ԳԱՄԻՇԼԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԻՆ՝ ՆԱՀԱՏԱԿ ՏԷՐ ՅՈՎՍԷՓ ՊԵՏՈՅԵԱՆԻՆ

ԳԱՄԻՇԼԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԻՆ՝ ՆԱՀԱՏԱԿ ՏԷՐ ՅՈՎՍԷՓ ՊԵՏՈՅԵԱՆԻՆ

Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2019-ին, Գամիշլիի Սուրբ Յովսէփ  Հայ Կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսական փոխանորդ Գերյ. Անդրանիկ ծ. վ. Այվազեանի  գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի հովիւ, Երկուշաբթի 11 Նոյեմբերին վայրագօրէն սպաննուած նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյեանին ու անոր հօր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ առաքելական քոյր եկեղեցւոյ կաթողիկոսական տեղապահը ու միւս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր ներկայացուցիչները, հայ համայնքի հաւատացեալները  ու նաեւ իսլամ հասարակութեան անդամներ, ի նշան զօրակցութեան ու միութեան։

Այս տխուր առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Գերյ. Այվազեան ընդգծելով հանգուցեալ քահանային նուիրական ծառայութեան հոգին շեշտեց թէ ան նահատակն է համայն քրիստոնէութեան ու նաեւ սուրիական հայրենիքին։

Գերյ. Այվազեան այլ մէկ յայտարարութեամբ հանդէս գալով նշած էր թէ Սուրիոյ մէջ Հայերը լիիրաւ մասն են ընկերութեան ու երկրին եւ թէ Հայր Յովսէփը նահատակուեցաւ մինչ կը կատարէր իր հովիւի պարտականութիւնը, այն է մօտիկ ըլլալ իրեն յանձնուած հօտին, հոգ տանիլ անոնց հոգեւոր ու նիւթական կարիքներուն, յատկապէս  Սուրիոյ  պէս երկրի մը մէջ ուր տարիներու պատերազմը աւեր ու կործանում յառաջացուցած է ու բնակչութիւնը մատնած է յուսահատութեան։

Գերյարգելի Այվազեան Տէր Յովսէփը նկարագրած է որպէս վեհանձն առաքեալ, միշտ պատրաստ օգնելու ուրիշին, ժպտերես ու հպարտ իր կոչումով։

«Ես մեծ վստահութիւն ունէի իր վրայ եւ անոր մահը ինծի համար մեծ կորուստ է» ըսած է գերյարգելի Այվազեան որ շեշտած է թէ Հայր Յովսէփն ու անոր հայրը նահատակներ են որոնք իրենց կեանքը տուին երկրի ազատութեան համար։ Անոնց արիւնը այս հողին մէջ պիտի պտղաբերէ ու գեղեցիկ ծիլեր պիտի պարգեւէ» աւելցուցած է Այվազեան գերապայծառը։

 

«ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՄՕՏԻԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԱՆՔԷ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ» ըսաւ Գերապայծառ Միրիաթեան

Արժանապատիւ Տէր Յովսէփ քահանայ Պետոյեանի ու անոր հօր նահատակութեան լուրը ցնցեց համայն աշխարհ եւ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց իր անձնական զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը արտայայտել հայ կաթողիկէ համայնքին ու ննջեցեալ Տէր Յովսէփ քահանայի  հարազատներուն, հրապարակելով  թուիթ մը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրեց. «Մօտիկ եմ Սուրիոյ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ հասարակութեան, որ համախմբուած է իր ժողովրդապետի՝ Յովսէփ Պետոյեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ, որ սպաննուեցաւ երէկ, իր հօր հետ միասին։ Կ’աղօթեմ անոնց համար, անոնց հարազատներուն համար ու Սուրիոյ համայն քրիստոնեաներուն համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայր Յովսէփ Պետոյեանի նահատակութեան ու անոր յուղարկաւորութեան առթիւ հրապարակած զօրակցական  թուիթին արձագանգելով՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ ու Ճեզիրէի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելական հոգաբարձու՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան՝ Վատիկան Նիուզ – Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցին առթիւ նշեց թէ «Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը իսկական մխիթարանք է մեզի համար։ Ան մեզի ուժ կու տայ, մեզի զգացնել կու տայ թէ միայնակ չենք։ Համայն Կաթողիկէ Եկեղեցին մեր կողքին է։ Համայն աշխարհը մեզի մօտիկ է։ Այս հեռու տարածքը, սիրեցեալ եւ մարտիրոս Սուրիան, ինչպէս կ՛ըսէ Քահանայապետը, մոռցուած չէ»։

«Բնակչութիւնը արդէն իմացաւ թէ Սրբազան Պապը անձնապէս ու Սուրիոյ մէջ պապական նուիրակին միջոցաւ,  յուզուած է ու մեզ կը յիշէ իր աղօթքներուն մէջ» աւելցուց Բերիոյ  Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը։

 

Գամիշլիի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականի յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան

ՍՈՒՐԲԱԹՈՌԻ ՄՕՏ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԻՆԵԼՈՅԹԸ

Նոյեմբերի 17-ին Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցում տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Գամիշլիի Հայ կաթողիկէ եկեղեցու հոգեւոր հովիւ՝ Յովսէփ քհն. Պետոյեանի ու նրա հօր՝ Հանա Աբրահամ Պետոյեանի յիշատակին, որին մասնակցեցին Սուրբ Աթոռում հաւատարմագրուած դիւանագիտական կորպուսի, տեղական մեդիա եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Հռոմի Սրբազան եկեղեցու հոգեւորականներ։

Յաւարտ արարողութեան իր ելոյթին մէջ ՀՀ դեսպան Կարեն Նազարեան խստօրէն դատապարտեց «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան իրականացուցած դաժան ահաբեկչութիւնը եւ խօսեցաւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը թրքական ռազմական ներխուժման հետեւանքով աշխուժացած ահաբեկչական գործողութիւններուն մասին, որոնք առաւել վատթարացուցած են ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ու յատկապէս՝ քրիստոնեայ համայնքներու վիճակը։

Դեսպանը յղում կատարելով նախապէս այս առթիւ արուած ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութեան եւ սուրիահայութեան ուղղուած Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթըրեան ուղերձին, վկայակոչեց ՄԱԿ-ի համակարգման ներքոյ գործող միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցներու տուեալները, որոնց համաձայն տարածաշրջան թրքական ներխուժման հետեւանքով տեղահանուած են հարիւր հազարաւորներ, մինչ կը շարունակուին թրքական զինուորներու ու անոնց hովա նաւորութեամբ գործող անօրինական խմբաւորումներու կողմէ լայն տարածում գտած կամայական մահապատիժներու, խոշտանգումներու եւ առեւանգումներու դէպքերը։

ՀՀ կառավարութեան անունով ցաւակցելով նահատակուած հայ հոգեւորականի ու անոր հօր ընտանիքի ու սուրիահայ կաթողիկէ համայնքին, դեսպան Նազարեան եզրափակեց նշելով, որ Հայաստան պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական աջակցութեան ուղղուած իր քայլերը՝ զանոնք համադրելով շահագրգիռ գործընկերներու հետ, ու այդ նպատակով համախմբելով նաեւ հայութեան ջանքերը։