– Համաշխարհային Դրամատան համաձայն, Լիբանանի բնակչութեան աւելի քան 25 առ հարիւրը աղքատ է։ Թրիփոլիի մէջ այս համեմատութիւնը 36% է։ Իսկ քաղաքական դասը փոխուած չէ քաղաքացիական պատերազմէն (1975-1990) ի վեր։ Սաֆատի Հիմնարկին կողմէ քաղուած տուեալներուն համաձայն, Թրիփոլիի բնակչութեան 60 առ հարիւրը անգործ է եւ ընտանիքներուն 72 առ հարիւրը նուազագոյն ամսականէն (450 տոլար) նուազ եկամուտով մը կ’ապրի։
– Համաշխարհային դրամատան համաձայն, նուազագոյնը 1.5 միլիոն սուրիացի գաղթականներու Լիբանան ներկայութիւնը ընկերային ծանր վիճակ մը ստեղծեց։ Լիբանան հաստատուած սուրիացի գաղթականներուն 71 առ հարիւրը աւելի քան աղքատ են եւ կը գոյատեւեն շնորհիւ մարդասիրական կազմակերպութիւններէն իրենց ստացած նպաստին։
– 2018-ի Ապրիլին, Փարիզի խորհրդաժողովին, Լիբանան յանձնառու եղած էր բարեփոխումներ իրականացնելու՝ 11,6 միլիառ տոլար միջազգային փոխատուութիւններու եւ յատկացումներու փոխարէն։
– «Վերանայիլ լիբանանեան հրաշքին« խորագրեալ եւ 2017-ին հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, 2005-ի եւ 2014-ի միջեւ ամէնէն հարուստ լիբանանցիներուն 1 առ հարիւրը իւրացուցած է ընդհանուր ազգային եկամուտին քառորդը։ Երկրին հարստութեան շուրջ 55 առ հարիւրը կը սեփականացուի ամէնէն հարուստներուն 10 առ հարիւրին կողմէ։ Ամէնէն հարուստներուն 10 առ հարիւրին եկամուտը 5 առ հարիւրէն բարձրացած է 15 առ հարիւրի, մինչ ամէնէն աղքատներուն 10 առ հարիւրին եկամուտը քառորդով նուազած է։