ԱՆԼՈՒԾԱՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐԱԶ ՀԱԳՑՆԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԴԵՌ ՀԱՄՈԶԻՉ ՉԷ…

ԱՆԼՈՒԾԱՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐԱԶ ՀԱԳՑՆԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԴԵՌ ՀԱՄՈԶԻՉ ՉԷ…

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

…………………………………

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է»։ Հանճարեղ եւ հայրենասէր մեծ բանաստեղծին՝ Եղիշէ Չարենցի մարգարէաշունչ այս պատգամը այժմէական է այսօր, իր բանաձեւումէն շուրջ ութը տասնեակ տարիներ ետք, այնպէս ինչպէս այժմէական է շարականագրին բազմադարեայ մաղթանքը Ազգին՝ ՍԷՐ, ՄԻՈՒԹԻՒՆ։

Դժբախտաբար, այդ միասնութեան եւ սիրոյ ու միութեան մասին կը շարունակենք լսել միայն, առանց անոր շօշափելի ապացոյցները տեսնելու, հակառակ համընդհանուր այն կարծիքին որ անոնք թէ՛ անհատական եւ թէ՛ համազգային առաջադրանքներու եւ յանձնառութիւններու իրագործումին առաջին եւ անշրջանցելի գրաւականն են։ Նաեւ հակառակ այն համոզումին որ պատմութիւնը վկայ՝միա՛յն այդ միասնականութեամբ է որ պիտի կարենանք դիմագրաւել Ազգին եւ Հայրենիքին վերեւ դամոկլեան սուրի պէս ծառացած սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները եւ անխտիր փոքրաթիւ ժողովուրդները կլանելու սահմանուած համաշխարհայնացումի անպատեհութիւնները ։ Միասնականութի՛ւն ոչ միայն գաղութներու մակարդակով, սահմանափակ շրջագիծէ ներս, համազգային նշումներու առիթներով կամ ճակատագրական պահերուն, այլ համաշխարհային ընդգրկումով, անյեղլի յանձնառութեամբ ու կազմակերպուածութեամբ, որուն հնարաւորութիւնը, միջոցները եւ փորձառութեամբ օժտուած ըլլալու վկայութիւնը տուած է մեր ժողովուրդը։ Սակայն, դժբախտաբար, այդ հնարաւորութիւնը, միջոցները եւ փորձառութիւնը օգտագործելու ուղղութեամբ վճռորոշ քայլեր առնելու փորձերը ձախողած են։

Տասնամեակ մը առաջ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»էն (եթէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ Սփիւռքի վերապահութիւններու պատճառներու վերացումով ժողովուրդը գէթ համախմբելու միտումին նախաքայլ մը տեսնենք անոր մէջ), ակնկալուած միասնականութեան ձգտումը արծարծեց Սփիւռքի նախարարութիւնը, իր ձեւաւորումէն ետք իր լայնածաւալ, բազմադիմի եւ բոլոր պարագաներուն տակ՝ բազմաշահ ծրագիրներով եւ համազգային (Հայաստան-Սփիւռք) ձեռնարկներով, ասոնց իրագործումին մէջ յայտնուած բացթողումներով հանդերձ, ինչ որ շատ բնական էր անշուշտ նման աննախընթաց եւ յանդուգն յաւակնութիւններ ենթադրող նախաձեռնութեան մը պարագային։ Այս գերատեսչութեան ղեկավարը, Տիկին Հրանուշ Յակոբեան տասը տարի առաջ, մեզի շնորհած իր առաջին հարցազրոյցին ընթացքին, անխուսափելի նկատած էր բացթողումներ, սակայն պատրաստակամութիւն յայտնած ընդառաջելու ամէն առողջ քննադատութեան ու առաջարկութեան, սրբագրելու ամէն վրիպում։

Անցնող տասը տարիներու ընթացքին Սփիւռքի նախարարութիւնը դարձաւ այնքան փայփայուած միասնականութեան դեռ եւս թոյլ եւ անկատար առանցքը՝ իր համահայկական ձեռնարկներով միասնականութեան դրօշին տակ համախմբելով Հայութեան տարբեր խաւերու, տարբեր հոսանքներու, տարբեր գաղափարախօսներու, տարբեր ասպարէզներու ներկայացուցիչներ։ Ոմանց կողմէ յաճախ ֆոլքլորային եւ ապարդիւն որակուած այս մեծադղորդ ու մեծազանգուած հաւաքներուն անգիր նպատակը հանդիսացաւ աշխարհասփիւռ Հայութեան այնքան յորջորջուած միութեան ուժի ցուցադրութիւն մը, իսկ Սփիւռքի նախարարութիւնը ցուցափեղկը այդ ներուժին։ Այս իրականութեան փաստարկներով ողողուեցան սփիւռքահայ մամուլին էջերը եւ անոր հաստատումներով հնչեցին առաջնորդներուն ելոյթները։

