ՎԱՐԴԱՆ ԶՕՐԵՆՑ
………………………….
Տարին մօտ է վերջանալու։
Հաշուեյարդարի օրեր են, վերջին օրերը՝ գործի ու խղճի մարդերուն համար։
Եկեղեցի եւ պետութիւն, գործատէր ու գործաւոր, վաճառական ու արհեստաւոր, ընտանիքի հայր ու անհատ, բոլորը կը կշռեն օրերը տարիին, որ անցնելու վրայ է, ու կը դատեն։
Բայց միայն տնտեսութիւնն ու ճարտարարուեստը չէ որ կը պահանջեն հաշուեկշիռ։
Կը պահանջէ նաեւ մա՛րդը, որ տէր է մտքի ու հաւատքի, խղճի ու բարոյականի։
Լուրջ են սա հարցումները, որոնք պատասխանի կը սպասեն. –
Աստուած մարդուն տարի մը պարգեւեց՝ որոշ նպատակի մը, որոշ ծրագրի մը, որոշ վախճանի մը համար։
Արդեօք ան ծառայե՞ց այն նպատակին, ծրագրին, վախճանին՝ որուն համար աշխարհ եկած էր։
Մօտեցո՞ւց զինք Աստուծոյ, ընկերութեան, արդարութեան։
Գտա՞ւ զինք անբասիր եւ անսայթաք՝ պարտքերու եւ պատուիրաններու ճանապարհին վրայ։
Ամբողջ տարին եղա՞ւ Աստուծոյ հետ միացած՝ սիրով ու շնորհքով։
Ի՞նչ եղաւ իրեն համար ժամանակը՝ առիթ բարութեա՞ն թէ չարութեան, մե՞ղք թէ առաքինութիւն։
Սանդուխ դէպի վե՞ր թէ վար, գեղեցկութի՞ւն թէ տգեղութիւն, երկի՞նք թէ դժոխք։
Ինչպէ՞ս գործածեց ժամանակը − իբրեւ հեթանո՞ս թէ իբր քրիստոնեայ։
- Ժամանակը դատելու կերպ մը կայ, որ հեթանոսական է, չէ՛ քրիստոնէական դատում։
Ահա՛ ուղն ու ծուծը, այդ հեթանոսական կենցաղագիտութեան.−
Տարիները կը սահին, երիտասարդութիւնը կ’անցնի, գեղեցկութիւնը կը խամրի, մորթը կը խարշամի, ջիղ ու մկան կը թոյլնան, կը տկարանան։ Օ՛ն ուրեմն, աճապարէ՛, վայելէ՛, ամէն հաճոյքի վրայ յարձակէ՛, ամէն ծաղիկ հոտոտա՛, ամէն խորտիկ ճաշակէ՛, ամէն ըմպելիք ըմբոշխնէ՛, ամէն հաճելի տեսարանով հրճուէ՛։ Որովհետեւ, այսօրը չի դառնար ետ, հարկ է ծծել, քամել կեանքի հրամցուցած բոլոր հաճոյքները։
Օրերդ թիւ ունին – կը խրատէր Հոմեր − երբ լրանայ թիւը, կը յաջորդեն գիշերները ստուերոտ, երկար, անեզր, քստմնելի։ Որսա՛, ինչ որ կրնաս անհետող օրերու ծովէն. քանի երիտասարդ ես ու առողջ ու գեղեցիկ, հսկէ՛ դարանամուտ, որպէսզի հաճոյք մը չփախցնես։
Ուրիշ հեթանոս իմաստուն մը՝ Օվիտ կը վկայէր. – Հիւանդին ու ծերին, աղքատին ու թշուառին համար՝ ժամանակը կանգ կ’առնէ։ Արագասոյր է եւ ճեպընթաց՝ երիտասարդութեան համար։ Պիտի ծերանան նաեւ անոնք, բայց հաճոյքի թոյնով թմրած հիմա՝ չե՛ն զգար, կամ չե՛ն ուզեր հաւատալ։
Սակայն, իրենց ի՜նչ փոյթ, թող անսանձ երիվարներու նման արշաւեն օրերը ու գահավիժին անդունդը յաւիտենականութեան։
Ժամանակը ժանիքաւոր է,- կ’աւելցնէր նոյն Օվիտը,− որ ամէն բան կը կրծէ։ Բայց ջիղ ու ոսկոր կրծող ժանիքը՝ աւելի կը սրուի ու կը գործէ անգթօրէն, երբ թաթխուի հաճոյքներու թոյնին մէջ։
Եւ ա՛յդ է գերագոյն իմաստութիւնը հին ու նոր հեթանոս իմաստութեան.− Ժամանակի կրծող ժանիքը սրել հաճոյքներու թոյնով։
Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նոյն ժանիքով թունաւոր՝ կը կրծուի խիղճն ու բանականութիւնը մարդուն, որ կը յանգի սա տմարդի եւ անասնավայել տեսակէտին.− «Կերիցուք եւ արբցուք, զի վաղիւ մեռանիցիմք» − ուտենք, խմենք, քանի որ վաղը պիտի մեռնինք (Ա. Կորնթ. 15 Գլխ. 33)։ Կամ «Անձն իմ, շատ բարիքներ ունիս, երկար տարիներու համար ամբարած, հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛, զուարճացի՛ր» (Ղուկ. 12 Գլխ. 19)։
Այս է կեանքի կարգախօսը՝ անոնց որ համակ միս ու հաճոյք կը խորհին, ու կը մոռնան որ կայ նաեւ ճշմարտութեան պասուք, բարութեան ծարաւ, հոգիի գեղեցկութեան քաղց, աստուածային սիրոյ տենչ։
- Թողունք սակայն այս անմիտ տեսակէտը, ու նայինք ժամանակին Անո՛ր աչքով, որ Տէ՛րն է ժամանակին։
Որովհետեւ այն ատեն միայն պիտի կարենայ գնահատել ժամանակին իրաւ արժէքը, ու զայն գործածել Անոր կամքին համաձայն։
Ժամանակը մեր կեանքն է երկրաւոր։
Ու կեանքը չէ տրուած մեզի, որպէսզի վատնենք, մսխենք, շուայտենք։
Կեանքը թանկ է, գին չունի, որ ժամանակին հետ կ’ընթանայ՝ ոչ թէ դէպի ոչինչ, այլ դէպի յաւիտենականութիւն։
Ժամանակը փրփուրն է յաւիտենականութեան։ Աւելին։ Ժամանակը փոփոխական է, պայմանական է, պատահական է։ Բայց կ’առաջնորդէ մեզ իրմէ վեր ու անդին, դէպի անփոփոխը, անպայմանը, բացարձակ իրականութիւնը՝ Աստուա՛ծ։
Եւ Աստուած է մեր Փրկիչը, մեր Դատաւորը, մեր Վարձատրիչը, մեր Պատժածուն։
Ինչպէս գետ մը ամէն բան կը տանի, կը նետէ ծով, նոյնպէս ժամանակի հոսանքը պիտի նետէ մեզ Աստուծոյ գիրկը։
Բայց, իբրեւ ի՞նչ – թշնամի՞ թէ բարեկամ։
Կախում ունի՝ թէ ինչպէ՞ս գործածեցիր ժամանակը – Աստուծոյ դէ՞մ՝ թէ Աստուծոյ հետ։ Աստուած փառաւորելո՞վ՝ թէ անարգելով։ Փրկելո՞վ հոգին՝ թէ դատապարտելով։ Գեղեցկացնելո՞վ սիրտը՝ թէ տգեղցնելով։
Քու անցուցած ժամանակն է որ իր բարի կամ չար բովանդակութեամբ պիտի պաշտպանէ քեզ կամ դատապարտէ։
- Ահա՛ այս է միակ ու բանաւոր տեսակէտը, նաեւ աստուածավայել, որով պէտք է դատել անցնող տարին։
Ի՞նչ բանի ծառայեց տարին – հոգիիդ փրկութեա՞ն՝ թէ դատապարտութեան։ Դրամագլուխ՝ յաւէ՛տ երջանկութեա՞ն՝ թէ յաւերժական տանջանքի։
Եթէ փրկութիւն եւ երջանկութիւն – փա՛ռք տուր Աստուծոյ։ Եթէ դատապարտութիւն եւ տանջանք – զղջա՛, ստրջացի՛ր, ուղղէ՛ վարքդ, մաքրէ՛ սիրտդ, զօրացո՛ւր կամքդ, ու կը փոխես արժէքը անցած տարիին՝ Աստուծոյ առջեւ։
Փայլ ու շնորհք կրնաս դնել նոյնիսկ անցած տարիին մէջ՝ եթէ անկեղծ զղջումով նետես զայն Աստուծոյ ողորմութեան առջեւ։
Գոնէ վերջին օրերուն, որ վաղը քեզի պիտի չըլլայ այլեւս, դարմա՛ն տուր անցած տարիիդ, որ իր բովանդակութիւնը պիտի յանձնէ յաւիտենականութեան։
Չմոռնա՛ս։ Ժամանակը կ’անցնի։ Կը մնայ միայն՝ յաւիտենականութիւնը։
1990