ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՅՈՅՍՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏՔԸ ՉԿՈՐՍՆՑՆԵԼՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻՆ ԱՌՋԵՒ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՅՈՅՍՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏՔԸ ՉԿՈՐՍՆՑՆԵԼՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻՆ ԱՌՋԵՒ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

………………………………..

Համաժողովրդական ըմբոստութեան մթնոլորտ, ցոյցեր, լարուածութիւն, հակամարտութիւններ, պայթիւնային վիճակ, ընկերային-հասարակական ծառայութիւններու անդամալուծում, անգործութիւն, յարաճուն աղքատութիւն, ապագային հանդէպ մտավախութիւններ, տնտեսութեան ամբողջական քայքայումի վտանգ, անորոշութիւն՝ բոլոր մակարդակներու եւ բոլոր գետիններու վրայ։ Աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր այսպիսի աննախընթաց կացութեան մէջ կը տուայտի ամբողջ երկիրը՝ հարաւէն մինչեւ հիւսիս, անցնելով մայրաքաղաքէն եւ Լեռնալիբանանէն։ Համայն բնակչութեան առօրեան մղձաւանջային է։ Իւրաքանչիւր քաղաքացին յուսաբեկ ու սրտաբեկ դարձնող, վհատութեան մատնող բոլոր պայմանները առկայ են։

Այս կացութեան հետեւանքներէն չէր կրնար խուսափիլ անշուշտ լիբանանահայութիւնը, որ այս բոլորով հանդերձ ան անհատապէս եւ հաւաքաբար կը դիմագրաւէ նաեւ իրեն յատուկ դժուարութիւններ, ազգային այնպիսի մտահոգութիւններ՝ որոնք իրենց նախընթացը չունենալով՝ փարատելու համար կը կարօտին քաղաքական, տնտեսական եւ համայնքային բացառիկ միջոցառումներու, որոնք յանձնառու պէտք է դարձնեն ոչ միայն լիբանանահայ համայնքը, այլ սփիւռքին մայր երակը նկատուող այս համայնքին ճակատագրով մտահոգ համայն մեր ժողովուրդը, զօրացնեն անոր տոկալու կամքը եւ այս դժուարին հանգրուանն ալ յաղթահարելու յոյս ներշնչեն անոր։ Այդ յոյսը չկորսնցնելու, անգամ մը եւս անով գօտեպնդուելու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուի այսօր իւրաքանչիւր լիբանանահայ քաղաքացի։ Այդ յոյսը սովորական մաղթանքէ մը կամ թերահաւատ ցանկութենէ մը աւելին է։ Լաւատեսութեան աղբիւր է եւ անխուսափելի լաւի սպասումին երկունք։

Աւելի քան երբեք, այսօր պէտք է գործէ միասնականութեան լոզունգը այնպէս ինչպէս գործեց ան քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ եւ որուն յաճախ կենաց եւ մահու պայմանները չյուսահատեցուցին համայնքը, իւրաքանչիւր լիբանանահայ յաճախ կեանքի գնով մնաց իրեն վստահուած պատնէշին վրայ կամ անոր թիկունքին։ Այդ միասնականութիւնը պէտք է ընդգրկէ առաջին հերթին անշուշտ ապահովութիւնը երաշխաւորող քայլեր, ապա նաեւ բոլոր գետիններու վրայ կացութեան հաւանական զարգացման հեռանկարները։

Արդարեւ, լիբանանահայութեան համայնքային պետերը, հոգեւոր իշխանութիւնները եւ քաղաքական ղեկավարները կոչուած են ի դէմս առկայ կացութեան եւ անոր հաւանական զարգացումներուն, որպէս լիիրաւ մէկ բաղկացուցիչը լիբանանեան ընտանիքին՝ յստակացնելու համայնքին ներգրաւուածութեան չափն ու սահմանը ժողովրդական շարժումին եւ անկէ ծնունդ առած պահանջատիրութեան մէջ, ապա նաեւ բոլոր պարագաներուն ուղղորդելու զայն երեք գետիններու վրայ՝ քաղաքական, տնտեսական-ընկերային եւ ներհամայնքային։ Յստակացնելու լիբանանահայ համայնքին տեղն ու դերը ստեղծուած կացութեան եւ անոր հաւանական զարգացումներուն մէջ։ Արժեւորելու լիբանանահայութեան շինիչ ու դրական ներկայութիւնը եւ անգամ մը եւս ապագային հանդէպ յոյս եւ հաւատք ներշնչելու համայնքի զաւակներուն, որպէսզի անոնք վերահաստատեն իրենց այս որդեգիր չքնաղ հայրենիքին հանդէպ իրենց սիրոյն եւ անոր՝ իրենց կառչածութեան վկայութիւնը։

06 / 12 / 2019