Իտալիա պաշտօնական այցի ծիրէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 22 Նոյեմբերին, տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ այցելեց Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի եւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան։
Վարչապետն ու անոր տիկինը դիմաւորուեցան Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի տնօրէն Գերյ. Հայր Նարեկ ծ. վարդապետ Նամոյեանի կողմէ։ Նիկոլ Փաշինեան շրջագայեցաւ Հռոմի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, ծանօթացաւ հայկական հոգեւոր, կրթական մշակութային կառոյցի եւ Քահանայապետական վարժարանի գործունէութեան, հանդիպեցաւ նաեւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի սաներուն, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան քոյրերուն եւ Հռոմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն։
Վարչապետին ողջոյնի եւ բարեգալստեան խօսք ուղղեց նախ Գերյ. Հայր Նարեկ ծ. վարդապետ Նամոյեան, որ իր խօսքին մէջ պատմեց Իտալիոյ մէջ հայ կաթողիկէ համայնքի հաստատման, Լեւոնեան Վարժարանի պատմութիւնը, նշանաւոր հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու մասին: Ան խօսեցաւ հայ ժողովուրդի պատմական դժուարութիւններուն մասին՝ յիշելով հայ մեծ հայրապետներ Սահակ Պարթեւը, Ներսէս Շնորհալին, որոնք կանգնած էին հայ իշխանաւորներու կողքին՝ իրենց սիրոյ եւ համերաշխութեան, միասնութեան սրտառուչ կոչերով, խրատներով: «Անոնց օրինակով մենք՝ եկեղեցականներս, Ձեզ կ’երկարենք մեր համագործակցութեան ձեռքը», ըսաւ Գերյ. Նամոյեան:
Ապա խօսք առաւ Արհ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան, որ նախ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամեն. Տ. Գրիգոր Պետրոս 20-րդի անունով ողջունեց Վարչապետը՝ ըսելով.
«Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, շարունակելով իր գործունէութիւնը ծաւալել ինչպէս սփիւռքի, այնպէս ալ մայր հայրենիքի մէջ, կը հետեւի հայրենական իշխանութեան գործունէութեան՝ ուրախակից ըլլալով իւրաքանչիւր փոքր ու մեծ ձեռքբերումներուն: Մենք մեր վստահ աջակցութիւնը կը յայտնենք Ձեր այն բոլոր քայլերուն, որոնք միտուած են հզօրացնելու հայոց պետականութիւնը եւ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու հայ ժողովուրդին՝ իր հայրենի օրրանին մէջ: Մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք սփիւռքի հայկական գաղթօճախներ կատարած Ձեր այցելութիւններուն եւ կ’ոգեւորուինք Ձեր այցելութիւններով՝ դէպի հայկական ազգային նկարագիրը պահպանող կեդրոններ, ինչպիսիք են Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզին՝ Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, որոնք, բացի կրթական եւ մշակութային կեդրոններ ըլլալէ, հայ հոգեւոր ինքնութեան պահպանման եւ հոգեւորականներու պատրաստման կաճառներ են:
1970-ականներուն, Պօղոս Զ. Քահանայապետը իր արտասանած ճառին մէջ կը բնութագրէր Հայ Եկեղեցին՝ իբրեւ իւրայատուկ տեսքով եւ բոյրով ծաղիկ մը՝ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու շարքին եւ կը մատնանշէր Հռոմի քահանայապետներու առանձնայատուկ սէրն ու գուրգուրանքը՝ հայերու հանդէպ՝ յիշելով Գրիգոր ԺԶ. Պապի ծրագիրը, որ ի կատար ածեց Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետը՝ հիմնելով Հռոմի Քահանայապետական վարժարանը, ուր այսօր կը գտնուինք: Այն հնարաւորութիւն կը շնորհէ հայերուս՝ կենսագործել եւ ապահովել հոգեւոր սպասաւորներու շարունակականութիւնը, որ ի պատիւ Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետին, կոչուեցաւ «Լեւոնեան հայ վարժարան»: Այն կանգուն է եւ կը ծաւալէ իր դարաւոր գործունէութիւնը մինչեւ այսօր: Արդիւնքը հետեւողական եւ նուիրեալ առաքելութեան ապահովումն է, որ կը ծաւալէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ հայ ազգին տալով հոգեւոր եւ ազգային նկարագրի պահպանութիւնը՝ մինչեւ անգամ պատրաստ ըլլալով նահատակութեան վասն հայրենեաց: Ահաւասիկ այստեղ է ամփոփուած երանելի նահատակ Տ. Կոմիտաս քահանան, սրբազան խորաններէն մեկը նվիրուած է նաեւ Երանելի Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանին, որ նահատակ է 1915-ի Ցեղասպանութեան: Այս տարուան Նոյեմբեր 11-ին դարձեալ Տէր Զօրի մէջ ծորեց արիւնը նահատակութեան Տ. Յովսէփ Քհն. Պետոյեանի, որ միացաւ ապրիլեան բիւրաւոր նահատակներուն: Հպարտութեամբ կը նշենք, որ Հայ Եկեղեցին ունակ եղաւ Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պարգեւելու երկու ռահվիրայ՝ երջանկայիշատակ Վսեմաշուք Կարդինալներ Անտոն Հասունին եւ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանը, որոնք ամփոփուած են Սուրբ Նիկողայոսի այս եկեղեցւոյ մէջ: Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանը երկար տարիներ իր նուիրեալ ծառայութիւնը մատուցեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հաւատքի տարածման գրասենեակի ղեկավարի պաշտօնով: Այսօր Սուրբ Աթոռը սկսեծ է անոր երանացման եւ սրբադասման գործընթացը, որ յուսանք շուտով կ’իրականանայ: Յանձինս անոր, մենք կ’ունենանք եւս մէկ սուրբ՝ մեր հայ սուրբերու բոյլին մեջ՝ որպէս բարեխօս մեր Հայ Եկեղեցւոյ միասնականութեան եւ երկրի խաղաղութեան համար»:
Իր խօսքի աւարտին Ռաֆայէլ Սրբազանը Իտալիա բնակող հայութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Վարչապետին եւ վստահեցուց, որ ամէն օր կ’աղօթեն հայ ազգի բարօրութեան համար:
ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ի պատասխան շնորհակալութիւն յայտնեց խօսքերուն համար եւ ըսաւ հետեւեալը.
