Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Արհի. Փոլ Կալլակըրի պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան
Նոյեմբեր 9-ին, պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանեց Հռոմի Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակէր: Բարձրաստիճան հոգեւորականը առաւօտեան այցելեց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր՝ ուղեկցութեամբ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ Պապական Նուիրակ Արքեպիսկոպոս Խոսէ Բեթենկուրի պատուիրակութեան եւ այլ անդամներու:
Արհիապատիւ Կալլակըր պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։ Այս հանդիպումներէն ետք լրագրողներուն կատարած յայտարարութեան մէջ, բարձրաստիճան հոգեւորականը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ բոլորին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները։ Ան ընդգծեց որ իր այցելութեան նպատակն է արժեւորել Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութիւնը, յիշեցնելով որ Հայ ազգը քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունող առաջին ազգը եղաւ։
Ապա ան մեկնեցաւ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի հետ:
Երեկոյեան Արհիապատիւ Կալլակըր այցելեց Երեւանի հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, ուր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի մատրան մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ՝ առընթերակայութեամբ Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ Արքեպիսկոպոս Խոսէ Բեթենկուրի: Սուրբ Պատարագէն յետոյ տեղի ունեցաւ միասնական ընթրիք, որուն մասնակցեցան նաեւ հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի սաները: Ճեմարանի տեսուչ՝ Հոգշն. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան Արհի. Փոլ Կալլակըրին եւ Արհի. Խոսէ Բեթենկուրին նուիրեց հոգեւոր ճեմարանի լոկոյի պատկերը՝ որպէս յուշ ճեմարան այցելութեան:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակըր, որ 9 եւ 10 Նոյեմբերին պաշտօնական այցով կը գտնուէր Հայաստան, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք, այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարան։ Այցելութեան աւարտին, խորապէս յուզուած՝ թանգարանի յուշամատեանին մէջ ան գրեց հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կատարածս այցին առթիւ համակուած եմ վշտի զգացումներով՝ այստեղ յիշատակուած զոհերուն համար։
«Թող Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւերժ հանգիստ պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ օգնէ վերականգնելու արդարութիւնն ու յարգանքը, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ՝ ի սպաս աւելի լաւ աշխարհի մը:
Թող Աստուած մխիթարութիւն պարգեւէ զոհերու ժառանգներուն եւ անոնց ընտանիքներուն եւ օրհնէ ողջ հայ ժողովուրդը»։
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԿԻՒՄՐԻԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
2019 Նոյեմբեր 10-ին, Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ, կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը մատուցեց Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքպս. Մինասեան՝ համապատարագութեամբ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակըրի եւ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ Պապական Նուիրակ Արքեպիսկոպոս Խոսէ Բեթենկուրի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռէն ժամանած պատուիրակութեան այլ հոգեւորականներու: Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի մէջ ծառայող հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ՝ իրենց համայնքներու հաւատացեալներու խումբերուն հետ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրեր, Սպիտակի Գթութեան միսիոներ քոյրերը, Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի սաները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:
Աւետարանի ընթերցումէն յետոյ Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան ողջունեց Արքեպիսկոպոս Կալլակըրը եւ ըսաւ, որ անոր այցելութիւնը շնորհաբեր առիթ է, որ հայ կաթողիկէ համայնքը հաւաքուի մայր տաճարի կամարներու ներքոյ եւ լսէ անոր հայրական խօսքը: Ռաֆայէլ Սրբազանը ներկայացուց, թէ որոնք եւ ինչ համայնքներու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ մէկտեղուած են մայր տաճարի մէջ, ապա խնդրեց Արքեպիսկոպոս Կալլակըրին իր խօսքը ուղղել հաւատացեալներուն: Արհիապատիւ Կալլակըրը մեկնաբանեց օրուան աստուածաշնչական հատուածները եւ ըսաւ, որ վստահ է, թէ այդ տողերու «գլխաւոր պատգամը սա է՝ յիշել վստահութեամբ, որ մեր Աստուածը միայն Արարիչ չէ, որ երբեմն-երբեմն կը միջամտէ մեր կեանքին մէջ, այլ ճշմարիտ Աստուած եւ հայր է, որ կը ցանկայ տեսնել մեզ վստահասիրտ եւ կեանքով լի, բոլոր իրավիճակներու մէջ, այն պատճառով, որ ան միշտ կենդանի Աստուած է եւ մեր կողքին է»:
Արքեպիսկոպոս Կալլակըր՝ խօսելով հաւատքի եւ հաստատակամութեան մասին, անդրադարձ կատարեց նաեւ հայ ժողովուրդի անցած պատմական ճանապարհին. «Վատիկանի մէջ պապական պալատներու սրահներէն մէկուն պատին գրուած է Աստուածաշունչի Առակաց գիրքէն հատուած մը՝ «Հաւատքով եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեամբ, մարդը ոչինչէն կը վախնայ, եւ ոչ մէկ բան կը խոչընդոտէ իր ճամբան, հաւատացեալ մարդը առիւծի քաջութեամբ կը դիմագրաւէ խոչընդոտներով լի իրականութիւնները»: Այս խօսքերը, կը կարծեմ, շատ լաւ կը յարմարին հայ ժողովուրդին, որ դարերու ընթացքին քաջութեամբ ու վճռականութեամբ դիմագրաւած է բազմաթիւ տառապանքներ ու փորձութիւններ»:
Իր քարոզի աւարտին Սուրբ Աթոռի բարձրաստիճան պաշտօնեան ներկաներուն փոխանցեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հայրական ողջոյնը եւ խօսքը.
«Ան ինձմէ խնդրեց փոխանցել ձեզ, որ կ’աղօթէ ձեզի համար, նաեւ ի յիշատակ ու ի շարունակութիւն 2016 թուականին Հայաստան կատարած իր ճամբորդութեան եւ յատկապէս ի յիշատակ այն Սուրբ Պատարագի, որ ան այստեղ՝ Գիւմրիի մէջ, մատուցեց: Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս յաճախ կը կրկնէ իր առաքելական կոնդակներու մէջ, ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը քաջալերէ մասնակցիլ Աւետարանի շնորհին՝ ուրախութեամբ, բերկրանքի մէջ, սրտի մղումով եւ Տիրոջ հանդէպ վստահութեամբ: Ան ինձմէ խնդրած է ներկաներուդ ու ձեր սիրելիներուն փոխանցել իր օրհնութիւնը՝ բոլորիդ յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ մեր Մօր բարեխօսութեանը»:
Սուրբ Պատարագի աւարտին Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արքեպիսկոպոս Կալլակըրին՝ հայ կաթողիկէ համայնքին այցելելու համար եւ որպէս յուշ, նուիրեց գեղեցիկ սկիհ մը:
Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