ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
…………………………………
25 Դեկտեմբեր 2019։
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Ձեզի մեզի մեծ աւետիս»։
Այսօր, սովորական «բարեւ, ինչպէ՞ս ես»ին փոխարէն Քրիստոսի ծննդեան աւետիսով մարդիկ կ’ողջունեն զիրար։
Այսօր, նոր տարուան նախօրեակին, տօնական է մթնոլորտը, բայց ոչ միայն աշխարհիկ հասկացութեամբ, այլ մանաւանդ քրիստոնէական։
Այս օրուան նշումը ուրախալիր ըլլալով հանդերձ սովորական տօնակատարումներուն նման պէտք չէ ըլլայ։
Որովհետեւ, ինչպէս կ’ըսէ Աւետարանը, «այսօր մեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ օծեալ Տէրն է»։
Այդ օր, անշուք եղաւ Յիսուսի ծնունդը։ Արեւելքի հեռաւոր ափերէն միայն մոգեր յատուկ լուսաստղով մը առաջնորդուելով եկան ու խոնարհեցան Յիսուս մանուկին դիմաց, անոր սնարին վերեւ կանգնած Տիրամօր եւ սուրբ Յովսէփի կողքին, որովհետեւ այդ ժամանակներուն գոյութիւն չունէին այսօրուան հաղորդամիջոցները՝ համայն աշխարհին իմացնելու համար Փրկչին ծնունդը։ Այսուհանդերձ, առանց այդ հաղորդամիջոցներու օգնութեան՝ աշխարհ իմացաւ եւ եկեղեցիներու զանգակներուն ղօղանջը ծնունդին աւետիսը կը հնչեցնէ ահաւասիկ աւելի քան 20 դարէ ի վեր եւ դեռ պիտի շարունակէ հնչեցնել մինչեւ աշխարհին կատարածը։ Մարդիկ կ’երթան եւ պիտի շարունակեն երթալ խոնարհելու համար սուրբ մսուրին առջեւ։
Դժբախտաբար, սակայն, շատերուն համար սուրբ Ծնունդի յիշատակութիւնը շուտով դուրս գալով հոգեւոր ապրումներու սահմանէն կը վերածուի աշխարհիկ տօնակատարումի։ Շուտով կը մոռցուին եկեղեցիներու զանգակներուն ղօղանջը, մսուրն ու շարականները։ Զանոնք փոխարինելու կու գան տօնականօրէն զարդարուած վաճառատուներու ցուցափեղկերը, նուէրներու ակնկալութիւններն ու փոխանակումները, առատ կերուխումի սեղանները, խրախճանքները, մսխումները։ Կը մոռցուին մսուրին առջեւ կատարուած քրիստոնէավայել ու բարեմասնական յանձնառութիւնները, Յիսուս մանուկին տրուած առաքինական խոստումները, Անկէ ակնկալուած բարիքները։ Այդ Սուրբ Օրը կը դառնայ աշխարհիկ վայելքներու առիթ։
Որպէսզի յոռի երեւոյթներու մասին քահանայական չափազանցուած վկայութիւններ չթուին վերեւի քննադատութիւնները, պէտք է միաժամանակ անդրադառնանք սուրբ Ծննդեան տօնէն թելադրուած հոգեւոր արժէքներուն, վայելքներուն ու բարեմասնութիւններուն հաւատարիմ մարդոց, որոնք սուրբ Ծննդեան յիշատակութիւնը կը վերածեն մանաւանդ հոգեւոր տօնակատարումի եւ այդ օր կը մտածեն իրենց ուրախութեան բաժնեկից դարձնել զրկեալները, մտահան չեն ըներ ընկերութեան լուսանցքին վրայ ապրելու դատապարտուած ընտանիքները, հիւանդները, անօգնական ծերերը, ընտանեկան ջերմութենէն զրկուած մանուկները, հանապազօրեայ հացի կարօտ մարդիկը եւ գէթ մխիթարութիւն եւ կարեկցութիւն ակնկալող թշուառները։ Մարդկայնական այս բարեմասնութիւններուն մղում տուող զգացումը Սէրն է, քրիստոսաւանդ ճշմարիտ եւ անշահախնդիր սէրը, որ կը մղէ հաւատացեալ մարդը նուիրումի, շրջապատին նուիրուելու եւ ծառայելու անհաշիւ, առանց փոխադարձը ակնկալելու։ Ան այս սիրոյ եւ նուիրումին մէջ կը փնտռէ երջանկութիւնը։ Ճշմարտապէս հաւատացեալ մարդն է որ կրնայ ցուցաբերել այսպիսի ողորմասրտութիւն եւ կարեկցութիւն հանդէպ իր նմանին, երբեմն նոյնիսկ իր անձնական մտահոգութիւններու հաշւոյն։ Այսպիսի մարդուն համար քրիստոնէական ապրումը չի սահմանափակուիր եկեղեցական կամ հոգեւոր ձեւակերպութիւններու մէջ։ Չի սահմանափակուիր սուրբ Ծննդեան յիշատակութեամբ օր մը միայն, այլ այդ Օրուան խորհուրդը կը դառնայ կեանքի ուղեցոյց եւ ներշնչման աղբիւր։
Ժամանակակից պայմաններուն մէջ հեշտ չէ անշուշտ այսպիսի զգացումներով տոգորուիլ եւ համապատասխան տրամադրութիւններով առաջնորդուիլ։ Միայն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած մարդը կրնայ յաղթահարել սուրբ Ծննդեան խորհուրդին թելադրած ապրումներու արտայայտութիւնները խոչընդոտող փորձութիւնները։ Սուրբ Ծնունդը կը զգացնէ քրիստոնեայ ընտանիքին եւ Հայ Դպրոցին վստահուած այդ դաստիարակութեան հրամայականութիւնը։