ՏԻԱՐՊԵՔԻՐԻ ՄԷՋ 1200 ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է

ՏԻԱՐՊԵՔԻՐԻ ՄԷՋ 1200 ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Տիարպեքիր նահանգի Քայափընար շրջանին մէջ յայտնաբերուած է 1200 տարուան 37 էջերէ բաղկացած Նոր Կտակարան մը։ Գտածոն առգրաւուած է խումբ մը գանձագողերու ձեռքէն: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը։

Աղբիւրին համաձայն, գործին առնչութեամբ ձերբակալուած են երեք կասկածելիներ, որոնք ենթադրաբար ուզած են վաճառել Աստուածաշունչը՝ իբրեւ հնագոյն հազուագիւտ իր։

Գտածոն տարուած է յատուկ ուսումնասիրութեան: Արդէն յայտնի է, որ անիկա ունի առնուազն 1200 տարուան պատմութիւն: Աղբիւրը չի մանրամասներ, թէ ինչ լեզուով շարադրուած է Նոր Կտակարանը:

Վերջին օրերուն Տիարպեքիր նահանգի Սիլուան շրջանին մէջ՝ գանձագողութեան մեղադրանքով՝ ձերբակալուած է 8 մարդ, անոնցմէ 4-ը բարձրաստիճան ոստիկաններ: Հարցաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ ոստիկանները Սիլուանի մէջ պեղումներ սկսած են կատարել՝ հայկական գանձեր գտնելու նպատակով:

07/02/2019