ԱՅԴ ԳԻՇԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԶՐԿՈՒԵՑԱՆ ՏՕՆԱԾԱՌԷՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՅԻՇԵՆ…

ԱՅԴ ԳԻՇԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԶՐԿՈՒԵՑԱՆ ՏՕՆԱԾԱՌԷՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՅԻՇԵՆ…

ՍԱՐԳԻՍՆԱՃԱՐԵԱՆ

…………………………………

1988 Դեկտեմբերի 31-ի գիշերն էր։ Ճմլուած հոգիով, փշաքաղուած ու սահմռկած՝ երկրաշարժի գօտիէն վերադարձած էինք Էջմիածին։ Ի զուր կը փորձէի մտահան ընել այն ծերունին, որ ամէն ինչ, ընտանիք ու ինչք հողին տակ ձգած, իր տան փլատակներուն վրայ վառած խարոյկին դիմաց նստած, անզգայ արձանի մը երեւոյթը ունէր։

Մթնշաղին մեկնեցայ Երեւան։ Մթնոլորտը ճնշիչ էր Երեւանի թէ՛ փողոցներուն մէջ, թէ՛ հրապարակներուն վրայ եւ թէ՛ տուներէն ներս։ Լացող չկար, բայց լաց կար մթնոլորտին մէջ եւ արցունքը սառեցնող ցուրտ։ Անցայ այն միեւնոյն վայրերէն, ուրկից ուղիղ տարի մը առաջ, միեւնոյն օրը, միեւնոյն ժամերուն անցած էի։ Չկային Ամանորը յուշող տօնածառերն ու զարդարանքները։

Ի զուր փորձեցի արագացնել քայլերս։ Սառոյցին վրայ սահելու վախը կը դանդաղեցնէր զանոնք։

Միտքս ինկան թատերասրահները. Կամերայինը, Տրամաթիքականը, Պարոնեանը, ուր տարի մը առաջ տօնածառ կար ամէն ժամ։ Ձմեռպապիի եւ իշխանուհիի հեքիաթները կ’ուրախացնէին փոքրերը ու իրենց ընկերակցող մեծերը հաւասարապէս։ Այդ գիշեր, փակ էին բոլորը, բացի Պարոնեանէն, որ կը գործէր աղիտահար շրջաններէն եկած երեխաներուն համար միայն։ Հոս Տօնածառ կար եւ խրախճանք՝ թխուածքի մը շուրջ։ Պարոնեանի դերասանները թերեւս իրենց կեանքի ամէնէն դժուար դերը կը խաղային այդ գիշեր ուրախացնելու համար երկրաշարժէն փրկուած մանուկները։

Դերասան բարեկամներէս ո՛չ մէկը զիս հիւրասիրելու սիրտ ունենալ կը թուէր։

Հեռաձայնեցի ուրիշ արուեստագէտ բարեկամներու, իմանալու համար որ ի՞նչ կ’ընեն։ «Սարգիս ջան, լաւ արել ես որ եկել ես։ Գնացիր տեսար անշուշտ։ Շնորհակալ ենք բոլորիդ։ Շնորհակալ ենք աշխարհին։ Այս ալ կ’անցնի» ըսաւ Ռոպերթ Ամիրխանեանը, առանց հրաւիրելու տունը, առանց ըսելու «սպասիր, կը գամ, կը բերեմ», ինչպէս կ’ընէր սովորաբար։

Ժամը 10.45 անց էր։ Զգացի թէ աւելորդ է շարունակել շրջագայութիւնս։ Պէտք էր վերադառնայի Էջմիածին։ Կէս գիշերէն սկսեալ կրակմար էր եւ երբեք նպատակ չունէի «հին սթատիոմ»ին մէջ անցնելու գիշերը եւ ոչ ալ պատճառ ըլլալու որ զիս Էջմիածին տանող ինքնաշարժին վարորդը այդ ճակատագրին արժանանայ Էջմիածինէն վերադարձին։ Իմացայ թէ Օփերային շուրջ եւ անկիւնադարձերուն հրասայլերով կանգնած՝ ձիւնին տակ սառած երեւոյթով բանակայինները կը շարժին կէս գիշերին՝ «օրէնքը գործադրելու համար»։

