Կամաւորներու Միջազգային Օրուան առթիւ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՐԻՏԱՍԸ ԵՒ ԿԱՄԱՒՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Կամաւորներու Միջազգային Օրուան առթիւ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՐԻՏԱՍԸ ԵՒ ԿԱՄԱՒՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

ԶՈՒԱՐԹ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

……………………………….

Հինգշաբթի Դեկտեմբեր 5-ի առաւօտեան, մեծ ուրախութիւն պատճառեց ինծի «Կամաւորներու Միջազգային Օր»ուան նուիրուած Հ1-ի Առաւօտ Լուսոյ յայտագիրը, որ քաղցր յիշատակներ վերապրելու առիթ մը եղաւ, որովհետեւ CARITAS-ը (յետագային Հայկական Կարիտաս) կամաւորութեան գաղափարը Հայաստանի մէջ տարածող առաջին կազմակերպութիւններէն եղաւ, թերեւս ալ առաջինը։

Արդարեւ, Կիւմրիի մէջ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողքին, Catholic Relief Service-ի (C.R.S.) աջակցութեամբ, որուն ներկայացուցիչն էի, Հայկական Կարիտասի հիմնադրութեան առաջին տարիներն էին, սկսեալ 1993-էն։ Ամէնուրեք, պատմական երկրաշարժի աղիտալի հետեւանքներուն հետքերը տխրալի մթնոլորտ մը ստեղծած էին երբեմնի գեղակերտ ու կենսալի քաղաքին մէջ։ Ժողովուրդին ապրուստի պայմանները անտանելի էին։ Ան բարոյալքուած վիճակ մը ունէր։ «Կիւմրեցի ժողովուրդը աղէտը գրկած՝ նստած կը սպասէ» պիտի ըսէր միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան մը անդամ՝ պաշտօնակիցներէս մէկը։

Իբրեւ քրիստոնէական սկզբունքներով առաջնորդուող կազմակերպութիւն՝ CRS-ի Ժընեւի շրջանային գրասենեակը՝ ընդառաջելով դիմումիս, լիազօրած էր զիս կազմակերպելու ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՐԻՏԱՍի մը ստեղծումը Կիւմրիի մէջ, տեղւոյն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ, այս նպատակով տրամադրելով անհրաժեշտ միջոցները։ Այդ միջոցները բաւարար չէին անշուշտ, այլ զանոնք օգտագործող անձնակազմի մը կարիքը կար։ Այս ուղղութեամբ անմոռանալի է Կիւմրիի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Հայր Ներսէս Եպիսկ. Ներսէսեանի քաջալերանքը ծրագրին եւ աջակցութիւնը, որով ան տրամադրեց առժամեայ գրասենեակ մը։ Այսպէս, Գերյարգելի Նշան Քէհէեանին կողմէ գրանցուած տասնեակ մը թեկնածուներէն ընտրեցի երկու երիտասարդներ (որոնցմէ մէկը այսօր Հայկական Կարիտասի տնօրէնն է), որոնք առաւելութիւնը ունէին անգլերէն լեզուին տիրապետելու՛ սակայն ոչինչ գիտէին բարեսիրական աշխատանքի եւ նպաստամատուցման ծրագիրներու մասին, որոնք կ’ընդգրկէին նաեւ որոշ ծրագիրներու իրագործումին կամաւորներու մասնակցութիւնը։ Առանց վարձատրութեան աշխատելու գաղափարը ամըմբռնելի էր կիւմրեցիին համար։ «Ինչպէ՞ս մարդ կրնայ աշխատիլ առանց վարձատրութեան» հարցումին համոզիչ պատասխան տալու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուէի ես, ապա նաեւ Հայկական Կարիտասի առաջին երկու պաշտօնեաները որոնք նախ Պէյրութի մէջ կատարածս միամսեայ ուսումնավարժութիւններուն (Workshop), ապա Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած CRS-CARITAS սեմինարին շնորհիւ ըմբռնած էին կամաւորութեան նշանակութիւնը եւ կոչուած էին իրենց կարգին զայն փոխանցելու։ Եւ այսպէս, կամաւոր աշխատանքի գաղափարը աստիճանաբար տարածուեցաւ, մանաւանդ երիտասարդներու շրջանակներէն ներս։

Ահա թէ ինչու, այսօր ինծի համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է նկատել որ Հայկական Կարիտասի ծրագիրներու իրագործումին ու հետապնդումին՝ կազմակերպութեան անձնակազմի կողքին, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ աւելի քան 80 կամաւոր ծառայողներ եւ ամէն տարի յատուկ միջոցառումի մը ընթացքին կ’ընտրուի տարուան լաւագոյն կամաւորը։ Այսպէս, վերջերս Կիւմրիի մէջ 60 կամաւորներու մասնակցութեամբ եւ Կարիտասի պատասխանատուներուն ներկայութեան տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին Հեղինէ Ղարիպեանը ընտրուած է 2019-ի «լաւագոյն կամաւոր»ը։ Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Հայկական Կարիտասի տնօրէնը՝ Կագիկ Թարասեան հաստատած է թէ առանց կամաւորներու աշխատանքին շատ մը ծրագիրներու իրականացումը հնարաւոր չէր ըլլար։ Իսկ կազմակերպութեան հոգեւոր խորհրդատու Տ. Յովսէփ Քհնյ. Գալստեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է կամաւորութեան քրիստոնէական ընկալումին։ Արդարեւ, կամաւոր ծառայութիւնը, ինչպիսին ալ ըլլայ՝ անոր նպատակը, քրիստոնէական առաքելութեան մաս կը կազմէ։ Այս գիտակցութեամբ է որ կը գործեն Հայկական Կարիտասին շուրջ համախմբուած կամաւորները, յատկապէս Հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութեան անդամներ, որոնք ընդգրկուած են Կարիտասի կողմէ իրականացուած աւելի քան 50 ծրագիրներու մէջ։ Ասոնց միակ վարձատրութիւնը Աստուահաճոյ եւ մարդասիրական ծառայութեան պարգեւած հոգեկան գոհունակութիւնն է։