Այսօր, ուղղիղ տասը տարի ետք, Հայաստանի նորակազմ իշխանութիւնները սպառած նկատեցին Սփիւռքի նախարարութեան առաքելութիւնը եւ անոր պարզ ու մեկին լուծարումը հրամայական՝ առանց պահ մը արժեւորումը կատարելու այդ տասնամեայ առաքելութեան, առանց նժարի մէջ դնելու այդ տասը տարիներու ընթացքին կատարուած հայանպաստ ու հայրենանպաստ հսկայական աշխատանքը, կշռելու դրականն ու ժխտականը, թերութիւններն ու առաւելութիւնները, առանց գնահատելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու սերտացման ճանապարհին վրայ արձանագրուած ձեռքբերումները, առանց փնտռելու պատասխանը այն հարցումին թէ «ո՞վ իրենց մեկուսացումէն, յանձնապաստան անտարբերութենէն, մինչեւ իսկ «թնքստոցէն» դուրս բերելով Հայաստան պիտի բերէր Սփիւռքի ամենէն հեռաւոր անկիւններուն մէջ իսկ ծուարած եւ այսպէս կոչուած «ծագումով հայեր»ը, անոնց մէջ վերարծարծել հայկականութեան կայծը եւ վերջապէս, առանց օգտուիլ փորձելու սփիւռք ունեցող բազմաթիւ երկիրներու փորձառութենէն։

Այս իրողութիւններուն դիմաց ինքզինք կը պարտադրէ «ի՞նչ պիտի ըլլար Սփիւռքի նախարարութեան չգոյութեան հետեւանքները» հարցումը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար մանաւանդ այնպիսի պահու մը երբ սփիւռքահայ կառոյցներու ղեկավարներու իսկ խոստովանութեամբ նահանջելու վրայ է սփիւռքը «երգով կամ առանց երգի», հիւծելու եւ սպառելու վրայ է ան։ Իր նահանջը արգելակելու համար ան պէտք ունէր եւ ունի՛ Մայր Հայրենիքի զօրակցութեան։ Այս գիտակցութեամբ է որ ան պահանջած էր Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը եւ ողջունած էր ասիկա։ Այդ պահանջը աւելի քան երբեք հրամայական է այսօր։ Ահա թէ ինչո՛ւ Սփիւռքի նախարարութիւնը որպէս այդպիսին լուծարելու յանկարծահաս որոշումը շատ զարմանալի թուեցաւ եւ մինչեւ իսկ արդար զայրոյթի ու դատապարտումի ալիք բարձրացուց, մինչ շատ բնական պիտի թուէր զայն աւելի նպատակաուղղուած դարձնելու համար կառոյցին արմատական բարեփոխութիւնը եւ ասիկա՝ աշխարհասփիւռ հայկական գաղութներուն ու համայնքներուն, քաղաքական, յարանուանական-եկեղեցական եւ այլ կառոյցներուն հետ համախորհուրդ՝ յանուն միասնականութեան եւ միասնական աշխատանքի, ազգային վերականգնումի ու զարգացման անոնց աւելի քան հարիւրամեայ փորձառութենէն օգտուիլ փորձելով, շօշափելով հայրենաշինութեան գործին մասնակցելու անոնց տրամադրութիւնները՝ ապագային հանդէպ յոյս ու հաւատք ներշնչող յեղափոխութեամբ՝ անարիւն կամ թաւշեայ, ինչպէս կ’ուզէք կոչեցէք զայն, յառաջացած լաւատեսութեան լոյսին տակ։

 «L’Etat a ses raisons que la raison ignore» (Պետութիւնը ունի իր պատճառները՝ զորս տրամաբանութիւնը կ’անգիտանայ) կ’ըսէ ֆրանսական առածը։ Սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու որոշումին միակ նպատակը (պատճառը) որ հրապարակուեցաւ՝ քանի մը նախարարութիւններ միացնելով եւ մէկի վերածելով խնայողութիւն ընել է։ Այդ քայլը ունեցած ըլլալու է պետութեան յատուկ տարբեր դրդապատճառներ ալ, հակառակ պարագային առաջ քշուած միակ պատճառը բաւարար չէ որոշումը արդարացնելու եւ զայն համոզիչ դարձնելու համար։ Անոր հետեւանքները կրնան շատ գէշ անդրադարձ ունենալ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ, վատնել այդ յարաբերութիւններուն մէջ շնորհիւ այս նախարարութեան գոյութեան յառաջացած ջերմութիւնը։ Սփիւռքի նախարարութեան անուանափոխութեամբ, նոր պիտակաւորումով եւ անոր նոր տարազ հագցնելով կարելի պիտի ըլլա՞յ այդ ջերմութիւնը պահպանել մինչ այսօր աւելի քան երբեք երկուստեք, թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ Սփիւռքին համար, հրամայական անհրաժեշտութիւն է նոր եւ աւելի որակ տալ այդ յարաբերութիւններուն, զարգացնել զանոնք, որովհետեւ միայն պահպանելը տեղքայլ պիտի ըլլայ եթէ ոչ նահանջ այն մակարդակէն որուն հասած էին այդ յարաբերութիւնները վերջին տասնամեակին։ Յոռետեսութեամբ չմեղադրուելու համար ըսենք միայն որ ժամանակը ցոյց պիտի տայ։

02 / 02 / 2019