ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՆԿԵՂԾ ԵՒ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՔ

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՆԿԵՂԾ ԵՒ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՔ

2019 Սեպտեմբերի 1-ին՝ «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքը կարդալէ առաջ, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութեան մէջ ըսաւ.

«Դու՝ ինձ, ես՝ քեզ սկզբունքով հաղորդակցութիւնը կը խեղաթիւրէ մարդոց միջեւ կապը, զայն կը վերածէ գործարքի, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ կը յառաջացնէ անձնական շահադիտական հետաքրքրութիւն, մինչդեռ մարդկային յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան անկեղծ եւ անշահախնդիր»:

Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց, որ օրուան աւետարանական ընթերցանութեան հատուածը մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսը, որ կը մասնակցի ճաշի՝ փարիսեցիներու իշխանաւորներէն մէկուն տունը: Հետեւելով հրաւիրուածներուն՝ Յիսուս կը նկատէ, որ հիւրերը կը շտապեն զբաղեցնել առաջին տեղերը:

«Նման վարքագիծը շատ տարածուած է նաեւ մեր օրերուն, ընդ որում, ոչ միայն ճաշի հրաւէրի հետ կապուած: Առաջին տեղը գրաւելու ձգտումը թելադրուած է միւսներուն նկատմամբ որոշակի երեւակայական գերակայութիւն հաստատելու ցանկութեամբ: Առաջին տեղերու համար մղուող այս պայքարը  կը վնասէ ե՛ւ քաղաքացիական ե՛ւ եկեղեցական համայնքներուն, քանի որ կը կործանէ եղբայրական յարաբերութիւնները: Մենք բոլորս կը ճանչնանք նման փառասէր մարդիկ, որոնք ամէն ինչ կ’ընեն՝ առաւել բարձր դիրք գրաւելու համար: Անոնք կը կործանեն եղբայրութիւն:

Յիսուս հիւրերուն կը պատմէ երկու կարճ առակ: Առաջին առակը ուղղուած է ճաշի հրաւիրուածներուն եւ անոնց կոչ կ’ընէ չնստիլ լաւագոյն տեղերը, որպէսզի այն պարագային երբ իրենցմէ առաւել պատուական մէկը հրաւիրուած ըլլայ՝ ստիպուած չըլլան ամօթով զիջիլ իրենց տեղերը: Ասոր համար ալ Յիսուս կը սորվեցնէ նստիլ վերջին տեղը, որպէսզի տանտէրը հրաւիրէ նստելու աւելի բարձր տեղ:

«Այսպիսով, մենք պէտք չէ փնտռենք ուշադրութիւն շրջապատի կողմէ: Այլ բան է, երբ շրջապատը ինքը հարկ կը համարէ տալ քեզի այդ ուշադրութիւնը: Յիսուս մեզի միշտ ցոյց կու տայ խոնարհութեան ուղին, քանի որ ասիկա է միակ ճիշդ ճանապարհը իրական յարաբերութիւններ ունենալու համար: Եւ խօսքը անկեղծ խոնարհութեան մասին է եւ ոչ թէ՝ կեղծ…»:

Երկրորդ առակը ուղղուած է տան տիրոջը: Յիսուս կ’ըսէ.

«Երբ ճաշ կամ ընթրիք կու տաք, մի՛ կանչեր ո՛չ բարեկամներդ, ո՛չ եղբայրներդ, ո՛չ ազգականներդ եւ ո՛չ ալ հարուստ հարեւաններդ, որպէսզի անոնք ալ փոխարէնը քեզ չհրաւիրեն, եւ քեզ հատուցում ըլլայ: Այլ, երբ ընդունելութիւն ընես, կանչէ աղքատները, խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը, եւ երանելի կ’ըլլաս, որովհետեւ փոխարէնը քեզի հատուցելու ոչինչ ունին»:

Յիսուս այստեղ եւս կ’երթայ հոսանքին հակառակ, ինչպէս միշտ, ցուցաբերելով Երկնային Հօր տրամաբանութիւնը: Ան կը բացատրէ Իր խօսքը, որ եթէ դուն ունենաս անկեղծ յարաբերութիւններ, ապա «ասոր փոխարէն քեզի կը հատուցուի արդարներու յարութեան օրը»:

Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք, որոնք կը դրսեւորեն նման ճիշդ պահուածք եւ վարքագիծ, կը ստանան աստուածային պարգեւ, որ աւելին է, քան այն սկզբունքը, որ գոյութիւն ունի մարդոց միջեւ՝ քու մատուցած ծառայութեան դիմաց՝ ես եւս ծառայութիւն կը մատուցանեմ քեզի: Ասիկա քրիստոնէական չէ.- ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

«Քրիստոնէական առատաձեռնութիւնը անկեղծ է: Մինչդեռ «դու՝ ինձ, ես՝ քեզ» սկզբունքով հաղորդակցութիւնը կը խեղաթիւրէ մարդոց միջեւ կապը՝ զայն վերածելով գործարքի, կը յառաջացնէ անձնական հետաքրքրութիւն յարաբերութիւններու մէջ, որոնք պէտք է ըլլան անկեղծ եւ անշահախնդիր: Յիսուս մեզի անշահախնդիր առատաձեռնութեան կոչ կ’ընէ»:

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ «բոլորէն առաւել խոնարհ ու բարձր է», օգնէ մեզի գիտակցելու այդ ամէնը եւ  ճիշդ դրսեւորուելու, նուիրուելու ուրախութեամբ առանց որեւէ ակնկալիքի:

Ռատիօ Վատիկանի ռուսերէն բաժնի հրապարակումը թարգմանեց՝

ՆԱՅԻՐԱ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