ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՆՈՐ ՍԽՐԱՆՔՈՎ ՄԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԲԱՑԱՒ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՆՈՐ ՍԽՐԱՆՔՈՎ ՄԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԲԱՑԱՒ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

…………………………………

2019, 3-5 Փետրուար, համաշխարհային բեմին լուսարձակները ուղղուած էին Ապու Տապիի վրայ՝ հետեւելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի Արաբական Միացեալ Էմիրութիււններ պաշտօնական այցելութեան իւրաքանչիր քայլափոխին։ Քիչ է «պատմական» որակել իսլամական երկիր մը այս աննախընթաց այցելութիւնը, որուն արդիւնքը ցոյց տուաւ համաշխարհային շահեկանութիւն ներկայացնող հրատապութիւններու յաղթահարման ճանապարհը։

Արդարեւ, Պապին եւ Ալ Ազհարի Մեծ Իմամին կողմէ 4 Փետրուարին ստորագրուած «ի խնդիր համաշխարհային խաղաղութեան եւ հասարակաց համակեցութեան՝ Մարդկային Եղբայրութեան Յայտարարութիւն»ը իր կարեւորութեամբ աննախընթաց հանգրուան մըն է իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան մէջ։ Ան հանդիսացաւ «Մարդկութեան ապագային համար խաղաղութեան եւ յուսոյ հզօր ազդանշան մը» ինչպէս ըսաւ Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակի տնօրէնը՝ Ալեսանտրօ Ճիզոթի։ Այս փաստաթուղթով՝ ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ալ Թայեպ Մեծ Իմամը միասնաբար ցոյց տուին խաղաղութեան եւ հաշտութեան ճանապարհը զոր կոչուած են որդեգրելու ոչ միայն քրիստոնեաները եւ իսլամները, այլ բարիկամեցողութեան տէր բոլոր մարդիկը։ Անոնք առանց երկդիմութեան զգուշացուցին Աստուծայ անունը օգտագործելէ՝ արդարացնելու համար պատերազմը, ահաբեկչութիւնը կամ ամէն ձեւի բռնարարք։ «Ո՛չ ոքի արտօնուած է Աստուծոյ անունը օգտագործել այսպիսի արարքներու համար» ազդարարեցին անոնք։

Ինչպէս նկատել տուին վատիկանեան աղբիւրները, « ի խնդիր համաշխարհային խաղաղութեան եւ համակեցութեան Մարդկային Եղբայրութեան Յայտարարութիւն»նով՝ «այնքան գաղափարական բաժանումներու եւ կրօնամոլութիւններու հետեւանքով վիրաւոր մարդկութեան դիմաց Պապը եւ Ալ Ազհարի Մեծ Իմամը ցոյց կու տան որ հանդիպումի մշակոյթը երազ մը չէ, այլ անհրաժեշտ պայմանը խաղաղութեամբ ապրելու եւ ապագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելու աւելի լաւ աշխարհ մը քան այն որուն մէջ կ’ապրինք այսօր» ։

Այս փաստաթուղթը առաջին ողջունողը եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխ նախագահ եւ վարչապետ Մոհամէտ Պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթում, փաստաթուղթի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք, Ապու Տապիի «Ֆաուտըրզ Մեմորիըլ»ի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական հանդիպումի մը ընթացքին, նուիրուած ԱՄԷ-ի հիմնադիր Զայէտ Պեն Սուլթան Ալ Նահիանին։ Վարչապետը հաստատեց իր երկրին յանձնառութիւնը շարունակելու եղբայրութեան զարգացումը։ Ապա ան յայտարարեց «Մարդկաին Եղբայրութեան Մրցանակ»ին ստեղծումը եւ առաջին երկու մրցանակներուն յանձնումը Պապին եւ Մեծ Իմամին։ «Այս մրցանակին նպատակն է պատուել բոլոր անոնք որոնք անդուլ եւ պարկեշտութեամբ կ’աշխատին մարդիկը միացնելու համար» ըսաւ ան։

Պապի մը արաբական թերակղզի այս առաջին այցելութեամբ նոր էջ մը բացուեցաւ կրօնքներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ։ Ան միաժամանակ հանդիսացաւ ոչ միայն կաթողիկէներուն, այլ իրենց հաւատքին համար հալածուող քրիստոնեաներուն Վատիկանի զօրակցութեան վկայութիւնը։

Արդարեւ, 5 Փետրուարին «Zayed Sport City» մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ներկայ 180 հազար գնահատուած հաւատացեալներու մէջ կային բազմա֊թիւ տարբեր ազգի եւ կրօնքներու հետեւորդներ, յատկապէս բազմահազար իսլամներ։

Ապու Տապիէն վերադարձին, Պապը խոստովանեցաւ որ իր այս 27-րդ առաքելական ուղեւորութիւնը եղաւ շատ կարճ (միայն երկու օր), սակայն հանդիսացաւ մեծ փորձառութիւն մը, որ մեծապէս տպաւորեց զինք երկրին արդիականութեամբ, անոր «բացուածութեամբ», «եղբայրական իսլամականութեամբ» որ կը զարգացնէ, «կրթութեամբ», «թեքնիք նորարարութիւններով« եւ «դէպի ապագայ հայեացքով»։

Պապը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Նախկիններու իսլամական Խորհուրդին հետ ունեցած «խոր» հանդիպումին համար, ըսելով որ Նախնիք կոչումն ունին քաջալերելու իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը եւ անոնք զինք տպաւորեցին իրենց իմաստութեամբ եւ հաւատարմութեամբ, որոնք մեկնակէտերն են ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան։

Եւ վերջապէս, անդրադառնալով Մարդկային Եղբայրութեան Յայտարարութեան, Պապը ըսաւ որ անոր մշակումը ամիսներ տեւեց եւ անոր նպատակն է դիմակալել «միակ մեծ վտանգը»՝ քանդումը, պատերազմը, ատելութիւնը մեր միջեւ։ «Եթէ մենք, հաւատացեալներս, կարող չենք իրարու ձեռք ձեռքի տալու, ողջագուրուելու, ինչպէս նաեւ միասին աղօթելու, ուրեմն մեր հաւատքը պարտուած կ’ըլլայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս։

6 / 02 / 2019

ABU DHABI, UNITED ARAB EMIRATES – February 4, 2019: Day two of the UAE papal visit – (L-R) HH Sheikh Mohamed bin Rashid Al Maktoum, Vice-President, Prime Minister of the UAE, Ruler of Dubai and Minister of Defence, His Holiness Pope Francis, Head of the Catholic Church, and HH Sheikh Mohamed bin Zayed Al Nahyan, Crown Prince of Abu Dhabi and Deputy Supreme Commander of the UAE Armed Forces, stand for a national anthem during an official reception at the Presidential Palace. 
( Ryan Carter / Ministry of Presidential Affairs )