Թրքական պարբերականը կը հաստատէ. ԱՆԻՆ 1001 ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔ Է ՈՒ ԱՍԻԿԱ ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ ՉԷ

Թրքական պարբերականը կը հաստատէ. ԱՆԻՆ 1001 ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔ Է ՈՒ ԱՍԻԿԱ ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ ՉԷ

Թրքական ամենաշատ տպաքանակ ունեցող ընդդիմադիր Sozcu պարբերականը անդրադարձած է 10-11-րդ դարերու Հայոց մայրաքաղաք Անիին։

Թրքական պարբերականի հրապարակումը եզակի է, քանի որ վերջապէս Անին ներկայացուած է որպէս հայկական։

Նախաբանին մէջ կը նշուի որ Հայոց Բագրատունիներու օրով Անին տարածաշրջանային կարեւոր ուժային ու մշակութային կեդրոն էր։

«Անիի բարգաւաճման գագաթնակէտը եղած է 11-րդ դարուն։ Զայն նաեւ 1001 եկեղեցիներու քաղաք անուանած են, ինչ որ այնքան ալ չափազանցութիւն չէ, քանի որ արդէն յայտնաբերուած են աւելի քան 40 եկեղեցի, վանք ու մատուռ։ Կ’ենթադրուի որ Անիի մէջ ապրած է մինչեւ 100 հազար բնակչութիւն։

Անիի գլխաւոր եկեղեցին՝ Մայր տաճարը կառուցուած է Հայոց Գագիկ թագաւորին օրով, իսկ ճարտարապետը եղած է Տրդատը։ Միեւնոյն Տրդադն է որ վերականգնած է Ստամպուլի Սուրբ Սոֆիայի գմբեթը»,- նշուած է հրապարակման մէջ։

Թրքական պարբերականը նաեւ անդրադարձած է Անիի Տիգրան Հոնենցի, Աբուղամրենցի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն։

NEWS.am-ը կը յիշեցնէ, որ Անիի մէջ որեւէ ցուցանակի վրայ չկայ «հայ» կամ «Հայաստան» բառերը։