«Ես կը մտածէի Իտալիոյ Հանրապետութիւն մեր ընթացիկ այցի մասին, եւ տպաւորութիւնս այն է, թէ այս այցը Իտալիա, հայ-իտալական յարաբերութիւնները, հետագայ հնարաւորութիւնները աւելի լաւ իմանալու, գիտնալու, ճանչնալու մասին է։ Բայց իրականութիւնը՝ գործնականին մէջ գրեթէ բոլոր այցերը ունին շատ կարեւոր հատուած մը եւ առանձնայատկութիւն՝ մինչ այս պահուն, հիմա առաւել եւս կ’ընդգծուի։ Խօսքը այն մասին է, որ տարբեր երկիրներ այցելելով, տարբեր հանդիպումներ ունենալով՝ մենք ոչ միայն կը ճանչնանք եւ կ’իմանանք այդ երկիրներու մասին, այլեւ աւելի լաւ կը ճանչնանք մենքզմեզ, մեր պատմութիւնը, մեր ինքնութիւնը, եւ այս պաշտօնական այցերը նաեւ մեր ազգը, մեր ժողովուրդը, մեր պատմութիւնը աւելի լաւ ճանչնալու մասին են։
Ընդհանրապէս երբ կը խօսինք մեր ապագայի կերտման, մեր ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման մասին, անոր համար եւ այդ ճամբուն վրայ կայ շատ կարեւոր բանաձեւ մը. մենք իսկապէս որպէս ժողովուրդ պէտք է մենք մեզ աւելի լաւ ճանչնանք, աւելի խորապէս գիտնանք մեր պատմութիւնը, աւելի մանրամասն գիտնանք մեր ժառանգութեան մասին, եւ մեր ապագան կառուցելու ամենակարեւոր գործողութիւններէն մէկը՝ մեր անցեալը ճանչնալու, մեր անցեալի հետ հաշտ ըլլալու գործընթացն է։ Իտալիա կատարած այս այցը, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներ կատարած այցերը, իսկապէս շատ հսկայական հայկական խորապատկեր ունին. մենք սկսանք Վենետիկէն՝ այցելելով Մխիթարեան միաբանութիւն, որ մեր ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ անուրանալի եւ անգնահատելի վաստակ ունեցած է։ Այսօր մենք Լեւոնեան վարժարան այցելելու առիթ ունինք, Միլանի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցանք։ Այս այցերը, անկեղծ ըսած, կը մեծցնեն մեր ներուժի գնահատականը, անսահման յարգանքը մենք մեր պատմութեան, մեր ժառանգութեան նկատմամբ եւ մեր ապագայի հանդէպ հաւատքը։ Երբ մենք կ’այցելենք հեռաւոր Սինկափուր, եւ այնտեղ այցելութեան ամենակարեւոր օճախներէն մէկը հայկական եկեղեցին է, երբ կ’այցելենք Ռուսաստան, Եւրոպայի երկիրներ, Ֆրանսա, ԱՄՆ, իրականութեան մէջ այդ բոլոր այցերու արդիւնքներէն մէկը մեր ինքնութիւնը աւելի լաւ ճանչնալու պատեհութիւնն է, հնարաւորութիւնն է, եւ ասիկա իսկապէս շատ բարձր գնահատանքի արժանի է։
Ես կ’ուզեմ ըսել, որ իսկապէս մենք շատ բարձր կը գնահատենք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դերը մեր ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ։ Կը ցանկամ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ հայկական ինքնութեան այսքան մօտիկ եւ հարազատ մնալու, այդ ինքնութիւնը ոչ միայն պահպանելու, այլեւ զարգացնելու համար։ Այնպէս ստացուած է, որ Միլանի մէջ հանգամանքներու բերումով մեր ողջ հանդիպումը անցաւ Ղուկասի աւետարանի տասը մնասներու առակի համաթեքսթի ծիրէն ներս։ Ես կը կարծեմ, որ այդ առակը այսօր ալ շատ հրատապ է մեզի համար, որովհետեւ հարցը այն չէ, թէ մենք ինչ հաշիւ պիտի պահանջենք մենք մեզմէ, հարցն