Ուրբաթ 8 Մարտ 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Հռոմի մէջ գումարուած՝ «Կրօնները ու կայուն զարգացումի նպատակները» նիւթով գիտաժողովին մասնակիցները, որոնց շարքին՝ աշխարհի կրօնական աւանդութիւններու ներկայացուցիչներ ու միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։
Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր ճառին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ երբ կը խօսինք կայունութեան մասին չենք կրնար զանց ընել բոլոր ձայներու ունկնդրութեան ու անոնց ներառումին կարեւորութիւնը, յատկապէս անոնց որոնք ընդհանրապէս բացառուած են այսպիսի բանավէճերէ, որոնց շարքին են աղքատները, գաղթականները, բնիկ ժողովուրդներն ու երիտասարդները։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց «2030 Օրակարգի կայուն զարգացումի նպատակներուն, որոնք որդեգրուեցան 2015 թուականին 190 պետութիւններու կողմէ եւ որ մեծ քայլ մըն են ի նպաստ համընդհանուր երկխօսութեան ու տիեզերական զօրակցութեան նոր եւ անհրաժեշտ համակարգի։ Այս ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ յաճախ «զարգացում» եզրի հասկացողութիւնը շահագործուած է ու շատեր այդ մէկը կը վերագրեն միայն տնտեսական աճումին ու անոր հիման վրայ կը չարաշահուին բնութիւնն ու նոյնիսկ մարդ արարածները։ Մինչ՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Պօղոս Զ.ի խօսքերը, «մարդկային զարգացումի մասին խօսիլը կը նշանակէ նկատի առնել բոլոր մարդիկը ու համայն մարդը եւ ոչ թէ միայն քիչ անձեր։ Առ այդ «մարդկային զարգացումը միայն մասնագէտներու վերապահուած տնտեսական հարց մը չէ, այլ՝ եւ ամէնէն առաջ, կոչում մըն է, կոչում մը որ կը պահանջէ ազատ եւ պատասխանատու պատասխան մը» ինչպէս նշած է Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը «Ճշմարտութիւն ու սէր» իր շրջաբերականին մէջ։
Ակնարկելով ապա վերոնշեալ գիտաժողովին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց որ այդ հաւաքէն ի յայտ գան պատասխաններ, «շօշափելի պատասխաններ՝ հողի ու աղքատներու ճիչին դիմաց» ըսաւ Ան, այս ուղղութեամբ մաղթելով նաեւ շօշափելի յանձնառում՝ խթանելու համար իսկական զարգացում մը որ բաց ըլլայ բոլոր մարդոց, որուն ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի այդ ուղղութեամբ ներկայացուցած մէկ առաջարկին ՝ որն է «աշխարհի հարստութեան բաշխումի արդար վերատեսութիւնը։ Տնտեսական քաղակականութիւն մը որ կեդրոնացած ըլլայ մարդ անհատի վրայ, եւ որ ի մտի ունենայ հասարակաց տունը»։
Դարձեալ անդրադառնալով Միացեալ Ազգերու 2030 օրակարգի նպատակներուն որոնք հիմնուած են մարդու, մոլորակի, բարգաւաճումի, խաղաղութեան եւ գործընկերութեան վրայ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ «արուեստագիտութեան» զարգացումին որ՝ ըսաւ Ան, պէտք է դրուի ի ծառայութիւն մարդուն։ Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ տնտեսական ու քաղաքական նպատակներուն պէտք է ապահովուի նաեւ բարոյական աջակցութիւն՝ որ կ’ենթադրէ վարուելակերպի մը փոփոխութիւնը, սրտի փոփոխութիւն, բնապահպանական դարձ մը՝ «որուն ծիրէն ներս կրօնները մեծ դեր մը ունին խաղալիք» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «հարկաւոր է նախ ճանչնալ սխալները, մեղքերն ու բացթողումները՝ դարձի գալ ու հաշտուիլ ուրիշներուն, արարչութեան եւ Արարիչին հետ».
«Կրօններու կեդրոնական սկզբունքը սէրն է հանդէպ մեր նմաններուն ու խնամքը արարչութեան նկատմամբ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն անդրադարձ կատարելով բնիկ ժողովուրդներու իրավիճակին։ «Թէեւ անոնք կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան 5 առ հարիւրը, սակայն անոնք խնամք կը տանին երկրի մակերեսի 22 առ հարիւրին։ Անոնք կը պաշտպանեն մոլորակի մանրէակենսաբանութեան 80 առ հարիւրը» ըսաւ ան։
«UNESCO-ի տուեալներուն համաձայն, բնիկ ժողովուրդները պահապանն ու մասնագէտներն են մշակոյթներու ու առանձնայատուկ յարաբերութիւններու՝ բնական միջավայրին հետ» նշեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որ այդ ժողովուրդները բոլորին յիշել կու տան մեր երկրին սրբութիւնը, եւ ասոր համար անոնց ձայնը եւ անոնց մտահոգութիւնները պէտք է դրուին 2030 օրակարգի իրագործման որպէս առանցք։ Սրբազան Պապը այս ծիրէն ներս նշեց որ ինք եւս առիթ պիտի ունենայ իր եղբայր եպիսկոպոսներուն հետ խորհրդակցելու այդ հարցին շուրջ, այս տարուայ հոկտեմբերին՝ Համա-Ամազոնեան շրջանի մասին գումարուած Սիւնհոդոսին ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքի աւարտին շեշտը դրաւ աշխարհի դիմագրաւած բարդ մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք կը պահանջեն դժուարին ու կարգաւորուած պատասխաններ, ըսաւ Ան, դիտել տալով նաեւ որ այդ պատասխանները յարգելու են ժողովուրդներու մշակութային հարստութիւնները։
«Եթէ իսկապէս մտահոգուած են խթանելու համար բնապահպանութիւն մը, որ կարող ըլլայ ուղղել մեր պատճառած վնասները, պէտք չէ զանց ընել ոչ մէկ գիտական ծաւալ ու ոչ մէկ իմաստութիւն, եւ ասիկա կը նշանակէ «ներառել նաեւ կրօնները որոնք կարող են սատարել՝ քալելու համար իսկական համապարփակ զարգացումի ուղիի մը վրայ, որ խաղաղութեան նոր անունն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ քաջալերեց բոլոր ներկաները շարունակելու իրենց պայքարը ի նպաստ փոփոխութեան, հաստատելով որ «անարդարութիւնը որ ողբալ կու տայ հողն ու աղքատները՝ անյաղթ չէ»։
ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ
Քաղուած՝Ռատիօ Վատիկանէն