ԶԱՒԷՆ Տ. ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ
…………………………………
Վերջին ամիսներուն, լիբանանեան տնտեսութիւնը արագ անկումի մէջ է, որուն հետեւանքով բազմաթիւ հաստատութիւններ կը փակուին, հազարաւոր պաշտօնեաներ գործէ կ’արձակուին եւ ընկերային մեծ աղէտի երեւոյթներ կը յայտնուին։ Արդէն պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ թէ աւելի քան 160 հազար պաշտօնեայ ժամանակաւորապէս կամ վերջնականապէս աշխատանքէ դադրած են։
Փակուող հաստատութիւններու շարքին նկատելի է որ լիբանանեան տնտեսութեան հիմնական մարզեր համարուող երկու ոլորտներ ծանր հարուածի ենթարկուած են։
Առաջինը՝ զբօսաշրջութեան մարզը, ուր պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին թէ 265 ճաշարանային սպասարկութիւններով զբաղող հաստատութիւններ արդէն փակուած են վերջին երկու ամիսներու ընթացքին եւ կը նախատեսուի, որ 200 հաստատութիւն ե՛ւս նոյն ճակատագրին ենթարկուին յառաջիկայ ամիս։ Փակուող հաստատութիւններու մեծամասնութիւնը փոքր կամ միջակ դասակարգի հաստատութիւններ են, որոնցմէ ապրուստ կ’ապահովէին մօտաւորապէս 10 հազար պաշտօնեայ։ Տակաւին գործող հաստատութիւններ ալ կը յանդգնին աշխատանքը շարունակել որովհետեւ Դեկտեմբեր ամիս ենք, այսինքն Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօնական եղանակին եւ տակաւին յոյս ունին որ կացութիւնը կրնան փրկել։
Այս յուսադրող խմբաւորումը կը սպասէ, որ դուրսը աշխատող լիբանանցիներ տօնական արձակուրդներուն Լիբանան վերադառնան, այցելեն զբօսաշրջային վայրեր եւ օտար դրամանիշեր ներածեն Լիբանան. աւելին՝ կը սպասէ նաեւ որ կարեւոր թիւով զբօսաշրջիկներ Լիբանան հասնին, յատկապէս Յորդանանէն եւ Իրաքէն։ Հետեւաբար, տօնական այս կարճ ժամանակամիջոցին, շատ անհրաժեշտ է, որ երկրին մէջ տիրէ բնականոն վիճակ, մէկդի դրուին քաղաքական կամ ժողովրդային տնտեսական կեանքը անդամալուծող երեւոյթները եւ առիթ տրուի տօնակատարութիւնները իրականացնելու մթնոլորտին։ Այս հանգրուանին, զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործող հաստատութիւնները եւս մեծ պատասխանատուութիւն ունին իրենց գործերը յաջողցնելու եւ անհրաժեշտ է, որ վարձու ինքնաշարժ տուող ընկերութիւնները, պանդոկները, ճաշարանները, եւլն… յարմարագոյն սակեր եւ սպասարկութիւններ հրամցնեն, գոհունակութիւն եւ համոզում պատճառելու համար յաճախորդներուն։ Այսպիսի տիրող դժուար պայմաններու մէջ կարելի չէ միայն նիւթական շահ ապահովելու մասին մտածել, այլ՝ գործող հաստատութիւնները կանգուն պահելու, անոնց աշխատանքի շարունակութեան միջոցները ապահովելու եւ մանաւանդ լիբանանցի աշխատողի եկամուտը պահելու, որպէսզի անգործներու թիւը չաւելնայ եւ տնտեսութեան յաւելեալ հարուած չտրուի։
Երկրորդ տուժող հիմնական մարզը՝ առեւտրական մարզն է, եւ կարելի է ըսել որ այս մարզը առաւելագոյն վնասուողն է, որովհետեւ հիմնուած է ներածումի վրայ եւ փոքր մաս մը կը յենի ներքին արտադրութեան։ Տոլարի սակի բարձրացումը եւ դրամատուներու պայմանաւորումները անդամալուծեցին առեւտուրի գործունէութիւնը. այլեւս վաճառականները չեն կրնար դրամ ուղարկել դուրս, գնումները վճարելու համար, նաւահանգիստէն չեն կրնար ապրանքները դուրս բերել, որովհետեւ պէտք եղած գումարները կամ վարկերը դրամատուներէն չեն ստանար։ Այս մարզին մէջ գործերը 80% ետ մնացին անցնող երկու ամիսներու ընթացքին, եւ եթէ այս «արիւնահոսութիւնը» շարունակուի, ապա այս մարզը փլուզումի վտանգի առջեւ է։ Ներկայիս, այս առեւտրական հաստատութիւնները, որոնք մի քանի մասնաճիւղեր ունէին, թիւը կէսի նուազեցուցած են, վնասը սահմանափակելու եւ կանգուն մնալու համար։ Կը յայտարարուի որ առեւտրական հաստատութիւններու 20%-ը փակուած են։ Այս մարզին մէջ կը գործէին 300 հազար աշխատաւորներ, որոնց շարքին 50 հազար գործատէրեր, եւ կը խօսուի թէ 60 հազար պաշտօնեայ աշխատանքէ դադրած է։
Լիբանան անգործութեան ահաւոր աղէտի առջեւ կը գտնուի, եւ այս աղէտը դուռ կը բանայ ընկերային մեծ անկումներու։ Թող որ Սբ. Ծնունդը եւ Ամանորը լիբանանցի պատասխանատու եւ ժողովրդային խաւերուն ներշնչեն համաձայնութիւն, որ միակ միջոցն է տագնապը մեղմացնելու։
Տեղեկութիւնները քաղեց եւ համադրեց՝ Զ.Տ.