ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ… ԳԻՏՆԱՆՔ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ… ԳԻՏՆԱՆՔ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

………………………………….

«Երէկ էր կարծես, ինչքան շուտ անցաւ տարին»։ Ամբողջ տարի մը, որուն հրաժեշտ տալու վրայ ենք եւ որ իր մէջ կը խտացնէ մեր ապրած բոլոր ժամանակները՝ նոյնիսկ ակնթարթն ու վայրկեանը, ապա ժամը, օրը, շաբաթը, ամիսը։ Այսօր ժամանակն է այդ բոլոր անցած պահերուն հաշուեփակը կատարելու եւ թեւակոխելու նոր ժամանակներու շարանը, մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքի պատմութեան էջերուն վրայ աւելցնելով եւս մէկը։ Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ այս նոր էջը։ Նախախնամութիւնը միայն գիտէ։ Բայց Նախախնամութիւնը արգելք չէ որ գուշակել կամ նախատեսել փորձենք գալիք 365 օրերը եւ յետադարձ ակնարկով մը թեւակոխենք նոր տարին, դասեր քաղել փորձենք մեր ապրած փորձառութենէն։

Այդ փորձառութեան 365 օրերը ակնթարթ մը կը թուին պահ մը։ Այդ պահուն՝ ակնթարթն ու տարին կը հաւասարին կարծես։ Պահ մը կը կորսնցնենք ժամանակի հասկացողութիւնը, բայց անգամ մը եւս կ’անդրադառնանք անոր կարեւորութեան ու արժէքին։ Կը նկատենք ու կը հաւատանք որ իրապէս «ժամանակը սուղ է» այնպէս ինչպէս սորվեցուցած են մեզի մեր վաղ մանկութենէն։ Այնուհետեւ, տարիներու թաւալքին հետ անդրադարձած ենք որ ժամանակը երբեմն աւելի սուղ է, աւելի թանկարժէք քան ոսկին. ան երկնառաք հարստութիւն մըն է, տրուած հաւասարապէս բոլո՛ր մարդոց։ Բայց դժբախտաբար, ամէն մարդ չէ որ կը գիտնայ զայն ըստ արժանւոյն օգտագործել, դրամագլուխի վերածել, յումպէտս չվատնել, չմսխել թանկարժէք պահերը որոնց գումարը կը կազմէ ժամանակը։ Ամէն մարդ չէ որ կը մտածէ զայն արդիւնաւէտ դարձնելու մասին։ Անոր օգտագործումով՝ հոգին ու միտքը հարստացնելու մասին։ Նպատակադիր գործունէութեամբ զայն լեցնելու մասին։ Ամէն մարդ չէ որ կը գիտնայ ազնիւ առաջադրանքներու ու ծրագիրներու կենսագործումին ծառայեցնել իր ժամանակը։ Աշխատանքով ու ջանասիրութեամբ ։

Այնպէս ինչպէս դրամատէր կամ գործարար մարդիկ տարին գէթ անգամ մը իրենց ունեցուածքին հաշուեկշիռը կ’ընեն, հարուստ կամ ոչ՝ իւրաքանչիւր մարդ պարտի նաեւ հաշուեկշիռը ընել իր ժամանակին՝ ստուգելու համար որ անոր ինչքա՞նը հասութաբեր ու արդիւնաւէտ եղած է, ինչքա՞նը՝ ապարդիւն, վատնուած։ Ստուգելու համար որ «ժամանակ դրամագլուխ»ի տոկոսի համեմատութիւնը որքա՞ն եղած է։ Գրպանի սնանկութենէն աւելի վատ է մտքի ու հոգիի սնանկութիւնը որ հետեւանքը կրնայ ըլլալ ժամանակի դրամագլուխէն օգտուիլ չգիտցողներու թմրամտութեան։ Հետեւանքը՝ ունայնութիւններու վրայ թանկարժէք ժամանակի մսխումին։

Զարգանալ, բազմաշնորհ դառնալ, միտքն ու հոգին հարստացնել ուզող մարդուն համար ժամանակը երբեք չի բաւարարեր, որովհետեւ շնորհիւ անոր անընդհատ ու նպատակամէտ օգտագործումով ձեռք բերուած պաշարը հարկադրանքին առջեւ կը դնէ մարդը աւելի ժամանակ պահանջելու, յաւելեալ դրամագլուխ՝ կարենալ բաւարարելու համար իր հոգեմտաւոր պահանջները։ Մինչդեռ պարապութիւններու վրայ իր ժամանակը սպառողին սնանկութիւնը չ’ուշանար. շուտով կը զզուի ինքն իրմէ, կեանքէն. ձանձրոյթը կը կրծէ զինք. կ’անիծէ ժամանակը որ չ’անցնիր։ Այսպիսիներուն համար վերջին պահուն փնտռուած ժամանակն է որ միայն բաւարար չ’ըլլար, որովհետեւ մինչ այդ կորսնցուցած կ’ըլլան ի սկզբանէ իրենց շնորհուած թանկարժէք պահերը։ Վերջին պահուն միայն կը գիտակցին կարեւորութեանը այն թանկարժէք ժամանակին զոր ձգեցին իրենց ետին անվերադարձ։

Զուր է վերարժեւորել փորձել անիմաստ զբաղումներու յատկացուած պահերը որոնք ոչինչ տուին։ Դարձան ժամանակի կորսուած ներդրում։ Զուր է փնտռել տարիներու բեռան տակ թաղուած բան մը որքան ալ արժէքաւոր ըլլայ ան։ Եթէ չենք գիտցած իր օրին գնահատել այդ արժէքը, գուրգուրալ անոր վրայ՝ վերջին պահու զղջումը անօգուտ է եթէ նոյնիսկ գործուած տարբեր մեղքերու թողութիւն խնդրելու համար երբեք ուշ չէ, ինչպէս որ կ’ուսուցանէ Եկեղեցին։

Հարուստ է ու լիացած այն մարդը որ գէթ տարին անգամ մը, Նոր Տարուան սեմին կանգնած կրնայ դրական պատասխան տալ ինքն իրեն ուղղած այն հարցումին թէ ի՛նչ տուին իրեն անցնող տարիները, տարին, ամիսը, շաբաթը, օրը, ժամը, թերեւս նոյնիսկ ակնթարթը։ Ի՛նչ աւելցուցին իր հոգեկան ու մտաւոր պաշարին վրայ։ Բարի համբաւին ու վաստակին վրայ։ Որքա՛ն աւելի ընդարձակեցին իր մտահորիզոնն ու աշխարհահայեացքը։ Մէկ խօսքով, որքա՛ն աւելի հարստացուցին զինք հոգեպէս ու բարոյապէս, մտքով ու գիտելիքներով, մարդասիրութեամբ ու բարի համբաւով։ Հարստութիւն մը որ ժառանգ չի կրնար ստացուած ըլլալ, ոչ ալ առեւտուրով, առաւփախաւութեամբ կամ գործարարութեամբ ձեռք ձգուած, այլ «ժամանակ դրամագլուխ»ի նպատակադիր, ճիշդ եւ մինչեւ իսկ խնայողաբար օգտագործումով։

Եթէ պարկեշտօրէն կատարուած հաշուեկշիռը ցոյց տայ ժամանակ դրամագլուխին կորուստը, կորսուածին վրայ ողբալը օգուտ չունի։ Ժամանակը մշտանորոգ դրամագլուխ մը ըլլալով, հարկ է մտածել նորը, գալիք ժամանակները չկորսնցնելու, զանոնք նպատակային դարձնելու մասին։ Այսպիսի հաստատակամութեամբ գալիք օրերուն նայիլ ուզող մարդուն հանդէպ՝ ժամանակը նաեւ բարեգութ է եւ միշտ պատրաստ նոր եւ վերջին առիթ մը տալու, կորսուած դրամագլուխը վերականգնելու հնարաւորութիւն ստեղծելու։

Ահա թէ ինչու անցնող ժամանակներուն հաշուեկշիռը կատարող մարդուն համար Ամանորը՝ ժամանակին ընձեռած հնարաւորութիւններու լաւագոյն ձեւով օգտագործումին առաջնորդող նոր հանգրուան մը կրնայ ըլլալ։ Նոր Տարուան մէջ նորը՝ անոր սեմին կանգնած մարդուն տրամադրութիւնը, առաջադրանքներն ու ապագայի մտահայեացքը կրնան ըլլալ։ Որովհետեւ տարեթիւի փոփոխութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ երկրագունտի կամ բնութեան օրէնքներէն։ Արեւն ու Լուսինը, տարուան եղանակներն ու ծաղկունքը պիտի յարգեն իրենց ժամադրութիւններն ու ժամադրավայրերը։ Լեռներն ու հրաբուխերը, ովկիանոսներն ու գետերը պիտի շարունակեն իրենց գեղեցկութեան հետ՝ իրենց ուժին անյաղթահարելի բնոյթին ցուցադրութիւնը։ Անտառներուն ու անապատներուն օրէնքները պիտի չփոխուին։ Մարդն է որ պիտի փոխուի։ Կրնա՛յ փոխուիլ դէպի լաւը կամ վատը։ Այդ փոփոխութիւնը կախեալ է իրեն տրամադրուած ժամանակը օգտագործելու ձեւէն։ Այդ ժամանակը իբրեւ զարգացման դրամագլուխ արդիւնաւէտ դարձնելու յանձնառութենէն։

 Այսպիսի յանձնառութիւն կատարելու պահն է Նոր Տարին՝ անհատապէս եւ հաւաքաբար։ Յաջորդը կրնայ արդէն ուշ ըլլալ։