2019 Նոյեմբեր 14-ին, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ Առաջնորդ Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիոյ Ներքին գործոց նախարար Պրն. Արսէն Աւագովի հետ եւ քննարկեց Ուքրանիոյ մէջ հայ կաթողիկէ համայնքի վերակազմակերպման եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու վերադարձին հետ կապուած աշխատանքային հարցեր: Առաջնորդ Հօր կ’ուղեկցէր Ուքրանիոյ մէջ առաքելութիւն իրականացնող Հոգշն. Հ. Նարեկ Վրդ. Մնոյեան, որ կազմակերպած էր հանդիպումը:
Նախարար Աւագով ըսաւ, որ ներքին գործոց նախարարութեան աշխատանքային կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը կրօնական հենքով եւ դաւանանքի պատճառով կատարուող յանցագործութիւններու կանխումն է: Իր կարգին, Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան խօսեցաւ Ուքրանիոյ մէջ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան ծրագիրներու մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին գործոց նախարարութեան՝ հայ կաթողիկէ ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն համար: Ուքրանիոյ կառավարութիւնը ծրագիրներ կ’իրականացնէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերադարձնելու համայնավար վարչակարգին կողմէ խլուած ժառանգութիւնը, կ’ուսումնասիրէ 1940-ականներու հայ կաթողիկէ համայնքի լուծարման պետական քաղաքականութեան հետեւանքները եւ կը ջանայ վերադարձնել կամ փրկել այն, ինչ հնարաւոր է:
Դեռեւս 2017 Մայիս 23-ին Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի հետ հանդիպման ժամանակ, Պրն. Արսէն Աւագովը յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան պիտի վերադարձնէ Լվոu գտնուող հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ կամ ուղղափառ անունով յայտնի Սբ. Կազիմիրի վանքը: Վերադարձի գործընթացը կը մօտենայ իր տրամաբանական աւարտին: Արսէն Աւագով նշած էր, թէ «մենք մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք Եկեղեցւոյ նկատմամբ պատմական արդարութեան վերականգնման»: Նախքան այդ հանդիպումը՝ 2016-ին Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատան վճռած էր 2016 Հոկտեմբեր 25-ին յիշատակել Արեւմտեան Ուքրանիոյ մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լուծարման 70-ամեայ տարելիցը:
Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
ԶԱՐԵՀ ՍԻՆԱՆԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԸ ՈՒՔՐԱՆԻԱ
Մինչ տեղի կ’ունենար Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումը, ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան աշխատանքային այցով կը ժամանէր Ուքրանիա:
ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի եռօրեայ այցի ընթացքին յանձնակատարը մասնակցեցաւ Հայ Երիտասարդութեան Միութեան կազմակերպած Հայկական երիտասարդական ֆորումին, շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, եկեղեցական, երիտասարդական շրջանակներու, Ուքրանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ միջ-խորհրդարանական կապերու պատգամաւորական խումբին հետ: