Սպասելով «Ուժի Փորձ»ի Արդիւնքին. ԼԻԲԱՆԱՆ՝ ԱՆԴԱՌՆԱԼԻ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԻ ՄԸ ՎՐԱՅ

Սպասելով «Ուժի Փորձ»ի Արդիւնքին. ԼԻԲԱՆԱՆ՝ ԱՆԴԱՌՆԱԼԻ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԻ ՄԸ ՎՐԱՅ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

………………………………..

WhatsApp-ին վրայ տուրք հաստատելու՝ հեռահաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամէտ Շուքէյրի մէկ որոշումին հետեւանքով տեղի ունեցած ժողովրդական աննախընթաց պոռթկումը՝ որ շուտով ստացաւ տիրող քաղաքական դասին դէմ համաժողովրդական ըմբոստութեան ծաւալ՝ նախ ընկերային ապա նաեւ քաղաքական բարեփոխումներու պահանջով, աստիճանաբար վերածուեցաւ ժողովրդական ըմբոստութեան շարժումի եւ ասոր ու իշխանութիւններուն միջեւ ուժի փորձի մը՝ անդամալուծելով ամբողջ երկիրը։ Շարժումը բոլորեց ամիս մը եւ դեռ կը շարունակուի, ընդգրկելով քաղաքական դաշտը։ Արդարեւ, այդ ցուցարարներուն ուղղուած մեղադրական ձայներ դիտել կու տան որ համաժողովրդական շարժումին ծնունդ տուած ընկերային եւ տնտեսական բարեփոխումներու պահանջները աստիճանաբար տեղափոխուած են քաղաքական դաշտ՝ յատկապէս նախկին քաղաքական դասի անխտիր բոլոր բաղկացուցիչները հեռացուած տեսնելու եւ մասնագէտներու եւ ոչ կուսակցականացած կառավարութեան մը կազմութեան պահանջով։ Յայտնապէս, մինչեւ այսօր այս պահանջը բաւարարող վարչապետի մը եւ կառավարութեան անդամներու անուններուն շուրջ կատարեալ անորոշութիւն կը տիրէ՝ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ինք անձա՛մբ բացառած ըլլալով վարչապետութիւնը վերստանձնելու իր թեկնածութիւնը ։

Անկախութենէն ի վեր տեղի ունեցած բոլոր ներքին խլրտումներն ու հակամարտութիւնները վերջ գտած են «ալալիբանանեան» ոչ յաղթական ոչ պարտեալ բանաձեւով։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, 17 Հոկտեմբերի համաժողովրդական պոռթկումին հետեւանքով ամիսէ մը ի վեր արձանագրուած զարգացումները այս անգամ պիտի աւարտին ուժի փորձին ոչ-հաւասարութեամբ։ «Ալալիբանանեան» հաւասարութիւնը բացառուած ըլլալ կը թուի, մանաւանդ որ ըմբոստութեան շարժումը ցարդ արձանագրեց քանի մը առաւելութիւններ, որոնցմէ գլխաւորը Հարիրիի կառավարութեան հրաժարումն էր 29 Հոկտեմբերին եւ այնուհետեւ տիրող քաղաքական դասի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ նոր կառավարութեան մը կազմութեան մերժումը, ինչ որ արգելակեց նորի մը կազմութեան գործընթացը, եւ վերջապէս խորհրդարանական նիստերու արգելակումը։