Ժամը գիշերուան 11-ը անց էր երբ վերադարձայ Էջմիածին։ Դռնապանը՝ որուն հետ բառ մը անգամ չէի փոխանակած անցնող երեք օրերու ընթացքին, մօտեցաւ յարգանքով, ստուգեց ինքնութիւնս, ապա խնդրեց որ վայրկեան մը սպասեմ։ Ըսելիք ունէր։ Վայրկեան մը չանցած վերադարձաւ եւ հարցուց որ «Էջմիածնի Դաւիթը» կը ճանչնա՞մ։ Դրական պատասխանս նոր հարցումներու դուռ բացաւ եւ զրոյցը երկարեցաւ։ Մինչ այդ իր «Նիվա»յով վրայ հասաւ ի՛նքը՝ Դաւիթը։ Զգացի որ «դաւադրութեան» մը զոհն եմ։ Դաւիթը սրտնեղած էր որ իրեն իմացուցած չեմ Էջմիածին գտնուիլս։ Մեղքս քաւելու համար չէի կրնար մերժել իր տունը երթալու եւ Նոր Տարին միասին դիմաւորելու հրաւէրը։ Ուտող-խմող տղաներէն էր։ Մտածեցի որ այս դասակարգին համար թերեւս սուգը երկար չի տեւեր։ Բռնազբօսիկ ժպիտով մը եւ մեղաւորի զգացումով մտայ տունը։ Ծառ չկար, ոչ ալ «սեղան»։ Երկու աղջնակները եւ մանչուկը արթուն էին եւ կը խաղային Դաւիթի եղբօր զաւակներուն ու տատիկին հետ։ Ամէնէն մեծը 13 տարեկան էր։

Նստանք սեղանի մը շուրջ։ Վրան միայն պտուղ կար։ Պտղամանին քով՝ շիշ մը «Նայիրի»։ Դաւիթ թելադրեց կնկան շտապել։ Մինչ այդ, ինք լեցուց փոքր գաւաթները եւ տան մեծաւորի յատուկ շեշտով հրաւիրեց բոլորը նստելու սեղանին շուրջ։ Կինը բերաւ Էջմիածնի քէօֆթան, որմէ ելած շոքիին տաքութիւնը հաճելի էր։ Դաւիթ՝ գաւաթը ձեռքին ոտքի ելաւ՝ բաժակաճառ արտասանելու համար։ Շուարած էի՝ չկարենալով հասկնալ թէ ի՞նչ է ըրածնիս. Նոր Տարի՞ տօնել, թէ… պարզապէս ի յարգանս ինծի ընթրիք մը։

Դաւիթին խօսքերը փարատեցին մտորումներս։ Ափսոս որ յիշողութեամբ պիտի չկարենամ տառացի կերպով կրկնել այն ինչ որ «Էջմիածնի Դաւիթը», այդ լաւ տղան ըսաւ այդ գիշեր։ «Սարգիս ջան, ինձանից էնքա՜ն գոհ եմ։ Կատարեցի պարտականութիւնս։ Ըրի ինչ որ կրնայի եւ ինչքան որ կրնայի՝ օգնելու համար մեր ժողովրդին….» ըսաւ ան ու պատմեց ըրածի մասին ջանալով զսպել յուզումը։ Ինք չլացաւ, բայց լացուց շուրջինները երբ ըսաւ.- «Սարգիս ջան, խոստացիր որ պիտի գրես ըսելիքս։ Ես այսօր քեզ բերի մեր տունը որպէսզի վկան ըլլաս երեխաներուս հանդէպ իմ ակամայ գործածս յանցանքին։ Անոնք թող ներեն ինծի որ զիրենք այս տարի զրկեցի տօնածառի ուրախութենէն, եթէ չներեն անգամ թող յիշեն որ մենք գիտենք մեր ամէնէն թանկագինէն անգամ զրկել մենք մեզ՝ ապրեցնելու համար մեր ժողովուրդը։ Ես իրենցմէ ներողութիւն կը խնդրեմ, բայց թող յիշեն որ այսօրուան պարտազանցութիւնը գործեցի օրինակ դառնալու համար իրենց, որպէսզի յիշե՛ն եւ Աստուած մի արասցէ ի հարկին իրե՛նք ալ միեւնոյնը ընեն…։ Զոհողութիւն ընել սորվին»։

Երեխաները մտիկ ըրին, բայց հաւանաբար շատ բան չհասկցան ըսուածէն, որ պատգամի մը ուժ ունէր։ Հասկնալու ալ պէտք չունէին, որովհետեւ Դաւիթի շունչով ու անոր երդիքին տակ, անոնք վստահաբար պիտի մեծնային այդ պատգամին ոգիով, հարազատ ժողովուրդին ծառայելու ու նուիրուելու ոգիով։

Ափսոս որ հակառակ բոլոր խոստումներուն ու յանձնառութիւններուն, այդ ոգին բաւարար չեղաւ յաջորդող տարիներուն վերացնելու համար աղէտին հետքերը եւ վերջապէս արժանավայել միջավայր մը ու մարդավայել կեանք մը պարգեւելու համար աղէտեալներուն։