Ս. Ն.
……………………………..
2000-ի Մարտին էր։
Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ բացումը կը կատարուէր Մարտիրոս Սարեանի ծննդեան 120 ամեակին նուիրուած «Գոյներու Սիմֆոնիա» ցուցահանդէսին։ Ներկայ էին նկարիչին հարազատները, Արաքս Սարեանը՝ Ղազարոս Սարեանի կինը, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի եւ Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Շահէն Խաչատրեանը, նկարիչներ եւ արուեստաբաններ, որոնք կը պատմէին Մարտիրոս Սարեանին մասին իրենց յուշերը։ Յիշարժան է այդ յուշերէն՝ Սարեանի նկարներու մատենագէտ Նինել Ոսկանեանին պատմածը։
«Օր մը, կը պատմէր ան, բոլորովին անսպասելիօրէն Սարեանը ըսաւ որ կ’ուզէ զիս նկարել։ Զարմացած նայեցայ անոր եւ մտածեցի թէ Սարեանի նման մարդ մը ի՞նչ գտած պիտի ըլլայ իմ մէջ որ ուզէ նկարել զիս։ Կարծեցի կատակ կ’ընէ։ Չպատասխանեցի։
«Մի քանի օր ետք, ան կրկին ըսաւ որ ինչո՞ւ կը խուսափիմ նկարուելէ։ Հասկցայ որ առաջարկը լուրջ է եւ համաձայնեցայ։
«Ան կը նկարէր ամբողջ եռանդով, առանց դադարի եւ միաժամանակ հարցեր կու տար կեանքի եւ մարդոց մասին։ Կ’ուզէր որ անընդհատ խօսիմ, որպէսզի որսայ դէմքիս իւրաքանչիւր արտայայտութիւնը։ Օր մը հարցուց. «Մարդու լաւագոյն ընկերը ի՞նչն է»։ Շփոթեցայ։ Չէի գիտեր ինչ պատասխանեմ։ Կը վախնայի սխալ բան մը ըսել եւ վատ տպաւորութիւն ձգել։ Առանց երկար սպասելու ինք շարունակեց. «Մարդու լաւագոյն ընկերը ժամացոյցն է. ան ցոյց կու տայ մարդուն ժամանակը եւ անընդհատ կը յիշեցնէ որ կեանքը ակնթարթ է եւ պէտք է շտապել»։