Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հալէպի Թիլէլ շրջանին մէջ գտնուող Մայր Օգնութեանց Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ։ Եկեղեցոյ մուտքը զարդարուած էր սուրիական եւ կաթողիկէ համայնքի դրօշներով եւ շնորհաւորական ծաղկեկողովներով, ինչպէս նաեւ պետական մարմիններու առաքած շնորհաւորագրերով։
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սկաուտական փողերախումբի կատարմամբ հնչեց սուրիական հայրենիքի քայլերգը, ապա վերանորոգման յուշաքարին բացումը կատարուեցաւ։
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, Հանրապետութեան Միւֆթի դոկտ. Պատրըտտին Ահմատ Հասուն, Ֆրանչիսկոս պապին ներկայացուցիչը՝ Սուրիոյ մօտ Առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարի, հայ համայնքապետներ, մահմետական կրօնապետներ, Հալէպի նահանգապետը, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, զինուորականներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։
Բացման խօսքով Բերիոյ թեմի կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան լուսարձակի տակ առաւ եկեղեցւոյ հնամեայ պատմութիւնը, պատերազմի ընթացքին կրած վնասները եւ վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքը։ Ապա համայնքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին՝ իր ներդրումին համար եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն ու անհատ բարերարներուն, որոնց նուիրական ներդրումով այս եկեղեցին վերաբացուեցաւ։ Արհի. Տէր Պետրոս շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հալէպի պետական պատասխանատու մարմիններուն, որոնք դիւրացուցին շինարարական աշխատանքները։
Հոգեւոր շարք մը երգերով հանդէս եկաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի աշակերտական երգչախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ Շատի Նաճճարի։
Թարգմանաբար արաբերէնի ընթերցուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին երախտիքի խօսքը։ Եկեղեցւոյ դպրաց դասուն կողմէ հայերէնով հնչեց Աստուածամօր նուիրուած շարականներ։
Օրը խորհրդաւոր էր ու հոգեպարար։ Եկեղեցւոյ սրբատաշ գունեղ քարերը խաղաղութիւն ու նոր կեանք կը խորհրդանշէին։
Արաբական պատկերասփիւռի թղթակիցները հմայուած կը դիտէին եկեղեցւոյ կամարները, սպասները, որոնք առաստաղէն թափանցող արեւի ճառագայթներուն փայլքով փառաւոր տեսք մը ստացած էին, քարերը կը խօսէին վերանորոգուող կեանքի մասին։
Հալէպի գլխաւոր Միւֆթի դոկտ. Մահմուտ Աքքամ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հաւատքի կարեւորութեան վրայ, վստահեցնելով որ հաւատքի ուժով վերաշինուած են բոլոր սրբավայրերը, ըլլան անոնք եկեղեցիներ կամ մզկիթներ եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ ժողովուրդին, Սուրիոյ մէջ թէ դուրսը, որ վերադառնան իրենց հայրենիքը եւ աղօթեն իրենց մայր հողին վրայ կառուցուած սրբավայրերուն մէջ, որովհետեւ ժողովուրդն է, որ կը ծառայէ եկեղեցիին եւ մզկիթին, առանց ժողովուրդին անոնք պարզապէս քարաշէն կառոյց մը կը դառնան։ Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց ժողովուրդին վերադարձը դէպի իր եկեղեցին եւ ըսաւ, որ մենք սրտով ձեզի հետ ենք, կը յուսանք, որ Սուրիոյ բոլոր համայնքներուն զաւակները վերադառնան իրենց տուները։
Հուսկ, երախտագիտութեան իր խօսքը արտասանեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթի դոկտ. Պատրըտին Ահմատ Հասուն, որ վեր առաւ զոյգ կրօնքներուն մէջ տեղ գտած միմիանց հանդէպ սէրն ու յարգանքը ու ըսաւ. «Այս պատմական եկեղեցւոյ բացումը նամակ է յղուած ամբողջ աշխարհին, որ մենք կը վերաշինենք այն ինչ որ կը քանդեն, ըլլայ ան եկեղեցի կամ մզկիթ։ Ահաբեկիչները քանդեցին, աւերեցին մեր սրբավայրերը, սակայն չկրցան քանդել Սուրիան։ Մենք կ’ապրինք եղբայրաբար, մէկ հողի վրայ։ Յաճախ կ’աղօթեմ եկեղեցիներու մէջ, որովհետեւ տարբերութիւն չեմ դներ եկեղեցւոյ եւ մզկիթի միջեւ։ Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք մէկ Աստուծոյ, ինքն է, որ սէր ու խաղաղութիւն կը պարգեւէ մեզի՝ եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջին եւ մզկիթի կանչին կ’անսանք առանց տարբերութիւն դնելու անոնց միջեւ»։
