Ամէն շաբաթ աւելի քան մէկ միլիոն բաժանորդներ կը վստահին մեզի զգալու աշխարհի զարկերակը, կը գրէ անգլիական հեղինակաւոր «The Economist» շաբաթահանդէսը, որ ամէն տարեվերջին կ’ընտրէ «Տարուան Երկիրը» ըստ այնտեղ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն տարածաշրջանային կարեւորութեանն ու միջազգային արձագանգներուն: «Այս տարուան մեր մրցանակը կը յանձնուի ոչ ամենաազդեցիկ, ոչ ալ ամենահարուստ երկրի մը: Ընդհանրապէս ընտրութիւնը կրնայ խաբուսիկ ըլլալ: Տարուան ընթացքին կատարուած աստղապսակ իրադարձութիւնը դեռ ապագայ յաջողութիւններու երաշխիքը չէ: Օրինակ անցեալ տարուան մեր ընտրած Ֆրանսայի մէջ այսօր խռովութիւններ տեղի կ’ունենան: 2015-ի մեր ընտրութեան երկիրը՝ Միանմարը յետընթաց կ’ապրի: Այդուհանդերձ, ընտրութիւն պէտք է կատարենք: Աշխատակիցներէն ոմանք առաջարկեցին Բրիտանիան ճանչնալ տարուայ երկիր, որպէս աշխարհին օգտակար զգուշացում տուող երկիր, որ ըլլալով հարուստ, խաղաղ եւ կայուն՝ կրնայ սայթաքիլ եւ սահմանադրութեանը դէմ երթալ: Ուրիշներ նշեցին Իրլանտան՝ Պրեքզիթին հակադրուելու համար: Եղան նաեւ այլ առաջարկներ՝ Մալիզիա, Եթովպիա եւ Հայաստան: Ո՞ր երկիրը ամենամեծ առաջընթաց քայլը կատարեց այս տարուայ ընթացքին:
«Մեր ընտրութիւնը կանգ առաւ այս վերջինիս՝ Հայաստանի վրայ: Սերժ Սարգսեանը փորձեց հնարամտութեամբ երկարացնել իր պաշտօնավարման ժամկէտը, ինչ որ տեղի տուաւ զանգուածային բողոքներու: Յայտնուեցաւ խարիզմատիկ, մօրուքաւոր նախկին լրագրող Նիկոլ Փաշինեանը, որ իշխանութեան ղեկին բազմեցաւ օրինական եւ պատշաճ կերպով պայքարելով կոռուպցիայի եւ անձեռնհասութեան դէմ: Անոր նոր կուսակցութիւն-դաշինքը քուէներու 70 տոկոսով յաղթանակ արձանագրեց խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն: Իշխանափոխութեան ժամանակ ոչ ոք սպաննուեցաւ: Եւ վաղեմի, բայց յաճախ սխալ կառավարուած երկիր մը այդ անհանգիստ տարածաշրջանին մէջ հնարաւորութիւն ստացաւ ժողովրդավարութեան ուղին բռնելու», կը գրէ հանդէսի խմբագիրը եւ գրութեան վերջը անգլերէն տառերով կ’աւելցնէ «Shnorhavorum yem!»: