Հայկական ձեռագիրներ. «ՄԵՐ ՀՈՅԱԿԱՊ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐԻ ՄՈՒԹ ԽՈՒՑԵՐՈՒՄ…»

Հայկական ձեռագիրներ. «ՄԵՐ ՀՈՅԱԿԱՊ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐԻ ՄՈՒԹ ԽՈՒՑԵՐՈՒՄ…»

 ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

«Եկեղեցին Հայկական»

………………………………..

Սրբութիւններ են անոնք. մեր ձեռագիրները. Աւետարան, Աստուածաշունչ, Շարակնոցներ, Ճառընտիրներ, ճաշոցներ… :

Դարերու ու ժամանակներու «Ծիր կաթին»ը կտրած՝ անոնք կ’աղօթեն այսօր մեր վանքերուն մէջ եւ այլուրեք երկրագունտի տարածքին. լռին ու թաքուն կը շնչեն այդ էջերը մագաղաթեայ, մատենադարաններու ու թանգարաններու կառոյցներուն ներքեւ, Օշականի Սուրբին տառերովը անժանգոտելի:

Հայոց Պատմագիրքը կը յիշեցնէ, թէ ի՛նչպէս անցեալին հարեւան ազգեր, քաղաքակրթութենէ զուրկ ցեղեր, ասպատակելով հայուն հողը, մշտատեւ հետապնդած են աւարել եւ նոյնիսկ բնաջնջել մեր տոհմային սրբութիւնները:

4-րդ դարուն, այսպէս էր կատարած արդէն Շապուհ Բ. (310-379) պարսիկ արքան. «Զամենայն կարգ քրիստոնէութեան ջանայր խափանել… եւ զորս միանգամ գիրս գտանէր՝ այրէր…»: Մէկ խօսքով, Շապուհ Բ. պատուիրած էր իր զօրքերուն՝ այրել յունարէն գրուած բոլոր մատեանները. «Զի յայնժամ գիր դպրութեան Հայոց չեւ եւս էր լեալ, եւ յունականաւն վարէին եկեղեցւոյ կարգ» (Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Գիրք երրորդ, Գլ. ԼԶ., Վենետիկ 1881, էջ 471-472):

Այրե՛լ… շեշտագրած էր Խորենացին, որ ափսո՜ս դառնաղէտ իրողութեան մը պատկերումն էր. հրկիզել, մրկել. նպատա՞կը՝ ոչնչացնել, անյայտացնել:

Յետագային, պատմական իրերայաջորդ դէպքերը պիտի հաւաստեն, թէ Հայաստան պիտի չապրի լիով դարաշրջան մը խաղաղութեան՝ առանց պատերազմի, արիւնախանձ ներխուժումներու ու աւարառութիւններու, որոնք 7-րդ դարէն սկսեալ պիտի սաստկանան արաբական արշաւանքներով:

«Ոչ մի օր, կամ միոյ ժամանակի հանդիպեցաք անդորրութեան… ամենայն ժամանակ աւուրց մերոյ լի եղեւ խռովութեամբ եւ նեղութեամբ…»:

Արիստակէս Լաստիվերտցի 11-րդ դարու հայ պատմիչն է հեղինակը սոյն խօսքերուն. ան, քառասուն տարի ականատեսը պիտի ըլլայ սելճուկեան ծայրայեղ դաժանութիւններուն ու վկայէ. «Բոլոր անոնք, որ սուրը չկոտորեց, մոլորական աստղերու նման ցրուեցան» (Պատմութիւն, Արիստակէս Լաստիվերտցի, Վենետիկ, 1901):

Այս փոթորկուն ու անհամբոյր ժամանակաշրջանին, անհնարին էր ծաղկեցնել «ուսում եւ գրականութիւն». եւ սակայն, աւելին էր պէտք տապալելու համար հայը. աւելին էր պէտք անթեղելու անոր առհաւական սրբութիւնները, մեր ձեռագիրները մագաղաթեայ:

Իսկ ու՞ր էին անոնք, եթէ ոչ մեր վանքերուն մէջ, ուր կային տակաւին վարդապետներ, որ կը ջանային «պահպանել ուսումնական կեանքը», ինչպէս կը ստորագծէ մասնագէտ Հ.Կ. Քիպարեան (Պատմութիւն Հայ Հին Գրականութեան, Վենետիկ – Ս. Ղազար 1992, էջ 316):

Ուշագրաւ պիտի ըլլար ընթերցել հայրենի բանասէր Գէորգ Աբգարեանի (1920-1998) աշխատասիրութիւնները, որու գրիչին կը պատկանին պատմաբանասիրական ու ձեռագրագիտութեան նուիրուած միջազգային մակարդակի հետազoտութիւններ: «Մատենադարան» վերադիրով իր երկին մէջ, ան ստորագրած է հետեւեալը. «Նուաճողների արշաւանքներին ու աւերածութիւններին հայ ժողովուրդը միշտ պատասխանել է իր անսպառ ստեղծագործական եռանդը կրկնապատկելով: Մի կողմից թշնամին այրել ու ոչնչացրել է ձեռագրերը, միւս կողմից ժողովուրդը լեռների քարանձաւներում ու անմատչելի ժայռերի ծերպերում պահել ու փայփայել է իր սիրելի գիրքը» (Մատենադարան, Երեւան 1962, էջ 7):

Փայփայելու համար այդ «սիրելի գիրքը», Հայաստանի ամբողջ տարածքին հիմնուած էին գրչութեան կեդրոններ. Սանահին, Գեղարդ, Կեչառոյք, Սաղմոսավանք, Տաթեւ, Հաղբատ, Գլաձոր, Յովհաննավանք, Աղթամար, եւ աւելի հեռու Կիլիկիայի մէջ՝ Սիս, Բարձրաբերդ, Ակներ, Դրազարկ, Հռոմկլա, Գռներ, Սկեւռա… ուր տասնամեակներ անդուլ, հայ գրչութեան մշակները պիտի շարունակեն ու յարատեւեն յոգնաբեղուն՝ գրել ու վերարտագրել, նկարազարդել ու ծաղկել մեր ձեռագիրներն ու մագաղաթները, երկնելով մանրանկարչութեան ու գեղանկարչութեան արուեստաշխարհին մէջ անառարկելի գլուխ գործոցներ:

«Եւ այսպէս, գրիչները… անբարենպաստ պայմաններում, զոհաբերելով իրենց առողջութիւնը, գիշեր-ցերեկ աչքի լոյս են սպառել, որպէսզի լոյս եւ գիտութիւն հաղորդեն մարդկանց», կը մատնանշէ Գէորգ Աբգարեան (Անդ, էջ 5 եւ էջ 9):

Կեանք տալ ու գունագեղել մեր ձեռագիրները՝ եղած է վեհ մտմտանքը մեր գրիչներուն, որոնց համար Աւետիք Իսահակեան սոյն հոգեգրուած տողերն է շարահիւսած.

«Մեր հոյակապ հին վանքերի մութ խուցերում, մենութեան մէջ պատմիչները մեր վշտահար, մեղմ կանթեղի լոյսով անշէջ, մի նշխարով, մի կում ջրով եւ ճգնութեամբ գիշերն անքուն, պատմութիւնը մեր գրեցին մագաղաթի վրայ դժգոյն»:

Հարկ է եղած, նոյնիսկ, «տեւական մաքառումների գնով» (Անդ, էջ 5) պահպանել զանոնք. այդուհանդերձ, պիտի կորսուին էջեր, պիտի անհետանան ձեռագիրներ, ու բազմաթիւ հեղինակներու պատմագրական որոշ երկեր պիտի մնան անգտանելի ժամանակի ալեկոծումներուն մէջ. յիշենք՝ Շապուհ Բագրատունի եւ Ուխտանէս

(10-րդ դար), Յովհաննէս Սարկաւագ եւ Յովհաննէս Տարօնացի (11-րդ դար), Մխիթար Անեցի (12-րդ դար), Վանական (13-րդ դար). ինչպէս նաեւ՝ յոյն հեղինակ Կալիմաքոսի, Անդրոնիկոսի, Ողիմպիոդորոսի, Հերակլիտի գրութիւններուն հայերէն թարգմանութիւնները:

Բայց կայ տակաւին՝ դե՛ռ աւելի նողկալին, որ աւանդած է 13-րդ դարու պատմիչ Ստեփանոս Օրպելեան:

Բաղաբերդ… ամրոց մը Սիւնեաց աշխարհին մէջ, որ պիտի ըլլայ թատերավայրը սելճուկ հորդաներու տմարդութեան:

Նկատուած ամրակառոյց ու անմատչելի, եւ այս հանգամամքով ալ հո՛ն, «մթերեալ կայր բազում սրբութիւնք… կտակարանք…», կը պատմէ Ստեփանոս Օրպելեան. այսինքն, Տաթեւի վանքին եւ այլ գաւառներու վանքերէն բերուած հայկական անգնահատելի հարստութիւններ ու անհամար թիւով ձեռագիրներ:

1170 թուականին, սելճուկները խաբէութեամբ կը գրաւեն Բաղաբերդը: Հետեւա՞նքը. սաստիկ սպանդ, կոտորած, աւար, կողոպուտ … :

Թոյլ տանք, որ Ստ. Օրպելեան անձամբ պատմէ սոյն արհաւիրքը. «Եւ զի վասն անառիկ ամրութեան յամենայն վանօրէիցն անդ էին կուտեալ զսրբութիւնս եւ զգրեանս եւ զսպաս եկեղեցւոյ, եւս առաւել՝ զանհամար եւ զաննման սրբութիւնս եւ սպաս եկեղեցւոյ Տաթեւոյ՝ փարթամ եւ հարուստ աթոռոյն, խաչ եւ վկայարանք յոսկւոյ եւ յարծաթոյ, եւ անգին ակամբք եւ անհուն մարգարտով զարդարեալ, եւ կտակարանք յոլովք, որք թուով աւելի քան զ10.000 զորս ամբարեալ էին անդ: Ամենայն առ հասարակ գերի վարեցան եւ ցան ու ցիր եղեն ընդ երեսս աշխարհի» (Ստ. Օրպելեան, Պատմութիւն նահանգին Սիսական, Փարիզ, 1859, հտ. Բ., էջ 80):

Հէքեաթ մը չէ հազարումէկ գիշերներու, այլ՝ թանձրական իրականութիւն:

Դար մը առաջ՝ ինկած էր Անին. 6 Յունիս 1064:

ԱլփԱսլան ու անգամ եւս նոյն սելճուկ ցեղի հրոսակները՝ կեղեքած ու կործանած էին Բագրատունեաց թագաւորութեան շքեղակերտ մայրաքաղաքը:

Ակնարկելով այս տխրասարսուռ եղելութեան, Հ.Ս. Տէր-Մովսէսեան պիտի գրէ դառնակսկիծ. «Ինչ որ մարդկային հանճարը դարերով ստեղծեր էր, բարբարոս ձեռքը մէկ օրուան մէջ քանդեց (Պատմութիւն Հայոց, Վենետիկ – Ս. Ղազար 1923, մասն Բ., Էջ 439):

Ու Բաղաբերդը՝ ճի՛շտ այդ ափսոսն է, իսկ սելճուկեան ձեռքը՝ ճիշտ այդ սեւ դիրտը մեր հողին վրայ:

Իմաստուն Խորենացին ամէն ինչ էր նախատեսած. «Այրել». այսինքն՝ անէացնել, բնաջնջել. եւ այս անգամ, տասը հազարէ աւելի ձեռագիրներ… եւ արդեօք, քանի՜ միլիոն «աչքի լոյս», սիրելի բանասէր:

Ահեղ է կորուստը մեր պատմութեան նժարին վրայ:

Եւ այդ նժարին վրայ, ուր այլեւս պիտի չհասնի ձեռքը սելճուկին, թերեւս ըլլան երեսուն հազար ձեռագիրներ լոկ այսօր՝ Հայաստանի մէջ թէ այլուր:

Ձեռագիրներ… որոնց դիմաց կը վերյիշեմ խօսքերը մեր Պատմահօր. «Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր… սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոց յիշատակի… » (Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Վենետիկ 1881, Գիրք Ա. Գլ. Ա. էջ 15)։

Փոքր ածու, որ « Մեր հոյակապ հին վանքերի մութ խուցերում… » երկնեց օր մը ձեռագրութիւնը ու վերածեց նիւթը գաղափարի. վերածեց մագաղաթը աղօթքի, դրոշմելով հոն համակ լուսեղինութիւնը մեր դարարմատ քրիստոնէական հաւատքին, «ի հոտ անուշից՝ ի հաճոյս Քեզ…», որպէս ինքնաընծայում Աստուծոյ խորանին:

Երեսուն հազար ձեռագիրներ, որոնք մեր պատմութեան ոսկեգիծը կը խորհրդանշեն. այդ գիծէն անդին՝ հորիզոնն է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան:

L0018935 Armenian manuscript.
Credit: Wellcome Library, London. Wellcome Images
[email protected]
http://wellcomeimages.org
Composite Armenian manuscript
copied by the scribe Khachatur dpir 1795.
The main text in this manuscript is a work concerning the heavenly movements composed by the 13th-century Armenian philpsopher Hovhannes Erznkac’i. The illuminated page shows an astronomer gazing through a telescope. The sun and moon can be seen just below a band of cloud
which supports the signs of the zodiac.
Published: –
Copyrighted work available under Creative Commons Attribution only licence CC BY 4.0 http://creativecommons.org/licenses/by/4.0/