուքին: Նշենք, որ հայ եկեղեցին յանձն առած էր երկու աշխատանոց՝ «հայկական աւանդական շարականներ» թեմայով, ուր Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին ալ իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն համամիութենական հայկական շարականներու աշխատանոցին, որուն ներկայ էին աւելի քան 200 մասնակիցներ եւ «հայ պար» թեմայով, որուն ներկայ էին աւելի քան 100 անձեր: Յայտնենք նաեւ, որ աշխատանոցները տեղի ունեցան Ս. Նշան մայր տաճարին եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ:

Սոյն համագումարին փակումը տեղի ունեցաւ 25 Մարտ 2019-ին, որ կը զուգադիպէր Լիբանանի մէջ պետական տօն հռչակուած քրիստոնեայ-իսլամ Աւետման տօնին, եւ որուն համար միջ-կրօնական պաշտամունք տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ կրօնական պետերու ու բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու։

Համագումարին վերջին օրը՝ 26 Մարտը, նուիրուած էր զբօսաշրջութեան որուն ընթացքին մասնակիցներէն խումբ մը այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը:

Հ. ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