 Յայտնապէս, ըմբոստութեան համաժողովրդական շարժումը բաւարար յաղթանակ մը չնկատեց այդ հրաժարումը՝ զգացնելով որ պիտի մերժէ կազմութիւնը նոր կառավարութեան մը որ չի բաւարարեր ամբողջ քաղաքական դասը իշխանութենէն հեռացած տեսնելու իր պահանջը՝ այդ դասը ամբաստանելով չարաշահութիւններով, փտածութեամբ եւ անկարողութեամբ, լիբանանեան տնտեսութեան քայքայումին պատասխանատուութեամբ։ Շարժումին այս պահանջը ուշացուց այն բանակցութիւնները զորս Հանրապետութեան նախագահը պէտք է կատարէր խորհրդարանական խմբակցութիւններուն հետ՝ կարենալ նշանակելու համար Սաատ Հարիրիին յաջորդ մը։ Ըմբոստութեան 32րդ օրը, յիշատակուած անուններէն ոչ մէկը արժանացաւ շարժումի հաւանութեան, հակառակ անոր որ նախագահ Միշել Աուն մէկէ աւելի անգամներ լսցուց որ փտածութեան դէմ պայքարելու յանձնառու եւ քաղաքական դասը հեռացած տեսնելու ցուցարարներուն պահանջները իր առաջնահերթ նպատակներու շարքին դասող նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը պիտի չուշանայ։

Ի՞ՆՉ ՏԱՐԱԶ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՊԱԳԱՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կացութեան հետեւող բոլոր դէտերն ալ համաձայն են որ այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է կը հանդիսանայ անդառնալի անկիւնադարձ մը Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ։ 17 Հոկտեմբերին սկսուած շարժումէն ետ դարձի մը ամէն հաւանականութիւն բացառուած է եւ ոչ մէկ կառավարութիւն կրնայ կեանքի կոչուիլ առանց նկատի առնելու ժողովրդական շարժումին պահանջները։ Հակառակ օր ըստ օրէ աւելի ծանրացող ելեւմտական տագնապին եւ իր պահանջներուն ընթացք տալու իշխանութիւններու անզօրութեան նշաններուն, ժողովրդական շարժումը թուլանալու ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ։ Ընդհակառակը, օր ըստ օրէ աւելի սեղմելով տիրող քաղաքական դասը չէզոքացնելու միտող օղակը՝ շարժումը արգելակեց նաեւ խորհրդարանին գործունէութիւնը՝ խոչընդոտելով երեսփոխաններուն խորհրդարան երթեւեկը։

Ստեղծուած կացութեան եւ անոր հաւանական զարգացումներուն անորոշութիւնը ակնյայտ է, ինչպէս որ բարեբախտաբար ակնյայտ է նաեւ բռնամիջոցներու եւ ապահովական մթնոլորտը պղտորելու առիթ չտալու տրամադրութիւնը։ Արդարեւ, եթէ ոչ «թաւշեայ», բայց յարաբերաբար հանդարտ է «ուժի փորձ»ի մթնոլորտը։ Այսուհանդերձ, իրենց առաջադրանքներուն հակառակ քաղաքական ամէն քայլի դիմաց՝ ըմբոստները կը շարունակեն իրենց վճռականութիւնը հաստատող փողոցային ցոյցերով հակադարձել։ Փողոցային անցարգելները կը վերայայտնուին ակնթարթի մը մէջ, մինչ ապահովութեան ուժերը չափազանց զգուշաւորութեամբ կը փորձեն վերահաստատել մարդոց ազատ երթեւեկը՝ առանց բռնամիջոցներու։ Զգալի է քաղաքակիրթ մարդու վայել վերաբերումը երկուստեք։ Այսուհանդերձ, առանց անցարգելներու հաստատումին ալ՝ պետական հաստատութիւններու, սպասարկութիւններու, դրամատուներու, համալսարաններու եւ դպրոցներու փակումը բաւարար է անդամալուծելու համար երկիրը։

Դէտեր կը դժուարանան նախատեսութիւններ կատարել հաւանական զարգացումներու մասին։ Միակ նախատեսութիւնը՝ որ միաձայնութեամբ կը կատարեն անոնք, երկրի ելեւմտական վիճակի ամբողջական քայքայումն է եթէ կացութեան շուտափոյթ լուծում մը չգտնուի՝ նոր կառավարութեան մը կազմութեամբ, բայց ոչ՝ առանց ժողովրդական շարժումի պահանջներուն ու պայմաններուն նկատառումով կամ «ալալիբանանեան» բանաձեւով մը։

10 / 11 / 2019