այն է, թե մենք ինչ հաշիւ պիտի տանք մեր սերունդներուն, որովհետեւ այն ժառանգութիւնը, որ մենք ունինք Հայաստանի հանրապետութեան մէջ, աշխարհի մէջ, պէտք է ոչ միայն ուղղակի պահպանուի, այլեւ պետք է զարգանայ։ Այդ ժառանգութիւնը պէտք է հզօրացնէ մեր ինքնութիւնը, մեր ժողովուրդը, մեր պետութիւնը, մեր դիրքերը, աւելի վստահ դարձնէ մեր ձայնը, աւելի մեծ պատասխանատուութեան դրդէ ստոյգ մեզ՝ ընդ որուն, ոչ միայն մենք մեզ՝ մեր ճակատագրի, այլեւ աշխարհի ճակատագրի, քրիոստոնէութեան, մարդկութեան առաջ մեր ունեցած պատասխանատուութիւնը։ Իսկ արդեօք մենք ընդհանրապէս ունի՞նք այդպիսի պատասխանատուութիւն եւ կրնա՞նք ունենալ այդպիսի պատասխանատուութիւն եւ խօսիլ անոր մասին։ Այս հարցումին պատասխանը մենք կրնանք ստանալ միայն մենք մեզ աւելի լաւ ճանչնալէ յետոյ։ Իսկ մենք որքան լաւ կը ճանչնանք մեզ, կը հասկնանք, որ այսպիսի ժառանգութիւն ունեցող ժողովուրդ մը չի կրնար ուղղակի անցորդ ըլլալ մարդկութեան պատմութեան ճանապարհին, չի կրնար ուղղակի դիտորդ ըլլալ մարդկութեան պատմութեան թատերաբեմին վրայ։ Այսպիսի ժողովուրդ պէտք է դերակատար ըլլայ, եւ այդ դերակատար ըլլալու առաքելութիւնը ի կատար ածելու առաջին եւ նախնական ամենակարեւոր գործողութիւնը մենք զմեզ ճանչնալն է, որովհետեւ հնարաւոր չէ որեւէ նպատակի հասնիլ առանց սեփական ուժերը գնահատելու, առանց սեփական անցեալը ճանչնալու, առանց սեփական ժառանգութիւնը գնահատելու։ Իսկ մեր ժառանգութիւնը, որ առաջին հերթին հոգեւոր է, որովհետեւ այն, ինչ այստեղ նիւթական է, որեւէ արժէք չէր ունենար եւ չի կրնար ունենալ, եթէ յենուած չըլլայ հոգեւոր ամուր եւ անսասան հիմքի վրայ։
Մեր ժառանգութիւնը առաջին հերթին հոգեւոր է, որովհետեւ կապ չունի՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւո՞յ, թէ՞ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին կը խօսինք։ Կը կարծեմ, որ շատերը չէ, որ ասոր մասին գիտեն եւ ինձ համար նոյնպէս պէտք է խոստովանիմ՝ անակնկալի որոշակի տարրեր կային, որ յենուած են նոյն արժէքներու վրայ։ Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ հաճոյքով արձանագրեցի, որ տաճարի հիմնական խորանները նուիրուած են Մեսրոպ Մաշտոցին, Սահակ Պարթեւին, Գրիգոր Լուսաւորիչին, եւ ասիկա այն հոգեւոր ամբողջութիւնն է, որ մեզ բոլորիս կը միացնէ։ Ես կ’ուզեմ հաւատալ, որ մեր պատմութեան եւ ժողովուրդի այս նոր ժամանակաշրջանը ստոյգ անոր մասին է, որ մենք զմեզ աւելի լաւ ճանչնանք, աւելի ամբողջական գնահատենք, չզլանանք դիտել մեր թերութիւնները, չվախնանք շեշտել մեր առաւելութիւնները, չվարանինք բարձրաձայնել մեր նպատակները եւ չվախնանք հաստատ քայլերով երթալ մեր նպատակներու ետեւէն։
Շատ ուրախ եմ այսօրուան առիթին համար, շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր կը գնահատեմ այն ամէնը, ինչ միացուցած է, կը միացնէ, միասնական կը դարձնէ մեզ բոլորս»։
Աւարտին Ռաֆայէլ Սրբազան Լեւոնեան հայ վարժարանի անունով ՀՀ Վարչապետին նուիրեց հայոց պատմութեան ֆրանսերէն եռահատոր գիրք մը եւ Տիրամօր գեղեցիկ պատկեր մը: