ԻՆՉՊԷՍ ՓՈԽԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ…
– Իմացա՞ր…։
– Ի՞նչ…։
– Հայաստանի մէջ ըլլալիք բարեփոխումներու մասին։
– Շան բան կայ ըլլալիք, ո՞ր մէկը…
– Լսէ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կարծիքով, «երկրին իրավիճակը կարելի է լիարժէք փոխել, եթէ կարելի ըլլայ երեք բանէ ազատուիլ։ Մէկը՝ աղբը, որ ամենուրեք է, երկրորդը՝ կրպակներն են, որոնք ամենուրեք կան, իսկ երրորդը՝ ինքնաշարժներու կմախքներն են, զորս տասնեակ տարիներէ ի վեր շարունակ մարդիկ իրենց բակին մէջ պահած են»։ Կառավարութեան 17 Յունուարի նիստին այս երեք բաներէն ազատուելու համար վարչապետը ներկայացուցած է բանաձեւ մը, որ յետ քննարկման արժանացած է հաւանութեան։
– Շատ լաւ…։
– Ի՞նչ շատ լաւ։ Այս բաներէն առաջ չկա՞ն ուրիշ բաներ որոնցմէ պէտք է «ազատուել»։
– Կան եւ չկան։ Մարդոցմէ կախեալ է։ Մարդիկ կան, որոնք կը տեսնեն միայն այն բաները որոնցմէ «ազատուելու» մասին կը խօսի վարչապետը, իսկ ուրիշներ՝ այն բաները որոնցմէ երկիրը արդէն «ազատուած» կամ «ազատուելու» վրայ է։
– Իսկ ո՞րն է աւելի կարեւորը։
– Բոլորն ալ կարեւոր են։ Բայց այս կարեւորներէն աւելի կարեւորը՝ այս «անբաղձալի բաներէն ազատուելու համար» տարուող աշխատանքն է…։
ԵԹԷ ԴԱՏԱՒՈՐ ԸԼԼԱՅԻՐ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ…
– Լսէ՛ եւ կարծիքդ տուր թերթերուն մէջ լոյս տեսած այս դէպքի մասին։
– Ի՞նչ դէպք…։
– Ապահովական մարմինները Թրիփոլիի մէջ ձերբակալած եւ հարցաքննութեան համար ոստիկանատուն տարած են երիտասարդ մը, որ երկու կապ հաց եւ շիշ մը բեբսի գողցած է… կերակրելու համար իր կինը եւ երկու երեխաները…։ Ի՞նչ կ’ըսես։
– Եթէ ես դատաւոր կամ ոստիկանապետ ըլլայի եւ այդ երիտասարդը դիմացս բերէին, աթոռէս կ’ըլլէի եւ այդ երիտասարդին կողքին կը կանգնէի…։
– Ապրի՛ս։
ԽՆԱՅԱՍԻՐՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ՞ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
– Բարեկամս, աւելի քան ութը ամիս անձկալի սպասումէ մը ետք, Լիբանան վերջապէս օժտուեցաւ կառավարութեամբ մը, որուն կազմութիւնը տագնապալի փուլերէ անցաւ հակառակ անոր որ խնդիրը լուծելու համար առաջարկեցին նախարարներուն թիւը աւելցնել, ինչ որ, փառք Աստուծոյ, տեղի չունեցաւ, թէեւ երեսունն ալ քիչ թիւ չէ, եթէ բաղդատական մը ընել փորձենք Հայաստանին հետ, ուր կառավարութեան անդամներուն թիւը… պակսեցուցին խնայասիրութեամբ։ Պետութեան ծախսերը պակսեցնելու նպատակով՝ յարմար տեսան մի քանին մէկ նախարարութեան մէջ խտացնել։ Իսկ մեր մօտ, երկար սակարկութիւններէ ետք, 30 հոգինոց կառավարական կազմ մը հազիւ բաւարար նկատուեցաւ։ Քաղաքացիներուն համար ի՞նչ տարբերութիւն կրնար ընել կառավարութեան աւելի փոքրաթիւ կազմ մը, երբ կառավարութեան մը չգոյութիւնն ալ տարբերութիւն մը չըրաւ։
– Քաղաքացիներու շահերու լաւ կամ գէշ պաշտպանութեան շուրջ յայտնուած տարակարծութիւններուն պատճառով չէ որ ուշացաւ կառավարութեան կազմութիւնը։ Ուշացումին պատճառը՝ կառավարական կազմէն ներս նախարարական աթոռներու եւ անոնց պիտակին շուրջ իւրաքանչիւր կուսակցութեան կամ համայնքին վերապահուած բաժինն էր։ 30 աթոռը հազիւ գոհացուց բոլորը։ Խնայելու մասին մտածող չկար, խորհելով որ քանի մը աւելի կամ պակաս նախարարութիւններուն ծախսերը քաղաքացիներուն համար ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ընեն որ…։
– Ո՞ր քաղաքացիներուն…։
– Ունեւոր անշուշտ։
– Իսկ աղքատնե՞րը…։
– Անոնց Աստուած օգնէ…։
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ԱՆՎԱՅԵԼ…
– Անշուշտ գիտես որ արուեստագէտ մարդը իր ապրումները, զգացումները, մտածումները, տպաւորութիւնները կ’արտայայտէ իր արուեստին ընդմէջէն։ Կրնա՞յ պատահիլ որ իր արուեստին փոխարէն օգտագործէ փողոցային լպիրշ լեզու։
– Պէտք չէ պատահի, եթէ գինով կամ նորմալ վիճակի մէջ չէ։ Այլապէս կրնայ ձաբռտել։ Բայց չհասկցայ թէ գիտնալ ուզածդ ի՞նչ է։
– Գիտցայ…։
ՓՈԽԵ՞Լ ԹԷ՞ ՉՓՈԽԵԼ…
– Իմացար անշուշտ Հայաստանի Օրհներգը փոխել կամ չփոխելու մասին բանավէճը որ տեղի ունենալու վրայ է մինչեւ ֆէյսպուքերու վրայ։ Ի՞նչ է կարծիքդ…։
– Կարծիքս տալէ առաջ, ցաւս յայտնեմ։ Ցաւալի է որ Օրհներգը փոխել չփոխելու հարցը ֆէյսպուքերու վրայ գիտակ-անգիտակ մարդոց «քննարկումին» առարկայ դարձած է եւ «քննարկումը» քարոզարշաւի վերածուած է։ Օրհներգը, ինչպէս պետական ամէն խորհրդանիշ, սրբութիւն է, պատմութիւն, պատգամ։ Ամէն պարագայի տակ Օրհներգը «մօտա» կամ ճաշակի առարկայ չէ որ ատենը մէկ փոխուի…։ Օրհներգին տէրը իշխանութիւնները չեն որ կու գան ու կ’երթան, այլ պետութիւնն է, անհպելի։
– Կարծի՞քդ…։
– Ինչո՞ւ փոխել։ Այս հարցումին համոզիչ պատասխան մը չիմացայ տակաւին։ Իսկ եթէ անպայման փոխել ուզողներ կան եւ առանց համոզիչ բացատրութեան, չեմ կարծեր որ իշխանութիւնները հարցը օրակարգի նիւթ դարձնել ուզեն, որովհետեւ իրենց դիմաց դրուած փոխուելիք բաներուն ցուցակը երկար է եւ առաջնահերթութիւնները չեն պակսիր…։
ՀԱՅՈՐԴԻ