Լիբանանի Գործարարներու Եւ Առեւտրականներու պատուիրակութեան՝ Նախագահ Միշել Աունի հետ հանդիպման առթիւ՝ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՓՕԼ ԱՅԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Լիբանանի Գործարարներու Եւ Առեւտրականներու պատուիրակութեան՝ Նախագահ Միշել Աունի հետ հանդիպման առթիւ՝  ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՓՕԼ ԱՅԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Այանեան, կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ տալ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ ձեր պատուիրակութեան հանդիպման մասին։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 13 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, Վսեմաշուք նախագահ Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի գործարարներու եւ առեւտրականներու պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Ճիւնիի առեւտրականներու գրասենեակի տնօրէն Նեսիպ Ժմայէլ։ Այնուհետեւ, պատուիրակութեան մաս կազմող մի քանի անդամներ ելոյթ ունեցան, ներկայացնելով երկրի տնտեսական, առեւտրական եւ զբօսաշրջիկային իրավիճակը այս դժուարին ժամանակներուն։ Ապա հրաւիրուեցայ ներկայացնելու կարծիքս ու հաւաքագրածս փաստերը՝ լիբանանեան հայրենիքին օգտակար դառնալու համար։

 

Հ.- Պրն. Այանեան, որո՞նք էին այն տնտեսական, գործարարական, ընկերային հարցերը, որոնք ներկայացուցիք նախագահ Միշել Աունին։

Պ.- Նախ եւ առաջ, անդրադարձանք անգործութեան ահաւոր ալիքին, որ այսօր 51 տոկոսի հասած է եւ անընդունելի նկատեցինք, որ վերջերս՝ 35,000 երիտասարդներ լքած են Լիբանանը եւ օտար երկինքներու տակ աշխատանք կը փնտռեն։ Մանաւանդ նկատի առնելով թէ՝ արաբական երկիրներու տնտեսական վիճակը յոգնած է այս օրերուն, մեր երիտասարդները կ’արտագաղթեն Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա։ Միւս կողմէ, հազարաւոր եգիպտացի, պանկլատէշցի եւ աւելի քան 1.5 միլիոն սուրիացի բանուորներ եւ արհեստաւորներ ոչ միայն այսօր կ’աշխատին աժան ձեռավարձերով, այլեւ կը գրաւեն լիբանանցի վարպետ արհեստաւորներու, երկրաչափերու, ելեկտրոնագէտներու, ինքնաշարժներու մասնագէտներու տեղերը, որպէս աշխատող եւ առեւտրական։ 3 տարի առաջ, այն ժամանակուան Լիբանանի աշխատանքի նախարար Սըժաան Էզզէին յղած էի նամակ մը, ըսելով որ օրէնքը կ’ըսէ, թէ Լիբանանի մէջ օտարահպատակ գործաւորներուն թիւը պէտք չէ 10 տոկոսը անցնի, իսկ 90 տոկոսը պէտք է լիբանանցիներ ըլլան։ Հարկաւոր էր վերահսկողութիւն եւ տուգանքներ հաստատել օտարահպատակ աշխատցնող լիբանանեան ընկերութիւններուն վրայ։ Դժբախտաբար սակայն, այսօր պատկերը ահաւոր է։ Աշխատանքային շուկային մէջ օտարներ կը կազմեն 90 տոկոս, մինչ 10 տոկոսը լիբանանցիներ են։ Ստիպուած, մեր վարպետ արհեստաւորներն ու մասնագէտները կը դիմեն արտագաղթի դէպի աշխատանքի նոր հորիզոններ։

 

Հ.- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, ինչպիսի՞ն էր ձեր անդրադարձը ընկերային եւ առողջապահական իրավիճակի մասին։

Պ.- Ըստ Լիբանանի Առեւտուրի գրասենեակի վիճակագրական տուեալներուն, շուրջ 800,000 յարկաբաժիններ կառուցուած են եւ պարապ են ու նոյնիսկ կէս գինով իսկ անկարելի է զանոնք վաճառել…։ Միւս կողմէ, վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրէն իսկ, աղբանոցներու գարշահոտութիւնը կը հասնի մինչեւ Ճիւնի, Պրումմանա, Աշրաֆիէ եւ այլ շրջաններ, ազդելով ոչ միայն զբօսաշրջիկութեան վրայ, այլեւ պատճառ դառնալով վտանգաւոր հիւանդութիւններու, որոնց բուժումը մեծ գումարներու կը կարօտի։ Մանաւանդ եթէ նկատի առնենք դեղերու սղութիւնը, որ մի քանի անգամ աւելի է ոչ միայն արաբական երկիրներէն, այլ եւ եւրոպական դեղերու շուկայէն…։

 

Հանդիպման աւարտին՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահէն խնդրեցինք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ համահունչ, Ապրիլ 24-ը, Լիբանանի Նահատակաց Մայիս 6-ի ոգեկոչման հետ արժանացնէ պետական ճանաչման։ Հուսկ, մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելով վսեմաշուք նախագահ Միշել Աունին, հրաժեշտ առինք, դարձեալ հանդիպելու ցանկութեամբ։

 

Հարցազրոյցը վարեց՝

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