ՄԱՔՐՈՆ ԱՊՐԻԼ 24-Ը ՀՌՉԱԿԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

ՄԱՔՐՈՆ ԱՊՐԻԼ 24-Ը ՀՌՉԱԿԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ հռչակեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր: Ան իր այս որոշումը հրապարակեց 5 Փետրուարին՝ Ֆրանսայի մէջ հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքին ունեցած ելոյթին մէջ ի ներկայութեան ֆրանսական կառավարութեան, բազմաթիւ երեսփոխաններու, Փարիզի քաղաքապետին, ծերակոյտի անդամներու, ֆրանսացի երեւելի անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու դեսպաններու ու տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու։ Ընթրիքին մասնակցած են բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները։

Մաքրոնի խօսքով՝ Ֆրանսան 1915 թուականէն ի վեր մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւնը կը կոչէ Ցեղասպանութիւն, «որ տեւական պայքարէն ետք արդէն օրէնքով այդպիսին ճանչցուած է 2001 թուականին»:

«Ֆրանսահայերու պատմութիւնը Ֆրանսայի պատմութիւնն է: Եւ քանի որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր յիշողութիւններուն մաս կը կազմէ, ապա անոր յիշատակը պէտք է յարգուի մեր հանրապետութենէն ներս: Ձեզի հետ ես ուժերուս ներածին չափով պիտի պայքարիմ ժխտման ցանկացած դրսեւորման դէմ, որ կ’անարգէ զոհերու յիշատակն ու ողջերու արժանապատուութիւնը»,- ըսած է Մաքրոն:

Ողջունելով ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց որ «ատիկա համերաշխութեան եւ մարդու իրաւունքները պաշտպանելու ու զանգուածային վայրագութիւնները կանխելու վճռականութեան հզօր դրսեւորում է»։

Թուրքիոյ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերները դատապարտած են Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու Մաքրոնի որոշումը, ասիկա նկատելով հայ ընտրողներու քուէները ստանալու նպատակով առնուած քայլ մը։