Աւարտին ան փոխանցեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահին ողջոյնը եւ իր խօսքը աւարտեց ներկաները հրաւիրելով մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ բոլոր նահատակներուն յիշատակը։
Աւարտին Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան եկեղեցւոյ քանդուած առաստաղէն առնուած փայտերով պատրաստուած յուշանուէր մը փոխանցեց Սուրիոյ նախագահին: Յուշանուէրին Սուրիան խորհրդանշող Արծիւին գծագրուած պատկերն էր: Ապա նոյնանման յուշանուէրներով պարգեւատրեց Հալէպի նահանգապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան միւֆթին, Հալէպի միւֆթին, Հալէպի պետական պատասխանատու մարմիններու եւ Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչները, որպէս շնորհակալութեան արտայայտութիւն իրենց անվերապահ աջակցութեան համար։
Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին համայնքի հրաւէրին։
Հանդիսութեան յաջորդեց ճաշի հրաւէրը, որ տեղի ունեցաւ «Սարդարապատ» սրահին մէջ։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷ՛Ք ՎԿԱՅԵԼ, ՅՈՅՍ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՍԷՐ
ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան 4.30-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ վերաբացումն ու օծումը կատարուեցաւ Հալէպի Թիլել թաղամասին մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէներու «Մայր Օգնութեանց» աթոռանիստ պատմական եկեղեցւոյ։
Բերիոյ թեմի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի գլխաւորած արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ոչ միայն Հայ Կաթողիկէ կղերական դասը եւ հաւատացեալները, այլ նաեւ Հալէպի մէջ գործող քրիստոնեայ քոյր համայնքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարին, որ իր հետ տարած էր Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։
Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Վատիկանի ներկայացուցիչը յայտնեց թէ կիրակի օրուայ արարողութիւնը եղաւ մեծ տօն մը, ոչ միայն Հայ կաթողիկէ համայնքին համար, այլեւ Սուրիոյ բոլոր քրիստոնեաներուն համար, որոնք կարիքը ունէին յոյս ներշնչող այդպիսի տօնակատարութեան, որ տեսաւ նաեւ իսլամ կրօնապետերու մասնակցութիւնը։
«Այս մէկը կարեւոր երեւոյթ մըն է որ կը յատկանշէ համակեցութեան ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած ապագայի կերտումի կարեւորութիւնը» ըսաւ Կարդինալ Զենարի որ ապա յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ ուղարկած պատգամին մէջ կը քաջալերէ քրիստոնեաները՝ շարունակելու իրենց յոյսի, հաւատքի ու սիրոյ վկայութիւնը տալ, նահատակ Սուրիոյ տարածքին, յոյս յայտնելով որ այդ մութ օրերէն ետք ապրուի վերածնունդի շրջանը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յաղթական նշանին տակ, որ մեզ կը հրաւիրէ երբեք չի վհատելու չարին դիմաց այլ ջանալու մշտապէս վերածնիլ Ւրեն մէջ։
«Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին մէջ գրուած է«Աստուծոյ այս տան վերանորոգումը. պատերազմի պատճառաւ կրած մեծ վնասներէն ետք կը վկայէ քրիստոնեայ հասարակութեան հաւատքը, խիզախութիւնն ու կառչումը»։
Կարդինալ Զենարի ապա նշեց թէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերակառուցումը նշան ու տիպար կը հանդիսանայ համայն Սուրիոյ վերակառուցման ու վերածնունդին համար, որպէսզի այդ երկիրը կարողանայ դարձեալ հանդիսանալ հին օրերու խճանկարը, ուր ՝ տարբեր կրօններու հաւատացեալները, ու տարբեր ցեղերու պատկան քաղաքացիներ ապրին համատեղ ու միասին կառուցեն յոյսի ապագան։
Քաղուած՝ «Գանձասար»էն եւ Ռատիօ Վատիկանէն