«Լիբանանի բարեկարգումը սկիզբ պիտի առնէ քաղաքացիական ամուսնութեան օրէնքի վաւերացումով»։ Այս բառերով գործի լծուեցաւ Լիբանանի ներքին գործոց նորանշանակ նախարարուհին՝ տիկին Ռայա Ալ Հասան։ Թէեւ լիայոյս ենք, ինչպէս միշտ եղած ենք, թէ Լիբանանը վերջապէս պիտի բարեկարգուի, բայց պահ մը ապշահար սկսանք հարց տալ թէ որքանո՞վ քաղաքացիական ամուսնութիւնը մեկնակէտ կամ միջոց կրնայ ըլլալ այս մեծածաւալ ծրագրին: Արդեօք քաղաքացիական ամուսնութիւնը կրնա՞յ ապահովել այն տարրական եւ հիմնական իրաւունքները որոնցմէ զրկուած է լիբանանցին, ինչպէս ելեկտրականութիւնը, ջուրը, մաքուր օդն ու սնունդը, բժշկութիւնն ու ուսումնառութիւնը…։ Տարիներէ ի վեր այս նիւթը մոռցուած էր երեսփոխանական գրասենեակներու դարակներուն մէջ, եւ ահա յանկարծ օրակարգի վրայ կը բերուի, կարծես աւելիով բաժանումներ ստեղծելու համար երկրին մէջ, եւ կամ, որպէսզի զբաղեցնէ քաղաքացիները այսպիսի թղթածրարով մը, անոնց ուշադրութիւնը շեղեցնելու համար իրենց կեանքը յուզող արմատական տագնապներէն, այսպէսով բարեկարգումներու ազդանշանը տուած ըլլալու խաբկանքը տալով։
Հազիւ թէ լուրը արձագանգեց հաղորդամիջոցներէն, մէկ կողմէն տարբեր համայնքապետեր, իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն դիտելով հարցը, իրենց վերապահութիւններն ու տեսութիւնները ի յայտ բերին, միւս կողմէն, քաղաքացիները, ոմանք գիտակցաբար, ուրիշներ անգիտակցաբար, ուրախութեամբ եւ խրախուսիչ արտայայտութիւններով իրենց կարծիքները յայտնեցին, կարծելով թէ մարդուն ազատութիւնը ամփոփուած է այս որոշումին մէջ։
1852 թուականին, Պիոս Թ. սրբազան քահանայապետը, խօսելով քաղաքացիական ամուսնութեան մասին, հետեւեալը ըսած էր. «Քրիստոնեաներու միջեւ ամուսնական միութիւնը չի կրնար օրինական ըլլալ եթէ ոչ միմիայն սուրբ Պսակի խորհուրդով, որմէ դուրս ամէն տեսակի միութիւն կը նկատուի կենակցութիւն»։ Լեւոն ԺԳ. սրբազան քահանայապետը իր կարգին եւս քաղաքացիական ամուսնութիւնը նկատած էր որպէս «դատապարտելի կենակցութիւն»։ Սակայն 1981-ին հրատարակուած քրիստոնեայ ընտանիքին նուիրուած առաքելական յորդորին մէջ, որ կը կոչուի «Ընտանեկան համերաշխութիւն» (Familiaris consortio), սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետը հետեւեալը կը գրէ. «Կաթողիկէ զոյգերու պարագան, որոնք գաղափարական կամ գործնական պատճառներու համար կը նախընտրեն միանալ քաղաքացիական ամուսնութեամբ, մերժելով կամ յետձգելով կրօնական ամուսնութիւնը, հետզհետէ յաճախակի կը դառնայ: Չենք կրնար զիրենք նկատել նման այն զոյգերուն որոնք միասին կ’ապրին առանց ոչ մէկ կապի, որովհետեւ անոնք գէթ որոշ յանձնառութիւն մը կատարած են ուղիղ, եւ հաւանաբար կայուն կեանքի վիճակի մը, նոյնիսկ եթէ յաճախ հնարաւոր ամուսնալուծման հեռանկարը այս որոշումին համար օտար չէ: Խնդրելով պետութեան կողմէ հանրային ճանաչում այսպիսի կապակցութեան մը համար, այս զոյգերը կը յայտնեն իրենց պատրաստակամութիւնը ամբողջացնելու բոլոր պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ առաւելութիւնները: Հակառակ այս բոլորին, Եկեղեցին երբեք չի կրնար ընդունիլ այս վիճակը»:
Խօսելով Լիբանանի մասին, մինչեւ օրս տակաւին ընդունուած չէ լիբանանեան հողերուն վրայ քաղաքացիական ամուսնութիւն կատարելը, որովհետեւ իր անկախութենէն ի վեր, պետութիւնը ընդունած է հաւասարութիւնը բոլոր կրօնքներուն, որով նաեւ առիթը ընծայած է իւրաքանչիւր համայնքին իր անձնական կարգավիճակը օրինաւորելու: Այսպէսով պետութիւնը պարտադիր է հաւասարապէս յարգելու բոլոր համայնքներուն ու կրօնքներուն անձնական կարգավիճակը, ի միջի այլոց ամուսնութեան վերաբերող օրէնքները: Այս մասին սահմանադրութեան 9-րդ կէտը հետեւեալը կ’ըսէ. «Խղճի ազատութիւնը բացարձակ է։ Մեծարելով Ամենակալը, Պետութիւնը կը յարգէ բոլոր դաւանանքները եւ կ’երաշխաւորէ ու կը պաշտպանէ անոնց ազատ կիռարումը պայմանաւ որ վնաս չհասցուի հանրային կարգուկանոնին։ Կ’երաշխաւորէ նաեւ բնակչութեանց՝ իրենց անձնական կարգավիճակին յարգանքը եւ կրօնական շահերը՝ որ ծէսին ալ պատկանին այդ բնակչութիւնները»։
Սակայն այսօր, Լիբանանի մէջ կ’ապրին ոչ միայն քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, այլեւ նոյնիսկ հրեայ հասարակութիւններ եւ ասիական տարբեր գաղափարախօսութիւններու պատկանող մարդիկ, ինչպէս պուտտայականները, հինտուիսդներ, զարադաշտները, որոնց համար ոչ մէկ օրինական հոգատարութիւն կայ պետութեան կողմէ։ Առաւել եւս, կան անհաւատ մարդիկ, որոնք կը մերժեն պատկանիլ կրօնքներու: Այս բոլորին վիճակը օրինաւորելու համար, պետութիւնը պարտաւոր է եւ իրաւասու կարգ մը որոշումներ տալու, հաւանաբար նաեւ քաղաքացիական ամուսնութիւնը օրինականացնելու ուղղութեամբ։ Բայց որպէսզի այս քայլը առնէ, պէտք է առաջին հերթին վերատեսութեան ենթարկէ իր սահմանադրութիւնը, որ արդէն ինքնիրմէջ խրթին ու բարդ պիտի ըլլայ, եւ շատ մը դժուարութիւններու ու անհամաձայնութեան պիտի հանդիպի, որոնք ինքնաբերաբար ներքին բաժանումներ պիտի պատճառեն: Լիբանանի մէջ, պետութիւնը չի կրնար անձնական կարգավիճակի վերաբերող օրէնքներ վաւերացնել առանց վերադառնելու սահմանադրութեան 9-րդ կէտին, որ զինք կը ստիպէ յարգելու եւ ընդունելու իւրաքանչիւր կրօնքին կարգավիճակը:
Առաւել եւս, մեկնելով մարդկային ազատութիւններու սկզբունքէն, ոմանք կը կարծեն թէ պետութիւնը կրնայ վաւերացնել քաղաքացիական ամուսնութեան վերաբերող օրէնքները անոնց համար որոնք զայն կ’ընդունին ու կը պահանջեն, որով մարդ ազատ կ’ըլլայ ընտրութիւն կատարելու կրօնական կամ քաղաքացիական ամուսնութիւններուն միջեւ: Խորքին մէջ այս տեսակէտը կը հակասէ օրէնքներու սկզբունքին: Օրէնքը ընտրանի չի կրնար ըլլալ, այլ՝ պարտադիր հաւասարապէս բոլորին: Աշխարհի մէջ չկայ օրէնք մը որ ընտրովի է, կարելի չէ որ պետութիւն մը օրէնք վաւերացնէ ըսելով թէ եթէ մէկը փափաքի զայն գործադրել թող գործադրէ, թէ ոչ կրնայ զանց ընել զայն: Օրինակի համար ազդալոյսի օրէնքները չեն կրնար իւրաքանչիւրի յարմարութեան համաձայն կիրարկուիլ. այսինքն կարելի չէ որ կարմիր լոյսին ոմանք կանգ առնեն, եւ ուրիշներ զայն անտեսեն: Լիբանանի մէջ մանաւանդ, կարելի չէ ընտրանի օրէնք մը դնել, որովհետեւ ատիկա բաժանումներ կը ստեղծէ, համայնքային ու կրօնական: Օրէնքը բոլորին համար է, եւ ոչ ոք զանց է օրէնքէն, ուստի քաղաքացիական ամուսնութեան օրէնքը եթէ պիտի վաւերացուի, պէտք է պարտադիր ըլլայ բոլորին համար: Ֆրանսայի մէջ, օրինակի համար, քաղաքացիական ամուսնութիւնը պարտադիր է բոլորին, իսկ կրօնական ամուսնութիւնը վերապահուած է անոնց որոնք հաւատացեալ են, եւ համոզումով կը մօտենան ստանալու սուրբ Պսակի խորհուրդը:
Ի դէմս այս բոլորին, հիմնական հարցը որ կը մնայ քաղաքացիին պատրաստակամութիւնն ու գիտակցութիւնն է այսպիսի որոշումի մը դիմաց։ Ամուսնութեան ձգտող անձերը, եւ անոնցմէ մանաւանդ երիտասարդները, որքանո՞վ կարող են այսպիսի կարեւոր ընտրանք մը կատարելու, որքանո՞վ գիտակից են իրենց առած որոշումին ծանրակշռութեան:
Զոյգ մը ներկայացաւ եկեղեցի փափաք յայտնելու ամուսնութեան: Զիրենք ընդունեցայ գրասենեակս, որպէսզի խօսէինք բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին, մանաւանդ եկեղեցական ու հոգեւոր: Յուսախաբութիւնս մեծ եղաւ երբ անոնք ըսին. «Վարդապետ, մենք չենք ուզեր եկեղեցւոյ մէջ պսակուիլ, կը նախընտրենք քաղաքացիական ամուսնութիւն կատարել»: Անոնք չէին ուզեր սուրբ Պսակի խորհուրդը կա տարել, կը մերժէին Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալ: Թէեւ անոնք հաւատացեալ երիտասարդերիտասարդուհի էին, ծառայած եկեղեցւոյ միութենական շարժումներու մէջ, ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւն, մասնակցած ծիսական արարողութիւններուն, բայց ափսո՛ս որ երբ կեանքի կարեւորագոյն որոշումներէն մէկուն առջեւ գտնուեցան, մերժեցին եկեղեցին, մերժեցին Աստուած, ու անտեսեցին իրենց հաւատքը: Զարմանալին այն էր թէ անոնք եկած էին եկեղեցի խնդրելու համար քաղաքացիական ամուսնութիւն. ասիկա ցոյգ կու տայ անոնց գիտակցութեան չափանիշը իրենց կատարածին: Որպէս հոգեւորական, ջանք թափեցի համոզելու զիրենք իրենց ամուսնական ու ընտանեկան կեանքը հիմնելու սուրբ Պսակի խորհուրդին վրայ, անդրադառնալով անոր կարեւորութեան մասին: Աւարտին, երբ զգացի թէ անոնց որոշումը կարելի չէր այդ վայրկեանին խախտել, մղուած որոշ հետաքրքրութենէ, հարց տուի անոնց թէ ինչո՞ւ կը նախընտրէին քաղաքացիական ամուսնութիւնը, մերժելով եկեղեցականը: Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Վարդապետ, որովհետեւ քաղաքացիական ամուսնութիւնը կ’ընդգրկէ օրէնքներ որոնք կը պաշտպանեն մեր իրաւունքները, ինչպէս նաեւ աւելի կը հեշտացնեն ամուսնալուծումը»: Չափազանց լուրջ որոշում առած էին, աւելի համոզեցին զիս թէ իրենց գիտակցութեան չափանիշը անգիտակցութիւնն էր: Եկեղեցին արդեօք մինչեւ օրս որո՞ւ իրաւունքները պաշտպանած է եթէ ոչ Մարդուն, զոր կը նկատէ գերագոյնը բոլոր ստեղծագործութիւններուն: Եկեղեցին որո՞ւ համար կը պայքարի, որպէսզի անոր արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը պահպանէ: Առաւել եւս, ինչո՞ւ ամուսնանալ եթէ բաժնուելու հնարաւորութեան գաղափարը արմատացած է մեր մէջ։ Արդեօք այլեւս ամուսնալուծման մասի՞ն պէտք է մտածել, նախքան ամուսնութիւնը: Արդեօք քաղաքացիական ամուսնութիւնը եղած է աւելի հեշտացնելո՞ւ ամուսնալուծումը: Եթէ Եկեղեցին ժամանակ կը տրամադրէ որպէսզի զոյգերը հաշտեցնէ, հոգ տանի անոնց, որպէսզի իրենց ընտանեկան կեանքը չի քանդուի, ու զաւակները զոհ չերթան ծնողքներու անմիաբանութեան երբեմն անհիմն ու անիմաստ, որոշումներուն, այս չի նշանակեր թէ Եկեղեցին կը դժուարացնէ ամուսնալուծումը, կամ չի փնտռէր մարդուն բարիքն ու իրաւունքը: Անոնց պատճառաբանութիւնները երբեք չէին արդարացնէր իրենց որոշումը: Ոմանք նաեւ կը փորձեն արդարացնել իրենց որոշումը յանցաւոր նկատելով կղերականներն ու Եկեղեցին. ի՛նչ ամօթ: Մեր մատներուն ետեւ չի պահուըտինք: Թող իւրաքանչիւր հաւատացեալ քննէ իր խիղճը, քննէ իր հաւատքը, եւ յետոյ մատը բարձրացնէ ցոյց տալու համար յանցաւորը:
Յամենայն դէպս, դարձեալ հարց կու տանք թէ քրիստոնեայ հաւատացեալները որոնք միմիայն քաղաքացիական ամուսնութեան կը ձգտին, մերժելով եկեղեցականը, որքանո՞վ գիտակից են իրենց որոշումին, ինչպէ՞ս կրնան արդարացնել իրենց վիճակը, ինչպէ՞ս կրնան ապրիլ հանգիստ խիղճով դաւաճանելէ ետք իրենց նախահայրերուն հաւատքին, որուն համար բիւրաւոր նահատակներ արիւն թափեցին:
Գիտակից ենք թէ Եկեղեցին քաղաքացիական ամուսնութիւնը ստորագնահատելով չէ որ կ’արժեւորէ եկեղեցական ամուսնութիւնը՝ սուրբ Պսակի խորհուրդը։ Սակայն Եկեղեցին, որպէս մայր եւ դաստիարակ, պարտականութիւնն ունի ուղղելու իր զաւակները ճիշդ որոշում տալու իրենց ամուսնական կեանքի վիճակին։ Քաղաքացիական ամուսնութիւնը, որ պարզապէս ընկերային համաձայնագիր մըն է, դաշինք մըն է կնքուած երկուքի միջեւ, երբեք չի կրնար սուրբ Պսակի խորհուրդը փոխարինել։ Ճշմարիտ ընտանեկան կեանքը կը հիմնուի սուրբ Պսակի խորհուրդով, ուր Աստուած կ’օրհնէ զոյգերը որպէսզի անոնք իրարու բարիքը փնտռեն եւ սրբութեան ուղիով ընթանան։ Չես կրնար քրիստոնեայ ըլլալ եւ հակասել սուրբ Պսակի խորհուրդին։ Միայն քաղաքացիական ամուսնութիւնը կատարելով, քրիստոնեան մեղքի վիճակի մէջ կ’ըլլայ սուրբ Պսակի խորհուրդին հանդէպ։
Ի վերջոյ, երբ Քրիստոսի հարց տուին դպիրներուն ու քահանայապետներուն կողմէ ղրկուած դաւադիրները ըսելով. «Ներելի՞ է մեզի Կեսարին տուրք տալ, թէ ո՛չ»: Յիսուս, հասկնալով անոնց խորամանկութիւնը, ըսաւ. «Ինչ որ Կեսարին է՝ Կեսարին տուէք, ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծոյ տուէք»: Ինչ որ պետութեան է՝ պետութեան տուէք, եւ ինչ որ կրօնքին է՝ կրօնքին տուէք:
Ս.Կ.